Խմբագրական. Ցանցային Առաւելութիւններ Եւ Հայկական Գերակայութիւն
21 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիին մէջ արձանագրուած ռազմական գործողութիւնները, յատկանշուած ազրպէյճանական յարձակողապաշտ արկածախնդրութեամբ, շեշտեցին հրամայականը հայկական կողմին համար ցանցային նպատակաուղղուած աշխատանքներու շտապ ձեռնարկման:
Նկատելի էր թշնամի կողմէն թուրքեւազրպէյճանական համակարգումը: Դրսեւորուած` Անգարայի բարձրագոյն մակարդակներէ արագ արձագանգումներով, Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան չափով, յայտարարութիւններու առաստաղի բարձրութեամբ, Եւրոպայի մէջ հակահայ ցոյցերու միացեալ կազմակերպումներով եւ բողոքի գործողութիւններու կողք-կողքի կանգնումով:
Արդի պատերազմական գործողութիւնները ընդհանրապէս կը բնութագրուին իբրեւ հիպրիտային: Ռազմականին առընթեր տեղեկատուական, հոգեբանական, դիւանագիտական` նկատի ունենալու համար հիմնական ուղղութիւնները:
Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եթէ առաջին հերթին ապատեղեկատուութիւններու հակազդեցութիւնն է եւ զուգահեռ` առարկայական տեղեկատուութեան շրջանառութիւնը, ապա նոյնքան կարեւոր է կայքերու, պաշտօնական տեղեկատուական համակարգերու պաշտպանուածութիւնը: Այլ խօսքով` կայքահէններու յարձակումներէն պաշտօնական լրատուական կայքերը անվնաս պահելու հրամայականը: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին միջազգային լրատուամիջոցներու լրատուութիւններուն առումով հակամարտութեան էութիւնը առարկայօրէն լուսաբանելու համար իրականացաւ հսկայական աշխատանք: Համակողմանիօրէն կար համոզում, որ տեղեկատուական մակարդակի վրայ հայկական կողմը տարաւ յաղթանակ:
Անգամ մը եւս զգալի էր եւ տեսանելի` պետականութիւն-սփիւռք համակարգուած աշխատանքի նպատակաուղղուածութիւնը: Աւելի մասնակի եւ պարզ` այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններ-Դաշնակցութիւն համակարգուած աշխատանքը:
Ցանցային աշխատելաձեւը հակաճգնաժամային գործողութիւններ կ՛իրականացնէր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ երկու գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն յաճախակի խորհրդակցութիւնները կը ճշդէին այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութենէն աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ տարուող աշխատանքներուն սլաքները:
Կար անհրաժեշտութիւնը Հայ դատի քաղաքական ներուժը ի սպաս դնելու մեր երկրի դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն ճամբայ հարթելու եւ աշխարհաքաղաքական տարբեր կեդրոններէ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտելու առաջադրանքին: Կար անհրաժեշտութիւն ցուցական կերպով այս պարագային ո՛չ միայն բողոքի գործողութիւններ կազմակերպելու ազրպէյճանական դեսպանատուներու առջեւ, այլ նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն ֆիզիքապէս զօրավիգ կանգնելու ազրպէյճանցի ոչ քաղաքակիրթ ոճով բողոքող ցուցարարներէն:
Այս բոլորին զուգահեռ` հայոց բանակին օժանդակութիւններ տրամադրելու կազմակերպական աշխատանքներ, Դաշնակցութեան կազմակերպական տարբեր շրջաններու կողմէ:
Եթէ Կիպրոսի խորհրդարանը կամ պաշտօնական Աթէնքը ուղղակի դատապարտեցին ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը, ապա բազմաթիւ քոնկրեսականներ եւ ծերակուտականներ առանձին յայտարարութիւններով սկսան պահանջել Միացեալ Նահանգներու` Պաքուին տրամադրած օժանդակութիւններու կասեցումը: Մինչ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը բաղկացնող խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւնները հիմնաւորեալ գտան Հայաստանի Հանրապետութեան հակադարձումը իր սահմաններէն ներս կատարուած ոտնձգութիւններուն: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային, երբ Դաշնակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւնները Քանատայէն Հոլանտա ու Ֆրանսա կամ Աւստրալիայէն Միացեալ Նահանգներ ֆիզիքապէս կը պաշտպանէին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուները եւ կը հակազդէին ազրպէյճանական նենգափոխումներուն:
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակները կը յաջողէին համաարաբական տարողութիւն ունեցող լրատուամիջոցներէն դատապարտել տալ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը, քաջալերանքն ու հրահրումը սահմանային իրադարձութիւններուն: Իրանի մեր կազմակերպութիւնը անպայման ազդեցիկ դեր ունէր պաշտօնական Թեհրանի հաւասարակշռուած մօտեցումներու պահպանման մէջ:
Կ՛աշխատէր ցանցը: Այս պարագային ճգնաժամի պատճառով ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման եւ պետականութեան շահի գերակայման սկզբունքէն մեկնած` Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ գերատեսչութիւններ-Դաշնակցութիւն ցանցը:
Ասով ալ կը բացատրուի պետականութիւն-իշխանութիւն Դաշնակցութեան սահմանազատումը, որ աւանդական գործելաձեւէն աւելի ռազմավարական սկզբունք է, եթէ ոչ նոյնիսկ էական ծրագրային հիմնադրոյթ:
Ցանցային աշխարհակարգին մէջ հայութիւնը ունի առաւելութիւն: Ունի երկու պետութիւն եւ աշխարհատարած կառոյցներ, որոնց նպատակաուղղուած եւ համակարգուած աշխատանքը ռազմականին առընթեր տեղեկատուական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղղութիւններու վրայ հայկական կողմին կ՛ապահովէ յստակ գերակայութիւն:
aztagdaily.com/archives/478391