«Թուֆենկեան» Հիմնադրամը Քաշաթաղի Շրջանին Մէջ Կը Շարունակէ Բարեգործական Ծրագիրներ Իրականացել
25 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը տարիներ շարունակ աջակցած է Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման եւ կայացման՝ իրագործելով տարբեր ծրագիրներ. դպրոցաշինութիւն, բնակարանաշինութիւն, գիւղատնտեսութիւն եւ այլն: Այս մասին, ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Artsakhpress.am-էն։
Քաշաթաղի շրջվարչակազմի ղեկավարի օգնական Իննա Բաբայեան յայտնած է, թէ 2020-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին բարեգործական հիմնադրամը Քաշաթաղի մէջ արդէն կատարած է շարք մը աշխատանքներ՝ առաջնային համարելով գիւղատնտեսութեան զարգացումը:
«Տարուան սկիզբէն հիմնադրամթը կ՝իրականացնէ նոր գիւղատնտեսական ծրագիր Միջնավանի տարածքին՝ հիմնելով 5 հեկտար փորձարարական այգի, ուր տնկած են տարբեր տեսակի պտղատու ծառեր: Նպատակը՝ ուսումնասիրել, թէ որ ծառերը աւելի յարմար են տեղի բնակլիմայական պայմաններուն համար:
Այս տարի, կապուած նոր «քորոնա» ժահրի տարածման հետ, հիմնադրամը Քաշաթաղի հողօգտագործողներուն տրամադրած է 64.8 տ. ազոտական պարարտանիւթ: Հիմնադրամը շրջանային բուժմիաւորման տրամադրած է նաեւ բժշկական տարբեր պարագաներ՝ Աղաւնոյի անցակէտին մէջ հերթապահութեան ժամանակ օգտագործելու նպատակով:
«Թուֆենկեան»-ի միջոցներով շուտով պիտի աւարտի Վանի միջնակարգ դպրոցի շէնքի հիմնանորոգումը: Կապուած բնակարանաշինութեան հետ՝ հիմնադրամը Կովսական քաղաքին մէջ սկսած է վիրաւոր ազատամարտիկ Համլէթ Յովհաննիսեանի ընտանիքի տան վերակառուցման ծրագիրը:
Նոյն քաղաքին մէջ, օրերս, աւարտին հասաւ քաղաքային այգիի եւ մանկական խաղահրապարակի շինարարութիւնը»,- մասնաւորապէս ըսած է Ի. Բաբայեան:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ հիմնադրամը նախատեսած է շրջանին մէջ իրականացնել հնգամեայ բարեգործական ծրագիր, Միջնավանի, Կովսականի քաղաքային եւ Վանի, Ալաշկերտի, Մուշի գիւղական համայնքներու ընդգրկումով: Մոտ օրերս նաեւ կը նախատեսուի Մոշաթաղի գիւղական համայնքի խմելու ջուրի համակարգի վերանորոգումը:
yerakouyn.com/2020/07/24/թուֆենկեան-հիմնադրամը-քաշաթաղի-շր/