«Միլլի Մէճլիս»ին Մէջ Ցեղասպանուածներու Յետնորդներուն Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Օրինագիծ Ներկայացուեցաւ

28 ԴԵԿՖԵՄԲԵՐ 2015
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան» (CHP) խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Սէզգին Թանրըքուլուն օրինագիծ մը ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարան, ուր կը նախատեսուի Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն տրամադրել 1914 թուականէն բռնագաղթի ենթարկուողներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր պատճառներով քաղաքացիութենէ զրկուածներու յետնորդներու: Ըստ թրքական «haberaktuel.com» լրատուական կայքին՝ օրինագիծի ընդունման պարագային քաղաքացիութիւն պէտք է տրամադրուի ցեղասպանութեան ընթացքին հայրենազրկուած հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն (անոնց, որոնք դեռ ողջ են) եւ անոնց սերունդներուն (մինչեւ 4-րդ սերունդ): Օրինագիծի համաձայն՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը պիտի տրամադրուի կոտորածներու ու բռնագաղթի ժամանակ Թուրքիոյ տարածքին բնակած քաղաքացիներուն: Օրինագիծը կը տարածուի նաեւ 1955 թուականի Սեպտեմբերը 6-7-ին Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած կոտորածներէն տուժած հայերուն, յոյներուն ու հրեաներուն եւ անոնց սերունդներուն վրայ: Օրինագիծի՝ օրէնքի վերածուելու պարագային նշեալ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները կրնան Թուրքիոյ քաղաքացիութեան դիմել այն պարագային, եթէ իրենց հետ ունենան հետեւեալ փաստաթուղթերը՝ տուեալ ժամանակուայ անձնագիրը, եկեղեցական արձանագրութիւնները, փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու արձանագրութիւնները, Օսմանեան կայսրութեան փաստաթուղթերը, ընդունող երկիրներու համապատասխան մարմիններէն Թուրքիայէն արտագաղթած ըլլալու մասին փաստաթուղթերը: Նշենք, որ 2014 թուականի Փետրուարին նմանատիպ օրինագիծ ներկայացուած էր նաեւ քրտական «Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան» (BDP)-ը, որ սակայն չէր ընդունուած Թուրքիոյ օրէնսդիր մարմնի կողմէ:

http://www.arevelk.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail