Այս Գիշեր Հրկիզուած է Գերմանիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանութեան Ծառայողական Ինքնաշարժը
23 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Գերմանիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, որով կը յայտնէ Յուլիս 23-ին, ժամը 00.12-ին Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ծառայողական ինքնաշարժի հրկիզման մասին:
«Գերմանիոյ դաշնային արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը,Պեռլինի երկրամասային ոստիկանութիւնը եւ ոստիկանութեան համապատասխան մարմինները պաշտօնապէս տեղեակ պահուած են:
Այժմ գերմանացի ոստիկաններն ու փորձագէտները կը կատարեն ծառայողական քննութիւն` դիտարկելով միտումնաւոր հրկիզման վարկածը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
yerakouyn.com/2020/07/23/այս-գիշեր-հրկիզուած-է-գերմանիոյ-մէջ-հհ/