Յարձակում Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարանին Եւ Հայ Կեդրոնին Վրայ
25 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հինգշաբթիէն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, ազրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ յարձակած են Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ, ատելավառ հայհոյանքներ գրելով եւ Ազրպէյճանի դրօշակին գոյները ներկելով անոնց արտաքին պատերուն վրայ:
«Ասպարէզ»-ի տեղեկութիւններով՝ վարժարանին տնօրէնութիւնը եւ ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը, համագործակցութեամբ քաղաքի օրինապահ մարմիններուն՝ կը հետապնդեն ազգային ատելութեան հողին վրայ կատարուած այս յարձակումին ծալքերը։
yerakouyn.com/2020/07/25/յարձակում-սան-ֆրանսիսքոյի-գռուզեան-զ/