Հայոց Բանակը Վերահաստատեց Տարածաշրջանի Ամենամարտունակ Բանակի Համարումը. Նիկոլ Փաշինեան

Հայոց Բանակը Վերահաստատեց Տարածաշրջանի Ամենամարտունակ Բանակի Համարումը. Նիկոլ Փաշինեան

23 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – Կարդալ նաեւ Արեւելահայերէն:

Հայաստանի զինուած ուժերը, Հայոց բանակը ոչ միայն ցուցաբերեցին բարձրակարգ մարտունակութիւն, այլեւ տարածաշրջանի ամենամարտունակ եւ ամենազարգացած բանակի համարումը վերահաստատեցին: Այդ մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ինչպէս գիտէք, Յուլիս 12-ին Ազրպէյճանը յարձակում ձեռնարկեց Տաւուշի մարզի մեր սահմանապահ դիրքերու ուղղութեամբ: Հայաստանի զինուած ուժերը ոչ միայն ետ մղեցին հակառակորդին յարձակումները, այլեւ նրան պատճառեցին էական վնասներ:

Ազրպէյճանական կողմը կրած է բազմաթիւ կորուստներ, ինչպէս` սպառազինութեան եւ ռազմական զէնքերու, ներառեալ գերժամանակակից սարքերու, ինչ որ հայկական ռազմական ուժի, մտքի եւ ռազմարդիւնաբերական համալիրի ակնյայտ յաղթանակն է:

Շատ աւելի ուժեղ էր հակառակորդին հասցուած բարոյահոգեբանական հարուածը, եւ սահմանին տեղի ունեցած դէպքերու արդիւնքով Ազրպէյճանի մէջ ներքաղաքական անկայուն վիճակ ստեղծուած է, որ այդ երկրի ղեկավարութեան կը ստիպէ դիմելու նորանոր սադրանքներու ներքին դժգոհութեան ուժը Հայաստանի ու Արցախի դէմ ուղղորդելու համար»,- ըսած է վարչապետը:

Այս ամէնուն հետ կապուած ան կատարած է քանի մը կարեւոր հետեւութիւններ:

«Նախ` Ազրպէյճանը յարձակեցաւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ, եւ եւս մէկ անգամ պէտք է ընդգծեմ, որ այն դիրքերը, որոնք դարձած են վերջին երկու շաբաթուան իրադարձութիւններու կիզակէտ, կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ եւ Հայաստանին ուղղուած Ազրպէյճանի մեղադրանքները` իր դէմ յարձակման վերաբերեալ, պարզապէս անհեթեթ են:

Ատրպէյճանը յարձակում գործեց այն ժամանակ, երբ Հայաստանը ներգրաւուած էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման խաղաղ գործընթացին մէջ եւ այն պայմաններուն մէջ, երբ Ազևպէյճանը կը հրաժարէր բանակցելէ հակամարտութեան հիմնական կողմին` Արցախի հետ:

Ազրպէյճանի բոլոր յարձակումները վճռականօրէն ետ մղուեցան, եւ հայկական կողմը առաւել քան ամրացուց իր դիրքերը սահմանագիծին վրայ: Ազրպէյճանական այն գժտութիւնը (miff), թէ իր բանակը կրնայ յաղթել հայկական բանակին, եւ, հետեւաբար, Հայաստանը եւ Արցախը զիջումներու պիտի երթան, յօդս ցնդեցաւ:

Մենք երկար ժամանակ Ազրպէյճանին կը յորդորէինք չփորձել մեզի հետ խօսիլ ուժի դիրքերէն, ուժի լեզուով եւ ուժի սպառնալիքներով: Եւ հիմա կրնանք ըսել` Հայաստանը ոչ միայն մերժեց ուժի սպառնալիքը դիւանագիտական սեղանի շուրջ, այլեւ մարտի դաշտին մէջ ցոյց տուաւ, որ անոնք անհիմն են եւ չեն արտացոլեր ուժերու իրական յարաբերակցութիւնը: Երբ կ՛ըսեմ ուժերու յարաբերակցութիւն` նկատի չունիմ միայն սպառազինութիւններու եւ Զինուած ուժերու քանակը, այլ նախ եւ առաջ անոնց գործողութիւններու որակը, կառավարման մակարդակը»,- ըսաւ ան:

Անոր խօսքով` հիմա կրնանք վստահ ըսել, որ Հայաստանի զինուած ուժերը, Հայոց բանակը ոչ միայն ցուցաբերեցին բարձրակարգ մարտունակութիւն, այլեւ տարածաշրջանի ամենամարտունակ եւ ամենազարգացած բանակի համարումը վերահաստատեցին:

«Եւ ասիկա պարզապէս յայտարարութիւն չէ, այլ Յուլիս 12-էն ետք տեղի ունեցածին մանրամասն վերլուծութենէն բխող հետեւութիւն: Մեր բանակը ինչպէս եղած, այնպէս ալ կը շարունակէ մնալ համազգային հպարտութեան աղբիւր եւ Տաւուշի մէջ եւս մէկ անգամ վերահաստատեց իր այս կարգավիճակը:

Կարեւոր կը համարեմ նաեւ այն, որ Հայաստանի հասարակութիւնը ցոյց տուաւ միահամուռ աջակցութիւն եւ վստահութիւն իր օրինական կառավարութեան եւ Զինուած ուժերուն: Կ’ուզէի առանձնայատուկ ընդգծել Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն միասնութիւնը, Հայաստանին իրենց օգնելու նուիրումը, խոհեմութիւնը եւ սթափութիւնը: Սփիւռքի մեր հայրենակիցներն այս օրերուն եւս մէկ անգամ ի ցոյց տուին, որ մենք մէկ ամբողջութիւն ենք, մէկ ընտանիք, մէկ ոգի եւ մէկ ինքնութիւն»,- ընդգծեց վարչապետը:

yerakouyn.com/2020/07/23/33433/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail