Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սուրիայէն Վարձկաններ Ուղարկել Ազրպէյճան` Հայաստանի Դէմ Գործողութիւններուն Մէջ Ազրպէյճանի Բանակին Աջակցելու
20 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
TURKEY IS RECRUITING SYRIAN MILITANTS TO FIGHT FOR AZERBAIJAN AGAINST ARMENIA – REPORTS
Թուրքիա կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն սուրիական ընդդիմութեան մաս կազմող Սուրիական ազատ բանակի զինեալ խմբաւորումներու անդամներ ուղարկել Ազրպէյճան` Հայաստանի դէմ զինուորական գործողութիւններուն մէջ ազրպէյճանական բանակին աջակցելու համար: ԹԱՍՍ կը փոխանցէ, որ այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ աղբիւրի տուեալներուն, այդ նպատակով սուրիական Ժենժերիս, Ռաճու եւ Աֆրին քաղաքներուն մէջ վարձկաններու հաւաքագրման կէտեր բացուած են: Զինեալներու հետ ամսական 3500 տոլարի դիմաց վեց ամիս ժամկէտով պայմանագիր պիտի կնքուի` զայն երկարաձգելու հեռանկարով:
Սուրիական տեղական աղբիւրներ «Շաամ Էֆ. Էմ.» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ սուրիական հողեր բռնագրաւած թրքական ուժեր Աֆրինի մէջ իրենց ենթակայ զինեալներուն համար արձանագրութեան կեդրոններ հաստատած են, որպէսզի վեց ամսուան պայմանագրութեամբ, ամսական 2500 տոլարի փոխարէն զիրենք Ազրպէյճան ղրկեն` կռուելու Ազրպէյճանի բանակին կողքին, Հայաստանի բանակին դէմ:
aztagdaily.com/archives/478303