ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ – Հայաստան – ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՆՍԵՄԱՑՆԵԼ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՐՈՇՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
25 ՅՈՒԼԻՍ 2020 –
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Պատմագրութիւնը սոսկ գիտութիւն չէ, այլ կոչումն ունի ժամանակակիցներու անաչառ յիշողութիւններն ու վկայութիւնները փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի դասեր քաղենք անցեալի սխալներէն ու յառաջ անցնինք՝ նոր ձեռքբերումներ իրականացնելու համար։
Այս ժամանակահատուածին մենք բախտորոշ օրեր կ՚ապրինք, ու փառք մեր քաջարի բանակին՝ ականատեսը կ՚ըլլանք մեր հիւսիս-արեւելեան սահմանին թշնամի կողմէն կատարուող սադրանքներու ձախողեցման, ու աւելին՝ մեր հանրապետութեան սահմաններուն վրայ բարձրադիր եւ ռազմագիտական առումով կարեւոր կարգ մը բարձրունքներու ազատագրումին:
Բարձրունքներ՝ որոնք, անկախութեան հռչակումէն ետք, մեր արեւելեան հարեւաններուն հետ բախումներու հետեւանքով, չի բացառուիր նաեւ մեր անլրջութեան պատճառով անցած էին ադրբեջանական վերահսկողութեան ներքոյ։
Դժբախտաբար, ներ-քաղաքական լարուած մթնոլորտին բերումով՝ այսօր «ընդդիմադիր» յորջորջուած խումբին կողմէ փորձ կ՚ըլլայ սոյն յաջողութիւնները անջատելու իշխանութեան քաղաքական որոշումէն, ու ընդհակառակն եւ աւելին՝ ապատեղեկատուութեան դիմելով՝ անարգ փորձ կը կատարուի ամէն գնով նսեմացնելու կառավարութեան դերակատարութիւնը։
Բարեբախտաբար, 2016ի Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը հեռու անցեալին չի պատկանիր, ու բոլորս կը յիշենք մեր 800 հեկտարի կորուստը ու այդ հողերուն «անպէտք» հռչակուիլը այդ օրուան Հ․Հ․ Զինուած Ուժերու գերագոյն հրամանատարին՝ Հ․Հ․ նախագահին կողմէ:
Միեւնոյն ատեն շատերուն կ՚արժէ յիշեցնել մեր ժողովուրդին մոլորեցնելու կամ բարոյալքելու նպատակով հայոց բանակի հասցէին այդ ատեն տարաձայնուած վարկաբեկիչ քարոզչութիւնը, երբ նոյն այդ ժամերուն մեր արի զինուորները նախայարձակ թշնամիին կանգնեցնելու օրհասական ու դաժան կռիւ կը մղէին։
Իսկ այսօրուան «ընդդիմադիր» կոչուածները, որոնք նոյն այդ օրերուն իշխանութիւն էին, ատենին բերաննին ջուր առած՝ լուռ կը մնային, պապանձած էին, իսկ անոնց սպասարկող յայտնի լրատուամիջոցներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչները, նախագահի յատուկ օդանաւին հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ, կը տեղեկանային այդ տարածքներուն «պիտանի չըլլալուն մասին»։
Երեւի՝ ատենին մամուլը այսօրուան նման ազատ չէ՞ր, կամ՝ ըսելիք չունէ՞ր, թէ՞ այդ հողերը իսկապէս «անպէտք էին»։
Պատմագրութիւնը կանգ չէ առած, հետեւաբար՝ սթափի՛լ է պէտք:
mer-oughin.am/2020/07/24/կը-փորձեն-նսեմացնել-իշխանութեան-քաղա/