ՀՀ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Դէմ Գործողութիւնները Կ՛ուղղորդուին Ազրպէյճանի Պետական Կառոյցներուն Կողմէ․ ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն

ՀՀ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Դէմ Գործողութիւնները Կ՛ուղղորդուին Ազրպէյճանի Պետական Կառոյցներուն Կողմէ․ ԱԳՆ

24 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերուն կոչ կ՛ընէ զգօնութիւն ցուցաբերել, սադրանքներու չտրուիլ:

ԱԳՆ խօսնակին տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Վերջին շրջանին կ՛արձանագրուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ՀՀ քաղաքացիներու, հայ համայնքներու անդամներու հանդէպ բռնութեան դէպքեր եւ փորձեր: Եղած են նաեւ արտերկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ծառայութեան եւ հայ համայնքներու բնականոն աշխատանքի խոչընդոտման, անոնց պատկանող անձնական եւ ծառայողական գոյքի դիտաւորեալ ոչնչացման դէպքեր, որոնք առանձին պարագայով սպառնացած են նաեւ դիւանագիտական անձնակազմի անվտանգութեան: Ռասիստական բնոյթի քայլեր կը ձեռնարկուին խոչընդոտելու Հայաստանի առեւտրատնտեսական կապերը տարբեր երկիրներու հետ:

Այս գործողութիւններու ընդլայնուող աշխարհագրութիւնը եւ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դէմ իրականացուող գործողութիւններու մէջ Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու ներգրաւման փաստերը կը վկայեն, որ վերոնշեալ գործողութիւնները կ՛ուղղորդուին Ազրպէյճանի պետական կառոյցներուն կողմէ:

Մենք խստօրէն կը դատապարտենք տարբեր երկիրներու մէջ ազգամիջեան բախումներ հրահրելու գործելակերպը, որ Պաքուի անպատասխանատւութեան հերթական դրսեւորումն է եւ ամբողջովին կը տեղաւորուի Ազրպէյճանի ղեկավարութեան` երկու ժողովուրդներոու միջեւ առանց աշխարհագրական սահմանափակման թշնամութեան հրահրման հռետորաբանութեան եւ քաղաքականութեան մէջ:

Կոչ կ՛ընենք մեր հայրենակիցներուն ցուցաբերելու զգօնութիւն, չտրուելու որեւէ սադրանքի, նման իրավիճակներու մէջ անմիջապէս կապ հաստատել տեղի իրաւապահ մարմիններուն, հայ համայնքային կառոյցներուն եւ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն

yerakouyn.com/2020/07/24/հհ-դիւանագիտական-ներկայացուցչութիւն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail