Սարգիս Դանիէլեան – Հայաշխարհ – Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի Քաղաքացիին Վստահութեան Քուէն

Սարգիս Դանիէլեան – Հայաշխարհ – Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի Քաղաքացիին Վստահութեան Քուէն

23 ՅՈՒԼԻՍ 2020 –

Սարգիս Դանիէլեան

Տաւուշի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հայ-ադրբեջանական բախումներուն արձագանգելով, Դաշնակցութեան Սփիւռքի կառոյցները, գլխաւորաբար երիտասարդական միութիւնները եւ Հայ Դատի գրասենեակները, անգամ մը եւս լարեցին իրենց ուժերը եւ ցոյցերով, քաղաքական շփումներով եւ lobby-ինկի շատ աքթիւ աշխատանքներով, իրենց մասնակցութիւնը բերին Պաքուի հակահայ արշաւի դէմ պայքարին:

Անցնող շաբթուան ընթացքին տեսանք, թէ ինչ մեծ աշխատանք կատարեցին անոնք թէ օտար երկիրներու կառավարութիւններուն մօտ, եւ թէ Ադրբեջանի դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն առջեւ:

Ի հարկէ, աշխատանք կատարեցին նաեւ շատ ուրիշ հայկական միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, բայց ամենաերեւելին եւ ամենատարածունը դաշնակցական շրջանակներուն կը պարտինք, քանի որ անոնք ունին կազմակերպուած կառոյցներ՝ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ:

Իրականութեան մէջ, տարբեր բան չէինք ակնկալեր Դաշնակցութեան համասփիւռ կառյցներէն: Անոնք միշտ ալ առաջին գիծի վրայ եղած են, երբ որ Հայ Դատի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան հարց գոյութիւն ունեցած է: Այսպէս եղած է Արցախի հարցի վերարծարծումի առաջին օրէն՝ 1988-էն մինչեւ այսօր, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ ապագային:

Բոլորն ալ ըսած են եւ կ’ընդունին, որ հայկական աւանդական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք տարածուած են աշխարհով մէկ, ազգային արժէք են եւ շատ բան ունին տալիք Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Իսկ ՀՅԴ-ն, իր տարածուածութեամբ եւ կազմակերպական ցանցով, ամենաազդեցիկն է եւ ամենաաշխատունակը (ասիկա կ’ըսենք, առանց նսեմացներու միւսներուն տարած աշխատանքը):

Անցեալ շաբաթ հպարտ էինք Հայաստանի բանակին քաջագործութիւններով, հայ քաղաքացիներու միասնականութեամբ եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ցոյցերով եւ քաղաքական ու մարդասիրական աջակցութեամբ: Հպարտ էինք նաեւ ՀՅԴ սփիւռքեան կառոյցներու կատարած աշխատանքով եւ զարմանալի բան չտեսանք այս բոլորին մէջ:

Զարմանալին, հաւանաբար, ՀՅԴ-ի աշխատանքներուն արձագանքն էր՝ Հայաստանի դաշնակցական շրջանակներուն մէջ: Բազմաթիւ դաշնակցական գրիչներ, ղեկավարներ եւ գործիչներ, յանկարծ սկսան խրատ բաժնել հայրենի ժողովուրդին եւ ցոյց տալ Դաշնակցութեան համահայկական կառոյցին աշխատանքները՝ Տաւուշի կռիւներուն առիթով:

Տեսա՞ք Դաշնակցութիւնը ինչեր կ’ընէ աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ, տեսա՞ք ինչպէս ցոյցեր կազմակերպեցին, տեսա՞ք քաղաքական աշխատանքները, երիտասարդական միութիւններու եւ Հայ Դատի գործունէութիւնը: Հիմա հասկցէք, թէ ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը եւ ատոր համեմատ կեցուածք ճշդեցէք, ատոր համեմատ վերաբերմունք ունեցէք Դաշնակցութեան հանդէպ, կ’ըսէին հայաստանցի գործիչները իրենց յօդուածներով եւ ֆէյսպուքի գրութիւններով:

Ցաւալի է, որ Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան եւ կուսակցութեան Հայաստանի կառոյցին անունով խօսող մարդիկը դեռ չեն հասկցած, որ հայրենի մեր ժողովուրդը Դաշնակցութեան հանդէպ կեցուածք կը ճշդէ ոչ թէ Սփիւռքի, այլ Հայաստանի մէջ իրենց գործունէութեան համար: Եթէ Հայաստանի քաղաքացիներուն 98 տոկոսը կը մերժէ Դաշնակցութիւնը, ապա պէտք է այլեւս ըմբռնել, որ այդ մերժումը ոչ թէ Դաշնակցութեան Սփիւռքի գործունէութեան համար է, այլ՝ Հայաստանեան վերջին 23 տարիներու գործունէութեան համար:

Վստահ եմ, որ Հայաստանի ժողովուրդը կը գնահատէ Սփիւռքի մէջ բոլորին, ներառեալ՝ ՀՅԴ-ի հայանպաստ գործունէութիւնը: Ո՞ր հայը դէմ կրնայ ըլլալ Ադրբեջանի կամ Թուրքիոյ դէմ դաշնակցական (եւ ոչ միայն) տեղական մարմիններու տարած աշխատանքին: Վերջին ցոյցերուն, գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ, մենք ականատես եղանք նաեւ Հայաստանէն արտագաղթած հայերու մեծ թիւով մասնակցութեան: Սա ցոյց կու տայ, որ բոլոր հայերը կը գնահատեն Սփիւռքի մէջ մեր կազմակերպութիւններուն տարած հայանպաստ աշխատանքը:

Իսկ եթէ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան հանդէպ ժխտական տրամադրութիւն գոյութիւն ունի, ատոր պատճառը Հայաստանի դաշնակցական կառոյցի եւ անոր ղեկավարութեան վերջին 23 տարիներու գործունէութիւնն է: Կարելի է արդարացնել այդ գործունէութիւնը հազար ու մէկ տեսակ փաստարկներով, բայց փաստը կը մնայ փաստ՝ հայրենի ժողովուրդը մերժած է բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմեցին թալանող եւ հայ մարդու իրաւունքները բռնաբարող նախկին բոլոր ռեժիմներուն:

Մերժած է Դաշնակցութեան, որովհետեւ 23 տարի շարունակ եւ մինչեւ այսօր, ՀՅԴ տեղւոյն ղեկավարութիւնը սխալ ընթացքի մէջ է, եւ դեռ կը մերժէ սրբագրել իր սխալը, եւ փոխարէնը ժիհատ յայտարարած է Հայաստանի ազգընտիր իշխանութիւններուն դէմ:

Ուստի, ՀՅԴ Հայաստանի ղեկավարներուն, գործիչներուն եւ քարոզիչներուն կը մնայ հասկնալ, որ եթէ կ’ուզեն Դաշնակցութեան վարկանիշը եւ դերը բարձրացնել Հայաստանի մէջ, անոնք պէտք է սրբագրեն իրենց սխալ ընթացքը եւ պէտք է ստեղծեն իրենց սեփական արժէքները, պէտք է կարենան իրենց սեփական գործունէութեամբ դրականօրէն ազդել Հայաստանի մեր մարտունակ ժողովուրդին վրայ:

Պէտք է հասկնան, որ Սփիւռքի կառոյցներուն ետեւ պահուըտիլը, Սփիւռքի դաշնակցական աւանդը եւ քաղաքական դրամագլուխը օգտագործելը օգտակար պիտի չըլլայ Հայաստանի ՀՅԴ ղեկավարներուն համար, քանի որ վաղուց հայաստանցիները տարբերութիւն դրած են ու կը շարունակեն դնել Հայաստանի եւ Սփիւռքի դաշնակցականներուն միջեւ: Ամէն անգամ երբ Հայաստան այցելած ենք, բոլորէն լսած ենք նոյն խօսքը՝ «իսկական Դաշնակցութիւնը Սփիւռքում է»:

Իսկ երբ ՀՅԴ Հայաստանի ղեկավարները կը փորձեն Սփիւռքի կառոյցներու գործունէութիւնը ցոյց տալով Հայաստանի մէջ վարկ եւ համակրանք շահիլ, պարզապէս աւելի եւս կը խորացնեն հայաստանցիներու այն համոզումը, որ «իսկական Դաշնակցութիւնը դրսում է»: Հայաստանցիները կ’ըսեն՝ «մենք գիտենք թէ ի՞նչ կ’ընէ ՀՅԴն Սփիւռքի մէջ:

Իսկ դուք ի՞նչ կ’ընեք այստեղ՝ Հայաստանի մէջ: Եթէ կ’ուզէք մեր վստահութեան քուէն ստանալ, ուրեմն փոխեցէք ձեր ընթացքը եւ արժանի եղեք մեր վստահութեան, ինչպէս որ դուրսը՝ Սփիւռքի մէջ, ՀՅԴն արժանի եղած է սփիւռաքահայութեան կարեւոր մէկ հատուածի վստահութեան քուէին»:

Սա՝ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին մասին: Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր սփիւռքեան կառոյցներուն, Հայաստանի ժողովուրդը միշտ հարց կու տայ, թէ ինչու՞ Սփիւռքի ՀՅԴն չի կրնար ազդել Հայաստանի ՀՅԴին վրայ: Ինչու՞ Սփիւռքի կառոյցը իր սանձը յանձնած է Հայաստանի ղեկավարներուն եւ չի կրնար ազատ կողմնորոշուիլ եւ աւելի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն պարտադրել Հայաստանի ՀՅԴին: Ինչու՞ այսքան միակողմանի տեղեկացուածութիւն կայ Սփիւռքի դաշնակցական շրջանակներուն մէջ՝ ներհայաստանեան խնդիրներուն մասին:

Այս բոլորին պատասխանները իւրաքանչիւրս ալ գիտենք եւ կը պահենք մեր սրտին մէջ: Ժամանակն է, որ խօսինք այս խնդիներուն մասին: Խօսինք անկեղծութեամբ եւ անկաշկանդ, որպնէսզի կարենանք լուծել մեր մեծագոյն խնդիրը՝ Հասյաստանի մէջ կայանալու խնդիրը: Ի վերջոյ, Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է Հայաստանի համար, կը հաւատայ Միացեալ Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան:

Իսկ ի՞նչ արժէք ունի Դաշնակցութիւնը, եթէ իր հայրենիքին մէջ, դաշնակցակսան զոհաբերութեամբ եւ արիւնով ներկուած հայրենիքին մէջ, կորսնցուցած է իր երբեմնի հզօր հմայքը եւ ժողովուրդին վստահութիւնը: Ի՞Նչ իմաստ ունի այս համասփիւռ դաշնակցական կառոյցը, եթէ հայրենի ժողովուրդը չի վստահիր տեղւոյն՝ հայաստանեան կառոյցին եւ ղեկավարութեան:

Ժամանակն է, որ մտածենք: Մանաւանդ Սփիւռքի մէջ:

mer-oughin.am/2020/07/23/դաշնակցութիւնը-եւ-հայաստանի-քաղաքաց/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail