Զինուորական Միջամտութեան Վտանգներէն Զգուշացնելով Եգիպտոսը` «Լիպիոյ Մէջ Զինադադարը Կախեալ Է Հաֆթարի Ուժերուն Սերթէն Ու Ժուֆրայէն Հեռանալէն» Կ՛ըսէ Թուրքիա

Զինուորական Միջամտութեան Վտանգներէն Զգուշացնելով Եգիպտոսը` «Լիպիոյ Մէջ Զինադադարը Կախեալ Է Հաֆթարի Ուժերուն Սերթէն Ու Ժուֆրայէն Հեռանալէն» Կ՛ըսէ Թուրքիա

25 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, որ «մնայուն զինադադարի հասնելու համար» անհրաժեշտ է, որ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակը հեռանայ Սերթէն ու Ժուֆրայէն:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը նաեւ Եգիպտոսը զգուշացուց Լիպիոյ մէջ որեւէ զինուորական միջամտութեան վտանգներէն:

Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի 20 յունիսին յայտարարած էր, որ Սերթ-Ժուֆրա գիծի շրջանցումը իր երկրին համար կարմիր գիծ է` աւելցնելով. «Եգիպտական ուժերը Լիպիա մուտք պիտի գործեն, եթէ լիպիացիները ատիկա խնդրեն»:

«Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք Լիպիոյ մէջ վստահելի եւ յարատեւ զինադադարի հաստատման համար աշխատելու: Ատիկա պիտի ըլլայ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ եւ Պերլինի վեհաժողովի սկզբունքներուն հիմամբ, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին տասը երկիրներու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ երեք միջազգային մարմիններ ներկայ էին», նշեց Թուրքիոյ նախագահութիւնը:

«Մնայուն զինադադարի համար պէտք է Հաֆթարի ուժերը հեռացնել Ժուֆրայէն ու Սերթէն», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահութիւնը:

Լիպիոյ ազգային բանակը 15 յուլիսին զգուշացուց Սերթի եւ Ժուֆրայի շրջանին մէջ մօտալուտ ճակատամարտէ մը, իսկ Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան ուժերը խօսեցան Լիպիոյ հիւսիս արեւելքը գտնուող Թուպրոք քաղաք Եգիպտոսէն զինուորական մատակարարումներ հասնելու մասին:

aztagdaily.com/archives/478718

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail