Տեսակէտ Դարադաձի Անդոհանք Եւ— Մարտակոչեր Մեդր Գասպար Տէրտէրեան

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

01 Փետրուար 2015 Պէյրութ
Անտարբեր ու ձեռնպահ լինել
Ոճիրի հանդէպ՝ միեւնոյն է
Թէ՝ մասնակից լինել նրան…։
ՎԱՀԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ըմբոստացումը՝ պարտականու-
թեանց սրբազնագոյնն է…։
ԺԱՆ-ԺԱՔ ՌՈՒՍՍՕ
ՏԵՍԱԿԷՏ-ԱԶԱՏԴարադարձի այս մեծ ստուգատեսին, Հայութեան «անելիք»ը՝ գլխաւորաբար, մեր ՆԵՐՔԻՆ ճակատին վրայ է… ոչ՝ ԱՐՏԱՔԻՆ։

Մեր ներքին ճակատի ցաւերը առանց յաղթահարելու, եւ ախտերը առանց դարմանելու՝ արտաքին ճակատի վրայ մեր կազմակերպած բոլոր ցուցադրական, դիմակահանդէսային ու ֆոլքլորային միջոցառումները՝ անցողիկ են, պղպջակային եւ ինքնախաբէական։ Եւ այդ բոլորը մեզ արգահատելի եւ խղճալի կը դարձնեն միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ։

Ժողովուրդ մը, որ չէ դարմանած իր ներքին ախտերը եւ… օտարներէն կը սպասէ արդարութիւն՝ անոնց վրայ կը թողու մուրացիկի տպաւորութիւն, եւ անոնք՝ մուրացիկի մը նետուած հացի կտորէ մը տարբեր բան չեն նետեր այդ մուրացիկին վրայ…։

Հայութիւնը ազնիւ օտարներէն աջակցութիւն եւ արդարութիւն կրնայ ակնկալել միայն այն պարագային՝ երբ արդէն կրցած է փրկուիլ իր ներքին երկու ծանրակշիռ ախտերէն, որոնք կը հիւծեն զինք… արտասահմանի մէջ՝ իր անտիրականութիւնն ու անկեդրոնացուածութիւնը, իսկ Հայաստանի մէջ՝ ապազգային օլիգարխներու միահեծան բռնատիրութիւնը…։ Այսինքն, արտասահմանի մէջ՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր մարմնի մը մէջ խմբելէն առաջ, իսկ Արեւելահայաստանի մէջ՝ ապազգային օլիգարխներու միահեծան բռնատիրութիւնը վերացնելէ առաջ, Հայութիւնը իրաւունք չունի յուսալու ազնիւ օտարներու նեցակցութիւնը։ Այս երկու մահացու ախտերը յաղթահարելէ առաջ, Հայութիւնը չի կրնար յարգանք եւ ուշադրութիւն պահանջել միջազգային հանրային կարծիքէն, եւ անկէ ակնկալել շօշափելի աջակցութիւն։

Այս ներքին երկու մահաբեր ախտերուն յաղթահարումը ներքին կարգով պիտի փաստէ թէ՝ Հայութիւնը որոշած է ապրիլ ու գոյատեւել, եւ այսպիսով հզօրացած՝ պիտի շահի յարգանքն ու վստահութիւնը ազնիւ օտարներուն, եւ նոյնիսկ՝ յարգանք պարտադրել անազնիւ, թշնամի օտարներուն։ Այսպիսով միայն Հայութիւնը դադրած պիտի ըլլայ անզօր մուրացիկ մը նկատուելէ, եւ դարձած՝ հզօր եւ ինքնավստահ պահանջատէր մը, որ տխրութիւն կ’ընէ արտասահմանի թէ Հայաստանի մէջ։ Ուրեմն այսօր, դարադարձի այս մեծ ստուգատեսին՝ Հայութեան գլխաւոր «անելիք»ն է՝
Ա) Սփիւռքի մէջ, համահայկականօրէն ստեղծումը՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէսին (ՏԱՀՔ), եւ
Բ) Հայաստանի մէջ, համահայկականօրէն վերացումը՝ ապազգային օլիգարխներու միահեծան բռնատիրութեան համակարգին։
Եւ այս երկու առաջադրանքները իրարու լրացուցիչ հրամայականներ են, որ միասնաբար պիտի նուաճեն ճշմարիտ, առողջարար եւ կենարար համահայկականութիւնը, որուն կարիքը ունին՝ մեր հաւաքական գոյամարտին երեք ջոկատները՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւն, Արեւելահայաստան եւ Արցախ։ Այս երկու առաջադրանքներու մեկնարկը գէթ՝ հարկ է որ սկիզբ առնէ դարադարձի այս մեծ ստուգատեսին, որպէսզի՝ Հայութիւնը մեծ հիասթափութիւն մը չապրի 2015-ին։ Այս է մեր ապրած անդոհանքին պատճառը եւ՝ մարտակոչերուն դրդապատճառը։

Կը ձայնակցինք թրքագէտ Արտակ Շաքարեանի սա գնահատականին.–
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով արուած քայլերը մինչեւ այսօր՝ ես դրական չէի գնահատի։ Մեծ հիասթափութիւն է սպասելու հայ հասարակութեանը, որովհետեւ մենք մեծ ջանք ենք ներդնում պատկերացնելու համար, թէ 100-ամեայ տարելիցը ինչե՜ր կը փոխի։ Դրանից զատ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումից յետոյ մեր յաջորդ քայլերը չգիտենք։ Այս իմաստով մենք շատ բան ունինք անելու, ոչ թէ մի քանի միջոցառում կազմակերպելը, կամ երկրորդ սորտի ինչ-որ մի ֆիլմ նկարահանելը…» («ՀԱՅԱՍՏԱՆ», Աթէնք, 15 Դեկտեմբեր 2014)։

Մեր անդոհանքէն բխող մարտակոչերուն յանգեցանք հետեւեալ խորհրդածութիւններուն լոյսին տակ։
Ա. ՏԱՀՔ-ի ստեղծումին հրամայականը
Շահան Շահնուր յետ եղեռնեան մեր «ՆԱՀԱՆՋԸ ԱՌԱՆՑ ԵՐԳԻ»ն բացայայտեց եւ մեզ զօրակոչեց հետեւեալ բառերով.–
«Ազգ, Կռուէ՛ ամբողջութեամբը միսերուդ։
Եթէ միսերդ ինկան պատառ-պատառ, կռուէ դնդերներովդ, ջիղերովդ, երակներովդ։
Եթէ պայքարը զանոնք լափեց՝ կռուէ ոսկորներովդ։
Եթէ ոսկորներդ փշրուեցան, կռուէ ծուծովդ։
Եթէ ծուծ չմնաց, կռուէ աճիւններովդ։

Եթէ ասոնք ալ տարտղնուեցան, կորսուեցան, չքացան, այն ատեն կռուէ՛ ազգ, Հերոսովդ»։
Հայութիւնը այսօր կարիքը ունի ազգային հերոսներու, Ազգային Հերոս Անդրանիկի հաւատարիմ յաջորդներու՝ մեր ներկայի համակողմանի գոյամարտին մէջ, որ սահմանափակուած չէ ռազմական ոլորտին մէջ, այլ կ’ընդգրկէ միւս բոլոր ոլորտներն ալ հաւասարապէս…։

Անկախ պետականութեան կառուցումի ոլորտը կը պահանջէ՝ պետական մտածելակերպով օժտուած հերոսներ, որոնք քաջ գիտեն թէ՝ անկախ ու գերիշխան պետութիւն կառուցելու նախապայմանը անկախ ու գերիշխան, այսինքն ազգային անկախ տնտեսութիւն ունենալն է։ Իսկ քաղաքական ուժ ներկայացնելու համար, աշխարհացրիւ եւ օտարահպատակ Սփիւռքի Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները հարկաւոր է համախմբել համահայկական ոգիով՝ միակ կեդրոնական կառոյցի մը մէջ, անոնց տալու համար միաւորուած քաղաքական հաւաքականութեան հանգամանք եւ միջազգային կարգավիճակ։ Որովհետեւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան քաղաքական լիազօր կեդրոնի բացակայութեան, կը տիրէ աւատապետական տրոհուածութիւն եւ՝ անկարելի դարձնելով հայկական քաղաքական կեդրոնական հանրային կարծիքի ստեղծումը, եւ այս «համահայկական քաղաքական պարապ»էն կ’օգտուին ազգին թշնամիները եւ զայդ կը լեցնեն իրենց քարոզչութեամբ եւ գաղափարականով… որ ոչ միայն ապազգային է, այլեւ՝ հակազգային։

Հանճարեղ Եղիշէ Չարենց մեր համահայկական քաղաքական ու կազմակերպչական ուժին մէջ կը տեսնէր մեր փրկութիւնը եւ յեղափոխական ռոմանտիզմով կը յուսար՝
Վերադառնան պիտի դեռ
Հազար սրտեր ՏԱՐԱԳԻՐ
Ցրուած հողմով հրաբիրտ
Սրտեր քանի՜ դեռ քանի՜
ՀՈՂՆ են իրենց անրջում…

Բայց մենք այսօր Տարագիր Արեւմտահայութիւնս, տակաւին կը յիշե՞նք մեր հողերը… կ’անրջե՞նք հասնիլ մեր հողերուն… Արարատի փէշերուն…, երբ մեծ բացական համահայկականութիւնն է եւ ազգային ամէն կառոյց տրոհուած է եւ՝ կուսակցականացած՝ եկեղեցին, մամուլը, դպրոցները, մշակութային ու մարզական միութիւնները մինչեւ անգամ բարեգործական կազմակերպութիւնները, որոնց մեծագոյնը այսօր կը գտնուի ամերիկեւսիոնական հակակշիռին տակ, այսինքն՝ մեր թշնամիներու հակակշիռին տակ, որուն շօշափելի փաստն է՝ Մելգոնեան Հայ Լոյսի Տաճարին փակումը…, եւ կամ՝ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեայ տարելիցին համար, սիոնամասոնական «անմոռուկ»ին ընտրութիւնը որպէս խորհրդանիշ… որուն հայկականը՝ Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի անփոխարինելի Յուշակոթողն է։

Հողին կառչելու շեփոր մը հնչեցուց նաեւ տեսլապաշտ յեղափոխական Վազգէն Շուշանեան, գոչելով՝ «Կ’անցնին բոլոր փոթորիկներն ու բոլոր ահագնադղորդ պատերազմները, կ’անցնին բոլոր հորդաներն ու բարբարոսները, կ’անցնին բոլոր հերետիկոսներն ու բոլոր պզտիկ պարոնները՝ իրենց սուտ իմաստութեամբ։ Հայոց ազգ՝ քայլերդ դուրս մի նետեր այս հողերէն։ Եթէ նոյնիսկ ստիպուած ըլլաս՝ անգամ մը եւս ողնայարդ ծռել, ողջ հասակովդ ինկիր մեր կարմիր հողերուն վրայ, որուն վրայ սողա՜լը աւելի լաւ է քան թէ՝ գլուխ ցցելը ուրիշի սահմաններուն վրայ, քանզի ճակատագիրդ հոս է, եւ սրբութիւնդ՝ հոս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր ցորենները կրնան բարձրանալ գեղուղէշ՝ բոլոր ակօսներէն…։ Մենք, երիտասարդներս, կ’ուզենք հաւատալ հաւատարմութեամբ թէ՝ այս ժողովուրդը չէ մեռած ու պիտի որոշէ ապրիլ…։ Թողուլ՝ որ արտասահմանի հայութիւնը վերածուի անբաղձալի մուրիկներու, անպատիւ շահադէտներու եւ անազգ փերեզակներու բազմութեան մը, յանցանք մըն է քաղաքակրթութեան դէմ եւ կը նշանակէ՝ պատրաստել դամբարանը վաղնջական ժողովուրդի մը…»։

Արեւմտահայաստանի մեր հողային պահանջատիրութիւնն է՝ ուրեմն, որ շօշափելի նպատակ մը պիտի տայ մեր ազգապահպանումի քարոզին, եւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհասփիւռ եւ օտարահպատակ բեկորները պիտի փրկէ՝ անազգ փերեզակներու բազմութեան մը վերածուելու ստոյգ վտանգէն, երբ անոնք հետեւին «ուր հաց՝ հոն կաց» նշանաբանին։ Եւ մեր հողային պահանջատիրութիւնը գործնականացնելու համար՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը մեզմէ կը պահանջէ, որ մեր բեկորները վերակազմակերպենք՝ որպէս միաւորուած հայրենազուրկ Արեւմտահայութիւն, զայն օժտելով՝ միջազգային հաւաքականութեան կարգավիճակով… այսինքն՝ ստեղծելով ՏԱՀՔ-ը…։

Եւ՝ Վահան Թէքէեան, «Սփիւռք» վերնագրով իր քերթուածին մէջ, երբ հարց կու տայ թէ՝ ինչ մաղթանք կրնայ ընել անոնց, տարագիրներուն, որ «անոնք ունենան կեա՞նք մը անվի՜շտ ու հանգչի՞ն այլեւս…», թէ ոչ՝ «վրիժակէզ այրին, ու ետ նային միշտ» չմոռնալով իրենց հայրենազրկումը, Արեւմտահայաստանի հայաթափումը եւ բռնազաւթումը…։ Ան բախտաւոր եղաւ, որ չտեսաւ Արեւելահայաստանի ալ հայաթափումը, Արեւելահայութեան ալ հայրենազրկումը, այս անգամ ալ՝ ոչ թէ թուրքին պարտադրած Տարագրութեամբ այլ… հայանուն օլիգարխներու համակարգին անարդարութեամբ։

Թէքէեան կը մաղթէր, որ տարագրեալները «վրիժակէզ այրին, ու ետ նային միշտ» չմոռնալու համար իրենց տարագրեալի, հայրենազրկեալի վիճակը, եւ փորձելու՝ հայրենադարձութիւնը, հողային պահանջատիրութեան պայքարով… ՏԱՀՔ-ի ստեղծումով։
Թէքէեան կ’ըսէր՝ «Ես պատրաստ եմ ամէն ժամ սլանալու արդար դատին ընդառաջ՝ ըմբոստութեամբ սրբազան, ու շանթաբորբ կենալու անիրաւին գլխուն վրայ, արհամարհելով նկրտումները յետին, հանգիստն ու բարութիւնն ալ տկար…»։ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը պիտի կարողանա՞յ հետեւիլ անոր…։ Այս է ցաւատանջ հարցումը մեր անդոհանքին։

Շարունակելի
Համակարգի Վերացման Հրամայականը

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (53) Դեկտեմբեր 2015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail