Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Լիզպոնէն Առաջ, Լիզպոնէն Ասդին… – Լիզպոնէն Առաջ, Լիզպոնէն Ասդին… – Լիզպոնէն Առաջ, Լիզպոնէն Ասդին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Լիզպոնէն Առաջ, Լիզպոնէն Ասդին… – Լիզպոնէն Առաջ, Լիզպոնէն Ասդին… – Լիզպոնէն Առաջ, Լիզպոնէն Ասդին…

25 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մօտաւորապէս 150 տարի առաջ հայ արդարատենչ երիտասարդը, երկար սպասումէ ետք, զէնքի դիմեց` տարրական իրաւունք, ընտանիք եւ ստացուածք պաշտպանելու համար, որովհետեւ տեսաւ, որ իրմէ զատ ո՛չ ոք գործնապէս պատիժի պիտի ենթարկէ հարստահարող, ոճրագործ թշնամին:

Հայ յեղափոխական շարժումին բիւրեղացումէն տասնամեակներ առաջ բացուած ուղին, առաջին իսկ մղոններէն սկսեալ չանտեսեց ջարդարարն ու աւազակ ոճրագործը պատժելու ընտրանքը, ապա, նոր զարգացումներ ու փուլեր ապրեցաւ մասնաւորաբար ՀՅ Դաշնակցութեան ծնունդէն ետք: Արդարատենչ կարապետները կը կոչուէին Արաբօ, Գէորգ Չաւուշ, Աղբիւր Սերոբ, Սեբաստացի Մուրատ եւ անուններովը այն ծանօթ ու անանուն ֆետայիներուն, որոնք վերամարմնաւորեցին «Մահ իմացեալ` անմահութիւն է» պատգամը: Ռուբէններն ու Դրօները միացան այդ երթին, իրենց կողքին ունենալով մեր պատմութեան մէջ Խանասորի եւ բազում հերոսապատումներ կերտողները: Հայուն մէջ խաւ առ խաւ արմատացաւ այն համոզումը, որ հալածողն ու ջարդարարը պատժելու գործը պէտք է կատարէ հայը, որովհետեւ օտարը, որքան ալ ըլլար արդար եւ ունենար զօրակցողի կեցուածք, լաւագոյն պարագային պիտի չանցնէր խստիւ դատապարտողի սահմանները, յանցաւորը գործնապէս պատժելու մասին պիտի չմտածէր, նախապատուութիւն պիտի տար իր քաղաքական ու հազարումէկ հաշիւներուն…

Նոյնը` մեծագոյն ոճիրէն ետք: Ցեղասպանին դէմ փաստացի ամբաստանագիրներ արձակուեցան, Ցեղասպանութիւնը կազմակերպող եւ գործադրող գլխաւոր ոճրագործները մինչեւ իսկ մահուան դատապարտուեցան, սակայն արդարութենէն անոնց փախուստին դիմաց` կրաւորականութիւնը պահպանուեցաւ: Հայ երիտասարդը, Դաշնակցութեան որոշումով, անգամ մը եւս գործի անցաւ եւ սեփական ձեռքերով պատժեց թուրք ջարդարարները, որոնք կը կոչուէին Թալէաթ, Պեհաէտտին Շէքիր, Ճեմալ եւ ուրիշներ: «Նախորդ սերունդ»-ի արդարահատոյցներուն անուանացանկին աւելցան Թեհլիրեան, Շիրակեան, Երկանեան, Պօղոսեան, Թորլաքեան եւ այլ անուններ:

Մեր պատմութեան անիւին թաւալումը շարունակուեցաւ խորտուբորտ ճամբաներու վրայէն: Ցեղասպանութենէն փրկուած հայը իր ճիգերը լարեց երկիր ու հաւաքական կեանք վերակերտելու վրայ, սակայն չմոռցաւ ահաւոր ոճիրը, արդար պահանջները, որոնք վարագոյր առ վարագոյր կը քողարկուէին քաղաքակիրթներու, արդարութեան դրօշակակիրներու եւ ժողովրդավարութեան քարոզիչներու կողմէ: Եւ օր մըն ալ, հայ երիտասարդին համբերութեան բաժակը դարձեալ յորդեցաւ եւ ան անդրադարձաւ, որ պէտք է դարձեալ բարձրացնել «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» դրօշը: Մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն շուտով արձանագրուեցան հին-հին ֆետայիներուն ու Շիրակեաններուն «կտակ»-ին նորագոյն հաւատարիմներու անունները` թագադրուելու համար Լիզպոնի Հինգին գիտակից նահատակութեամբ: 27 յուլիսին գերագոյն զոհաբերութեան նետուած Հինգը միայնակ ծաղիկներ չեղան, այլ մարմնաւորեցին ամբողջ փաղանգ մը, որ վճռած էր պատժական տնօրինումներով հաշիւ պահանջել ցեղասպանէն, որ կը փորձէր (այսօր ալ կը փորձէ) ուրանալ իր գործած ոճիրը, խափանել արդար հատուցման մեր պահանջներուն իրականացումը:

***

… Եւ ինչպէս որ մեծ բանաստեղծը քանի մը տողի մէջ խտացուցած է մեր գոյապայքարին խորհուրդը` յայտարարելով, որ Աւարայրէն ջանք ընող քաջերը պահ մը կանգ առին Սարդարապատի մէջ, նոյնպէս ալ հայուն արդար դատին համար զոհաբերուող արդարահատոյցները` ոճրագործ թշնամին սեփական ձեռքով պատժողն ու կարգի հրաւիրողները, իրենց զուգընթաց ուղին շարունակեցին Լիզպոնէն ետք, կը շարունակեն այսօր, պիտի շարունակեն վաղը:

Մեր աննման ու անձնուէր ֆետայիներուն, Լիզպոնի ու այլ նահատակներուն կերտած յաղթարշաւը նոր սկիզբ առաւ Արցախեան պայքարով: Արդարահատոյց բազում անուններ արձանագրուեցան Շուշիի եւ արցախեան այլ շէներու ազատագրական ճակատումներուն ճամբով: Չորս տարի առաջ Արցախի մէջ տեղի ունեցած Քառօրեայ պատերազմը, իսկ այսօր, Տաւուշի սահմանին արձանագրուած մարտերը, հիմնականին մէջ ինքնապաշտպանութիւն ըլլալու կողքին, ե՛ն նաեւ նախայարձակ թշնամին պատժելու միտող հերոսապատումներ, որոնք մեր պատմութեան մէջ կ՛արձանագրուին նո՛յն «կարմիր մելանով», որ գործածուած է մեր ինքնապաշտպանական ու պատժական ճակատումներուն ամբողջ տեւողութեան: Արցախի մէջ թէ Հայաստանի սահմանային դիրքերուն վրայ, մեր նահատակներուն լուսաշող անունները կը ճոխացնեն փառապանծ ցանկը` վերստի՛ն ու վերստի՛ն յիշեցնելով, որ ոճրագործ թշնամին չի կրնար անպատիժ մնալ, հաշիւ պահանջողն ու գործնական պատիժ սահմանողը նախ եւ առաջ մե՛նք ենք ու պիտի ըլլանք, առանց կորսնցնելու այն յոյսը, որ արդարութեան ու խաղաղութեան կողմնակիցները ի վերջոյ պիտի հասկնան, թէ թուրքն ու ազերին (նաեւ այլ պետական ոճրագործներ) չեն կրնար ճամբու բերուիլ, եթէ հայաոճ պատժամիջոցները ընդմիշտ անտեսուին: Մանաւանդ որ ո՛չ անցեալին եւ ոչ ալ այսօր հայը միակ զոհն է թրքական ոճիրներուն, այլ աշխարհը ականատես է, որ նորատիպ եաթաղանները կը ճօճուին Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ափրիկէ եւ այլուր, կը սպառնան Եւրոպային եւ ուրիշներու: Թուրքն ու դաշնակից ազերին կը մնան ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՃԻՐ ԳՈՐԾՈՂ նոյն անօրէնները:

Փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, որ մէն մի հայու էութեան մէջ կան մասնիկներ` ոճրագործ թշնամին պատժելու ելած մեր ֆետայիներէն, մասնիկ մը` Թեհլիրեաններէն, Շիրակեաններէն ու Դրոներէն, պտղունց մը` Լիզպոնի ու անոնց ժամանակակից մեր հերոսներէն, ու դեռ բազում հիւլէներ` Արցախի, Տաւուշի ու Հայաստանի այլ շրջանները պաշտպանող` երէկուան ու այսօրուան քաջերէն, հերոսներէն, որոնց անուններն իսկ կը դաւանինք իբրեւ պատգամ:

Մեր ամբողջական իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարողները, նահատակուողները, թշնամիին այս կամ այն ձեւով պատիժ տնօրինողները անմահ են, որովհետեւ անոնք մի՛շտ կ՛ապրին ու պիտի շարունակեն ապրիլ մէն մի հայու հոգիին, մասնաւորաբար մեր երիտասարդութեան կամքի՛ն մէջ, որովհետեւ` «անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ»:

Եթէ Լիզպոնը անկիւնադարձ մըն էր, անկէ առաջ ու անկէ ասդին ապրած ենք ու պիտի ապրինք նոր անկիւնադարձեր, ու մեր երթին վախճանակէտը պիտի ըլլայ մեր բոլոր իրաւունքներուն կենսագործումը` բազում ճակատներու վրայ աշխատանքով, պայքարով, նա՛եւ թշնամին արդար պատիժի ենթարկելու վճիռով:

22 յուլիս 2020

aztagdaily.com/archives/478770

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail