Գոլոմպիայի Համալսարանի Հետազօտողները Կը Հաստատեն Թուրքիոյ Կապը ԻՊ-ի Ահաբեկիչներու Հետ

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
HAROUT SASOUNIAN63ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հետազօտողներէն կազմուած Գոլոմպիայի համալսարանի խումբը անցեալ շաբաթ հաստատեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Իսլամական պետութեան» (ԻՊ) տրամադրած է` ռազմական գործակցութիւն, զէնք, կազմակերպչական աջակցութիւն, նիւթական օգնութիւն եւ բժշկական ծառայութիւններ: Այս մանրակրկիտ հետաքննութիւնը գլխաւորած է Գոլոմպիա համալսարանի Մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան հիմնարկի Խաղաղութեան ամրապնդման եւ իրաւունքներու ծրագրի տնօրէն Տէյվիտ Ֆիլիփսը: Ան աշխատած էր իբրեւ աւագ խորհրդական եւ արտաքին գործերու գծով փորձագէտ ԱՄՆ պետական բաժանմունքի համար:

Ահա հատուածներ այդ ծաւալուն հետազօտութենէն, որոնք կը փաստեն Թուրքիոյ եւ ԻՊ-ի միջեւ եղած ուղղակի կապերը.
1) Թուրքիան ԻՊ-ին մատակարարած է զինամթերք
• 2014 թ. Օգոստոս 12-ին ԻՊ-ի հրամանատարներէն մէկը ըսաւ «Ուաշինկթըն փոսթ» թերթին. «Զինեալներու մեծ մասը, որ մեզ միացած էր պատերազմի սկիզբը, եկած էր Թուրքիոյ տարածքով, այդ նոյն ճանապարհով կ՝ուգային նաեւ սարքերն ու զինամթերքը»:

• Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (CHP) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն 2014 թ. Հոկտեմբեր 14-ին Ատանայի դատախազութենէն յայտնաբերեց փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտէին, որ Թուրքիան զէնք մատակարարած է ահաբեկչական խումբերուն: Ան նաեւ ներկայացուց հարցազրոյցներու արձանագրութիւնները բեռնատարներու վարորդներու հետ, որոնք զէնք հասցուցած էին ահաբեկիչներուն:

• Ըստ CHP-ի փոխնախագահ Պիւլենթ Թեզճանի` 2014 թ. Յունուար 19-ին թուրք գործակալները հրթիռներով, զէնք ու զինամթերքով բեռնուած երեք բեռնատար հասցուցած էին ԻՊ-ին Սուրիոյ մէջ:

• «Ճումհիւրիյէթ» թերթը մէջբերած է Ֆուաթ Աւնին, յայտարարելով, որ Գերմանիան եւ Միացեալ Նահանգները ձայնագրութիւններ ունէին, որոնք կը հաստատէին, որ Թուրքիան նիւթական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ալ Քաիտայի հետ կապուած ահաբեկչական խումբերուն 2014 թ. Հոկտեմբեր 12-ին:

• 2014 թ. Սեպտեմբեր 27-ին հրապարակուած փաստաթուղթերէն պարզուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Պանտար պն Սուլթանը նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է ԻՊ-ի համար զէնքի տեղափոխման Թուրքիոյ տարածքով:

2) Թուրքիան նիւթական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւն ցուցաբերած է ԻՊ-ի զինեալներուն
• Ըստ «Ռատիգալ» թերթի 2014 թ. Յունիս 13-ի յօդուածին` Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամար Կիւլեր հրապարակած է հետեւեալ հրահանգը. «Հաթայը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայր է մուճահետներու համար, որոնք հատելով մեր սահմանը կ՝անցնին Սուրիա: Կ’աւելացուի նիւթական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւնը իսլամական խմբաւորումներուն, իսկ անոնց մարզումը, հիւանդանոցային խնամքը ու անվտանգ անցումը յատկապէս տեղի կ’ունենայ Հաթայի մէջ»:

• «Տէյլի մէյլ»-ը 2014 թ. Օգոստոս 25-ին հաղորդած է, որ բազմաթիւ օտարերկրեայ զինեալներ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ միացած էին ԻՊ-ին անցնելով Թուրքիոյ տարածքով:

• Բրիտանական «Սքայ նիւզ»-ը ձեռք բերաւ փաստաթուղթեր, ըստ որոնց Թուրքիոյ կառավարութիւնը կնքած է օտարերկրեայ զինեալներու անձնագրերը, որոնք կը փափաքէին թրքական սահմանով անցնիլ Սուրիա` միանալու ԻՊ-ին:

• 2014 թ. Հոկտեմբեր 9-ին Եգիպտոսի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը նշած է, որ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը ԻՊ-ին փոխանցած արբանեակային պատկերներ եւ այլ տուեալներ:

3) Թուրքիան կը մարզէ ԻՊ-ի զինեալները

• 2014 թ. Յուլիս 29-ին CNN Turk-ը հաղորդեց, որ Սթամպուլի սրտին մէջ գտնուող Տուզչէ եւ Ատապազարի բնակավայրերը դարձած են հաւաքատեղի ահաբեկիչներու համար:

• Թուրքերուն, որոնք միացած էին ԻՊ-ի մասնաճիւղին, ցուցադրեցին 2014 թ. Յուլիս 28-ին Սթամպուլի մէջ կայացած հանրահաւաքին:

• Տեսահոլովակներէն մէկուն մէջ ցուցադրած էին ԻՊ-ի մասնաճիւղի իրականացուցած աղօթք- հաւաքը Սթամպուլի Օմեռլի թաղամասին մէջ:

• Ըստ Յորդանանի հետախուզութեան` Թուրքիան կը մարզէ ԻՊ-ի զինեալները յատուկ գործողութիւններու համար:

4) Թուրքիան բժշկական օգնութիւն կը ցուցաբերէ ԻՊ-ի զինեալներուն

• 2014 թ. Օգոստոս 12-ին ԻՊ-ի հրամանատարներէն մէկը յայտնեց «Ուաշինկթըն փոսթ»-ին. «Սովորաբար որոշ զինեալներ, նոյնիսկ «իսլամական պետութեան» ամենաբարձրաստիճան անդամները, բուժում կը ստանան Թուրքիոյ հիւանդանոցներուն մէջ»:

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (53) Դեկտեմբեր 2015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail