Մեր Ընթերոցղները Կը Գրեն. Որո՞Նք Են Մերազգին Իսկական Բարեկամները Եւ Թշնամիները

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մեր Ընթերոցղները Կը Գրեն. Որո՞Նք Են Մերազգին Իսկական Բարեկամները Եւ Թշնամիները

22 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

21-րդ դարու ներկայ ժամանակաշրջանին, երկրագունդի ջերմացման հրատապ հարցին կողքին աւելցան այլ՝ ոչ նուազ ահազանգիչ հարցեր, ինչպէս՝ պսակաձեւ ժահրը, տնտեսական փլուզումը, մարդկային նուազագոյն բարոյական արժէքներու անհետացումը՝ աւելցնելով նոր մութ ամպեր արդէն իսկ խաւարած երկինքին վրայ։

Վերոյիշեալ պատահարները փոխանակ խթան դառնալու մարդկային համագործակցութեան եւ հասկացողութեան, կարգ մը «անմարդկային» ղեկավարներու համար պատրուակ հանդիսացան, որ առիթը օգտագործեն իրենց ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը յառաջ տանելու՝ այս ընդհանուր համաշխարհային տագնապալի վիճակին մէջ։ Առաջին հերթին պէտք է յիշենք Թուրքիան, որ բանակ կամ վարձկան ղրկելով հեռաւոր Լիպիա, Իրաք ու Սուրիա եւ ոտնձգութիւններ գործելով շրջանին մէջ գործող բազմաթիւ պետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, այդ ձեւով յոյս ունէր եւ հաւանաբար անցեալին թաղուած կայսրութիւնը վերակենդանացնել։

Նոյն ծաւալապաշտ ախտէն տառապող Ազրպէյճանը ո՛չ միայն սահմանի զինադադարը խախտեց ամէնօրեայ դրութեամբ, այլ նաեւ Տաւուշի վրայ յարձակեցաւ 12 յուլիսին՝ ամէնէն վայրագ կերպով ռմբակոծելով անմեղ ժողովուրդը։

Ռուսիան նոյնպէս բեւեռ մըն է ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մշակումին առումով Խրիմէն մինչեւ Սուրիա, Իրաք եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը բացայայտ կերպով շատ ալ կրաւորական չէ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի նկատմամբ Ռուսիոյ ներկայ քաղաքականութեան, անիկա շատ հեռու եւ տարբեր չէ անցեալի ցարական կամ պոլշեւիկեան կամ ստալինեան քաղաքականութենէն, որ հիմնուած էր միայն ու միայն շահերը հետապնդելու վրայ եւ ոչ թէ երկկողմանի փոխյարաբերութեան վրայ։ Հարց մը, որ դժբախտաբար անընկալելի է շատերու համար, որովհետեւ անոնք կը կարծեն, թէ Ռուսիան մեր անվերապահ «բարեկամն է»։ Ռուսիան մեր հայրենիքին զինամթերք կը վաճառէ, այնուհետեւ մեր թշնամիին կը ծախէ շատ աւելի լաւ եւ աւելի զուղ զէնքը։ Ան բարեկամ կը ձեւացնէ ըլլալ, բայց ամէն գնով կը փորձէ մեր ներկայ կառավարութեան գործերը «դժուարացնել». բայց նկատի առնենք, թէ ան մեզ չի յանձներ ամբողջովին մեր ճակատագրին, հաւանական Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ հրահրուելիք պատերազմի պատճառով, պարզապէս որովհետեւ Հայաստանը իրեն համար Կովկասի այս շրջանի ամէնէն յառաջացած զինուորական դիրքն է եւ Իրանի հետ միակ սահմանը, որ իրեն համար խիստ կարեւոր ռազմական եւ տնտեսական արժէք կը ներկայացնէ։ Իրանը այժմ մեր միակ պորտալարն է, որ հայրենիքը կը կապէ Պանտար Ապպասի նաւահանգիստին հետ։ Կ’արժէ յիշել, թէ այժմ այս «բարեկամական» կապը սերտ է Իրանի հետ, պարզապէս որովհետեւ իրանցիք դէմ են Ազրպէյճանի հզօրացման, որ կրնայ ապագային զարկ տալ անջատման եւ անկախութեան զգացումներու՝ Իրանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ։

Վրաստանը թէպէտեւ քրիստոնեայ դրացի պետութիւն, որ «տրամաբանօրէն» պէտք էր ամէնէն մօտ դաշնակից պետութիւնը ըլլար, բայց դժբախտաբար Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ իր հակահայ ներքին քաղաքականութիւնը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ Արեւմուտքին իր յատուկ հակումը, խոչընդոտներ են մեր յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման առջեւ։

Շրջանին մէջ մտած է նոր դերակատար մը, որ Չինաստանն է։ Դժուար է հաւատալ, բայց Հայաստանի հզօրացումը եւ կայունութիւնը խիստ կարեւոր է եւ կենսական Չինաստանի համար։ Մեր հայրենիքը միակ երկիրն է շրջանին մէջ, որ արգելք կը հանդիսանայ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Չինաստան իսլամական պետութիւններու ովկիանոսի մը ստեղծման, ինչ որ անկախացում կը ներշնչէ մօտ յիսուն միլիոն ուղկուրներու, որոնք կը բնակին Չինաստանի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ։

Այս բոլոր կէտերը սերտելէ ետք նկատի պէտք է առնենք, թէ քաղաքականութեան մէջ «բարեկամութիւն» բառը հիմնուած է միայն շահի վրայ եւ վե՛րջ։ Այսօր տուեալ անձը կամ երկիրը մեր բարեկամն է, որովհետեւ իր շահերը այդպէ՛ս կը պահանջեն։ Ուրեմն ո՞վ է այսօր մեր իսկական բարեկամը եւ իսկական թշնամին։ Արդեօք Դիոգենեսի նման ցերեկով լապտերը ձեռքերնի՞ս պէտք է փնտռենք իսկական բարեկամը, ինչպէս ինքը կը փնտռէր իսկական մարդը։ Ո՛չ. շատ հեռու պէտք չունինք երթալու մեր փնտռտուքին մէջ, որովհետեւ պատասխանը մե՛ր մէջ է. մե՛նք ենք մեր ազգին իսկական բարեկամները եւ մենք կրնանք ըլլալ նաեւ մեր ազգին իսկական թշնամիները։ Յիշենք անզուգական Գարեգին Նժդեհի Զանգեզուրի կռիւները 1920-1921 թուականներուն, երբ պոլշեւիկ զինուորներ կը ղրկուէին Նժդեհին դէմ կռուելու եւ Նժդեհ, անկարող զանոնք սպաննելէ, որովհետեւ հա՛յ էին, այնուամենայնիւ զինաթափ կ’ընէր, ապա ազատ կ’արձակէր…

Նոյն ժամանաշրջանին, երբ մեր նորանկախ հայրենիքը, պէտք ունէր իր բոլոր զաւակներուն, արդէն իսկ պոլշեւիկեան որդը, ախտը, որ ապա պիտի կոչուէր համայնավարական շարժում, մտած էր բազմաթիւ հայորդիներու սրտերուն մէջ. Կոստան Զարեան շատ լաւ կը նկարագրէ այս երեւոյթը «Նաւը լերան վրայ» գիրքին մէջ, երբ հայ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները պոլշեւիկներու քայլերգը՝ «Էնթերնասիոնալ»-ը նուագելով կը մոռնային իրենց նորածին հայրենիքը, կը մոռնային իրենց արեան կանչը, կը մոռնային, թէ միայն 3 տարի առաջ՝ 1915-ին թուրքը փորձեց իրենց ազգը ոչնչացնել, եւ այդ ամէնը մոռնալով կ’ուզէին «պատկանիլ» պոլշեւիկեան շարժումին՝ դաւաճանելով իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն…

Արդեօք մեր վերանկախացած հայրենիքի կարգ մը «պատասխանատու» անձերը չէ՞ին, որոնք 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մեր սահմանապահ վեհ եւ ընտիր զինուորներու զինամթերքը նախապէս վաճառեցին, որ իրենք աւելորդ դրամ շահին, բան մը, որ պատճառ դարձաւ, որ մեր խիզախ տղաքը նահատակուին… տակաւին այս «իսկական» թշնամիներու շարքը կրնամ երկարել։

Բայց նաեւ ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ մեր անգին ազգին դիւցազնական յաղթանակները, երբ միասնականութեամբ, ձեռք-ձեռքի ուս-ուսի, մէկ սիրտ, մէկ նպատակ՝ մահ կամ ազատութիւն, հայորդիները դէմ կեցան անհամար խուժան թշնամիներու՝ փոխելով ընթացքը ամբողջ պատմութեան։ Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ, Բաշ Ապարան, Լաչին, Շուշի, Քելբաչար, Աղտամ, Ստեփանակերտ՝ յիշելու համար կարգ մը պատմական յաղթական ճակատամարտեր, ուր մեր միասնականութիւնը օրուան թագաւորն էր։

Հազարաւոր տարիներ գոյատեւած հայ ազգին համար ընդունելի չէ չգիտնալ իսկական բարեկամները եւ թշնամիները. մե՛նք ենք մեր իսկական բարեկամները եւ մե՛նք կրնանք ըլլալ մեր ազգին թշնամիները…

Եթէ կ’ուզենք չնաջնջուիլ ու չկորսուիլ պատմութեան էջերէն, եւ եթէ կ’ուզենք իրականացնել երազը մեր բոլոր նահատակներուն, որն է՝ ազատագրել մեր գրաւեալ հողերը, մեզ կը մնայ միայն ու միայն հայրենիքի եւ հայ ազգի գերագոյն շահերուն համար միասնականօրէն համագործակցիլ ձեռք ձեռքի, սիրտ-սրտի, որովհետեւ այլ ընտրանք այլեւ չմնաց։

Խաղաղություն ես ուզում, պատրաստվիր պատերազմի – Si vous voulez la paix, préparez-vous à la guerre – If you want peace, prepare for war

aztagdaily.com/archives/478514

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail