Խմբագրական. Լիզպոնը Եւ Անգարայի Բարձրագոյն Նիստերը
25 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուող գործողութիւններու բարձրակէտը հանդիսացող Լիզպոնի հերթական ոգեկոչումը այս տարի իր վրայ կը հրաւիրէ քաղաքական կարեւոր դիտարկումներ:
Անցեալ ամիս Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Խորհրդատուական բարձրագոյն մարմինի նիստ` յատկացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը չէզոքացնելու միտուած օրակարգին: Երէկ Անգարայի պաշտօնական լրահոսը կը հաղորդէր, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Ազրպէյճան-Հայաստան պետական սահմանագօտիին մէջ արձանագրուող դէպքերը:
Հայկական գործօնը օրակարգի թեմա է Թուրքիոյ համար` բարձրագոյն մակարդակներու վրայ: Այս չի նշանակեր, որ եթէ պաշտօնապէս չէ յայտարարուած, մինչ այդ անիկա մաս չէ կազմած նման գերատեսչութիւններու կամ կառոյցներու օրակարգերուն: Հիմա շեշտակի ձեւով, յայտարարողական բնոյթ տալը կ՛ենթադրէ համազարկի նախաբան:
Իրավիճակ փոխուած է թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ սփիւռքի ուղղութեամբ: Պետական սահմանագօտիին մէջ ազրպէյճանական նախայարձակողականութիւնը նոր չէ: Հիմա շատ արագ է, աննախադէպ տարողունակ է սպառնալիքներու առաստաղի բարձրութիւնը` Անգարայէն: Թուրքիան կազմ ու պատրաստ է զինուորապէս աջակցելու Պաքուին` ոչ միայն տարածքներու պաշտպանութեան, այլ նաեւ «ազատագրման»:
Եթէ Անգարան Միջին Արեւելքի հայահող երկիրներուն մէջ թրքամէտ կազմակերպութիւններ կը հիմնէ, հակահայ ցոյցեր կը հեռակառավարէ, ապա Եւրոպայի մէջ ապրիլ քսանչորսեան պահանջատիրական ցոյցերուն դիմաց հակացոյցեր կը կազմակերպէ, կամ կը մղէ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող ազրպէյճանական համայնքները` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն առջեւ բողոքի գործողութիւններ կազմակերպելու:
Համախառն պատերազմի համազարկի նախօրեակին ենք. Անգարան որոշած է ոչ միայն հակազդել հայկական քայլերուն, այլ նաեւ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալ: Բնականաբար կան աշխարհաքաղաքական առնչութիւններ: Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դէմ պատերազմելու սահմանի հատումը Անգարայի կողմէ կ՛արձագանգուի Ներկայացուցիչներու տան թէ Ծերակոյտի ժողովասրահներուն մէջ եւ տեսք կը ստանայ ճանաչման բանաձեւերով: Խաղաթուղթի օգտագործումը կ՛անհանգստացնէ Թուրքիան: Այն Թուրքիան, որուն ղեկավարը նոր օսմանականութեան վերականգնման իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը նախատեսէ հայկական գործօնի աշխարհաքաղաքականացումը: Ռուսական ռազմական յենարանները կը խոչընդոտեն Հայաստանի մէջ դէպի Կովկաս ազդեցութեան գօտիներու ձեւաւորման աշխատանքները: Մինչ ամերիկեան քաղաքական պաշարներուն մէջ տակաւին կան Թուրքիայէն հատուցման, ընդ որում` տարածքային, պահանջներ: Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն մէկուն իրաւարարութիւնը չէ բացառուած, որ այժմէական նշանակութիւն ստանայ:
Ազգովին, ինչո՛ւ չէ նաեւ միջազգայնովին, կը գտնուինք Սեւրի պայմանագրի 100-ամեակի ճիշդ նախօրեակին: Սեւրը ընդհանրապէս Թուրքիոյ վրայ ճնշամիջոցներու իրաւական միջազգային համաձայնութիւն է: Տարածքային խնդիրներով եւ նոր սահմանագծումներով:
Լիզպոնի հերոսները, ըստ էութեան, միջազգային համաձայնութիւն ստացած այդ սահմաններու վերականգնման նպատակին զոհեցին իրենց կեանքը: Տեսաուղերձները` նկարահանուած 1983-ին, սկսած են ձեւ եւ մարմին ստանալ: Թուրքիան անհանգիստ է հայոց բանակի մարտունակութեամբ, անհանգիստ է Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւի նուաճած նոր հանգրուաններով: Անհանգիստ է մանաւանդ` հայկական պահանջներու միջազգայնացման հեռանկարները տեսնելով:
Այս անհանգստութիւններէն մեկնած է, որ իրար ետեւէ կը գումարէ, նախագահին գլխաւորութեամբ, Բարձրագոյն խորհրդատուական մարմնի թէ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստեր` յատկացուած հայկական օրակարգերու:
Այս բոլորը քաղաքական արձագանգներն են 1983-ին Լիզպոնի մէջ լսուած ուժանակներու պայթումներուն:
aztagdaily.com/archives/478817