Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Կրակոցը Դադրեցնելու Եւ Բանակցութիւններուն Վերադառնալու
20 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
«Այլեւս Պէտք Չէ Հանդուրժենք Զինադուլի Որեւէ Խախտում».
Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ Ազրպէյճանին դարձեալ կոչ ուղղած է` դադրեցնելու կրակոցը եւ վերադառնալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով տեղի ունեցող բանակցային հոլովոյթին:
«Զինադուլի որեւէ խախտում այլեւս պէտք չէ հանդուրժենք: Անհրաժեշտ է, որ Պաքուն պարտաւորուի կառուցողական կերպով ներգրաւուիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ կատարուող բանակցային հոլովոյթին մէջ: Նոր սերունդները պէտք չէ մեծնան ատելութեան ու թշնամիի հռետորաբանութեան մթնոլորտին մէջ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քասթալտօ:
Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահը օրեր առաջ` 17 յուլիսին, թուիթըրեան մէկ այլ գրառումով մտահոգութիւն յայտնած էր Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ զինադադարի խախտումներու նկատմամբ` շեշտելով, որ ԵԱՀԿ-ի կողմէ առաջարկուող հսկողութեան մեքանիզմներու ներդրման անհրաժեշտութիւնը եւ միացած է Մինսքի խմբակի համանախագահներու հնչեցուցած կոչին` գրգռիչ քայլերէն զերծ մնալու վերաբերեալ:
aztagdaily.com/archives/478305