Գամիշլիի Մէջ Երկու Զօրաւոր Պայթիւն Ցնցեց Ամբողջ Քաղաքը

31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Գամիշլիի մեր թղթակից Յակոբ Սրկ. Պարսումեան փոխանցեց, թէ վայրկեաններ առաջ

Երէկ, 30 Դեկտեմբերի գիշերը, Գամիշլիի քրիստոնէաբնակ թաղամասերէն մէկուն մէջ, «Մաիամի» ճաշարանին մօտ ռումբի երկու զօրաւոր պայթիւն ցնցած է ամբողջ քաղաքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը, վկայակոչելով Գամիշլիի իր թղթակիցին փոխանցած տեղեկութիւնները։

Պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։ Վիրաւորները անմիջապէս տեղափոխուած են հիւանդանոց, իսկ բանակն ու շտապ օգնութիւնը փութացած են օգնութեան։

Դէպքէն վայրկեաններ անց, սուրիական բանակի զինուորները ականազերծած են երրորդ ականուած պայուսակ մը, որ տեղաւորուած էր նոյն վայրին մէջ։ Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ։

Almasdarnews.com-ի տեղեկութիւններով՝ զոհերուն թիւը 6 է, իսկ վիրաւորներունը՝ աւելի քան 10, անոնք մեծ մասամբ քրիստոնեաներ են։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail