Նախիջեւանը` Հայաստանին․ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ – Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտահրաւէրները

Նախիջեւանը` Հայաստանին․ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ – Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտահրաւէրները

25 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտահրաւէրները» Հատորէն

Լոս անճելըս- 2014

Հեղինակ՝ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Պատմական Հայաստանի Նախիջեւան մարզէն ներս, հայկական լեռնաշխարհի նախահայրերը եւ կամ հայացեղերը (կարգ մը աղբիւր­­ներու համաձայն)՝ բնակութիւն հաս­տա­տած են Քրիստոսէ մի քանի հազար տարիներ առաջ: Պատմաաշխարհագիտական յուշար­ձան­ներ, ամ­րոցներ եւ կոթողներ, ինչպէս նաեu քաղա­քա­տեղիներ ու գաւառներ կը վկայեն այս մասին: Ըստ աւանդութեան եւ որոշ արձա­նագրութեանց, որ գրի առած է եբրայեցի մեծ պատմիչ Յով­սէփէոս Փլաւիուսը, Նոյ նահա­պետը իր գեր­դաստանով իջեւանած է ու հիմ­նած քաղաքա­տեղի, կոչելով զայն՝ Առաջին Իջեւան կամ Նախիջեւան: Ուրեմն, Փլաւիուսի համաձայն, բնակավայրի առաջին արձանա­գրութիւնները կÿերթան մինչեu համատարած ջրհեղեղին ան­միջապէս յաջորդող պատմա­շր­ջանը:

Նախնադարեան մարդու հետքեր պահպանուած են Նախիջեւանի հիւսիսային շրջանի քարայրներուն մէջ, որոնք ժայռակուր բնա­կատեղի եղած են տոհմատիրական իրենց կա­ռոյցներուն: Իսկ աղահանքով հարուստ շրջան­ներուն մէջ յայտնաբերուած են նէոլիթեան դարաշրջանի աշխատանքային իրեր, որոնք կը վկայեն քարի մշակման արուեստի սկզբնա­ւո­րումը:

Նախնադարեան մարդու հետքեր պահպանուած են նաեւ Գողթն գաւառի եւ Քիլիթ, Քոթամ գիւղերու մօտ գտնուող քարայրներու խորքերը, ուր նաեւ յայտնաբերուած են կենդանիներու ոսկորներ, մանաւանդ արջի եւ շունի:

Աշխարհագրութիւն եւ բնութիւն

Հայ­կական լեռնաշխարհի անբաժան մասը նկա­տուող Նախիջեւանը, իր 5400 քառ. քլմ. տա­րա­ծու­թեամբ (2100 քառ. մղոն), կը գտնուի Հա­յաստանի Հանրապետութեան հարաւ-ա­րեւ­­մուտքը: Արեւմուտքէն որպէս սահման ունի Պարսկաստանը, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ 8 մղոն (12 քլմ.) սահմանային առանցք մըն ալ Թուրքիոյ ներկայ հանրապետութեան բաժին տրուած է:

Մարզի հիւսիսային շրջանը ունի 2300 մեթր (7590 ոտք) բարձրութիւն ծովի մա­կե­րեսէն:

Պատմական Հայաստանի ջրառատ Արաքս գետի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Նախիջեւանը, բարձրավանդակ մըն է Զանգեզուրի եւ Վայոց լեռնաշղթաներու փէշերուն: Երջնակ եւ Կուքի լեռնագագաթները կազմած են լճակներ, իսկ 5 գետակներ՝ Նախիջեւան, Երջնակ, Գիրան, Տրունեաց (Վանանդ եւ Ճահուկ) կ’ոռոգեն դաշտերն ու գետահովիտները, ապա կը միանան Արաքս գետին: Նախիջեւանի դաշտային շրջանները կը կրեն գետահովիտներու շրջանի անունները՝ Շա­րուր, Սանդրաք, Նախիջեւան եւ Մեծ դաշտ:

Իսկ Նախիջեւանի պատմական գաւառները թի­ւով եղած են վեց՝ Գողթն, Շարուր, Նախիջեւան, Նա­ւասար (կամ Տապանասար) Օձասար եւ Երջնակ: Պատմական Հին Ջուղա (Ջուլֆա) քա­ղաքը կը գտնուի Երջնակ գաւառին մէջ, Արաքս գետի ափին, մարզի հարաւ-արեւմտեան մասը:

Նախիջեւանի աշխարհագրական դիրքը իր բնութեամբ ունի առհասարակ բարեխառն կլիմայ:

Պատմական ակնարկ

Նախիջեւանը իր պատ­մական գաւառներով մաս կազմած է Ա­րարատեան թագաւորութեան (ուրարտական) Ք.ա. 9-7 դարերուն (860-600 թթ.): Արամէ թագաւորի օրով, որ գահ բարձրացաւ Ք.ա. 860 թուականին, ըստ Խորենացիի Նախիջեւանը ներառուած էր Վանի թագաւորութեան մէջ, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ Ուրարտական թագաւորութիւնը: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, կը հանդիպինք նաեւ Ասքանազեան անունին, որպէս Վանի թագաւորութիւն:

570-ին (Ք.ա.), որպէս կազմաւորուած տարածք ու հայկական միաւորում, ներառուած էր Երուանդունիներու թագաւորութեան մէջ: Պատմագրական կարգ մը արձանագրութիւններ Հայկական լեռնաշխարհին կ’ակնարկեն նաեւ որպէս Հայք կամ Նայիրեան երկիր:

Նախիջեւանի հայկական լեռնաշխարհէն ներս ունեցած կարգավիճակը յարաբերաբար պիտի մնայ նոյնը, Արտաշէսեան հարստութեան կամ յետագային Արշակունեաց հարստութեան տա­րիներուն, Վասպուրականի պատմական նահանգին մէջ միշտ ալ ներառուած ըլլալով:

Արշակունիներու թագաւորութեան անկումէն ետք, պարսկական տիրապետութեան տակ կ՛առնուի տարածքը, ապա արաբական արշաւանքներու հետեւանքով կիյնայ արաբներու ձեռքը:

Բագրատունեաց հարստութեան օրով, Վանէն դուրս կը շպրտուին արաբական զօրքերը եւ աւելի ուշ, Սմբատ Բագրատունի թագաւորի օրով, 10-րդ դարուն, Նախիջեւանն ալ մաս կը կազմէ Բագրատունեաց հարստութեան: Սմբատ թագաւոր Սիւնիքի իշխանին կը վստահի Նախիջեւանը վարչականօրէն վարելու պաշտօնը:

1045-ին, Բագրատուներու հարստութեան ան­կումէն ետք, հայ ժողովուրդի գաղթական ճա­կատագրին բերմամբ, Նախիջեւանի եւ Սիւնիքի տարածքներուն սկսած էին յայտնուիլ մահմետական ցեղեր: Քոչուոր թրքալեզու օ­ղուզներ, թուրքմէններ եu թաթարական ա­ռանձին խմբաւորումներ, առաջին առիթով սկսած են տեղաւորուիլ Նախիջեւան եւ Որդուստ քա­ղաքներու շրջաններուն մէջ:

ԺԵ.-ԺԶ. դարերու ընթացքին, հայ քրիստոնեայ տարրը հետզհետէ սկսած էր նուազիլ ու Նախիջեւանի գաւառները տարբեր ժամա­նա­կաշրջաններուն գտնուած են սելճուկ-թա­թար­ներու, թաթար-մոնկոլներու, օղուզ-­թուրք­մէն- ներու եu Սեֆեան պարսկական հարստութեան տիրապետութեանց տակ: Այս շրջանին էր որ հիմնականապէս մահմետական կրօնքի հետեւորդները սկսած են իրենց նստակեաց կեանքին:

Աւելի ուշ, 18-րդ դարու կէսերուն, պարսկական իշխանութիւնները, մտահոգ ռուսական կայսրութեան ընդարձակման ծրագրով, որ հասած էր մինչեu Կովկաս, Նախիջեւանն ու շրջակայ հայկական գաւառները սկսան տեղափոխել մահմետական զանգուածներ, որոնք բնակութիւն հաստատեցին պատնէշ հանդիսանալու ռուսական յառաջխաղացքին:

Ու այդպէս մնաց Նախիջեւանը պարսկական տիրապետութեան տակ մինչեu 1828 թուականը, երբ բնակչութեան թիւին 40 տոկոսը կը կազմէին թաթարներն ու պարսիկները:

Թիւրքմէնչայի ռուս-պարսկական դաշնագրով, որպէս Արեւելեան Հայաստանի անբաժան մաս, Նախիջեւանը իր գաւառներով կը դառնայ Ռուսաստանի կայսրութեան մաս: Իսկ յետա­գային՝ 1849-ին կը մտնէ Երեւանի նահանգի կազմին մէջ, որպէս մարզային տարածք: Այդ­պէս ալ, այդ իրավիճակը կը մնար մինչեu 1918 Յուլիսի 14-ը, երբ Զօր. Անդրանիկ իր զօրքով մուտք գործելէ ետք Նախիջեւան, զայն կը յայտարարէ անբաժան մաս Խորհրդային Ռու­սաստանի, որ շատ պիտի չտեւէր հոն թաթարներուն ստեղծած խլրտումին պատճառաւ:

Նախիջեւան-Մզկիթի վերածուած հայկական Վանք

1919-ի Մարտին, թրքական բանակի նահանջին պատճառաւ Կովկասէն, Նախիջեւան մաս կը կազմէ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետու­թեան, կարճ ժամանակի համար: Թուրքիոյ մի­ջամտութեամբ, նոյն տարուան ապրիլին, Նախիջեւանի տարածքը դարձեալ պիտի անջա­տուէր Հայաստանէն ու այդ կարգավիճակը պիտի մնար մինչեւ դեկտ. 2, 1920 թուականը, երբ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք՝ Ատրպէյճանի յեղկոմը պիտի ճանչնար Նա­խիջեւանը, Լեռնային Ղարաբաղը եu Զան­գեզուրը որպէս Խ. Հայաստանի տարածքներ: Բայց այդ օրերու խորհրդային թրքամէտ քա­ղաքականութեան հետեւանքով 1921, յուլիսի 5-ին, հակասահմանադրական որոշումով, Նախի­ջեւանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը կընդգրկուին Ատրպէյճանի կազմէն ներս: Այս հակապատ­մական որոշումին որպէս հետեւանք, 1923-ի Փետրուարին, Նախիջեւանը կը յայտարարուի որպէս ինքնավար մարզ: Տարի մը յետոյ, 1924 Փե­­տրուար 9-ին, Նաեիջեւան մաս պիտի կազմէր Ատրպէյճանին որպէս ինքնավար հանրապե­տութիւն, որուն հետ որեւէ ֆիզիքական սահման չունի:

Վիճակագրական պատկեր Նախիջեւանի բնակ­չութեան.

1918 թուականէն ասդին կարելի եղած է վիճակագրական տուեալներ որոնել Նախի­ջեւանի բնակչութեան իսկական պատկերին: 135,000 բնակչութեան 40 տոկոսը կը կազմէին հայերը (54,000), 22 տոկոսը՝ պարսիկներ, 20 տոկոսը՝ քիւրտեր, 10 տոկոսը՝ ազերի-թա­թարներ, իսկ մնացած 8 տոկոսն ալ ռուսեր էին: Խորհրդային շրջանի սկզբնաւորութեան, պար­սիկները պահած էին իրենց իրանեան քաղա­քացիութիւնը, իսկ քիւրտերն ու եզիտիները, որպէս քոչուոր, քաղաքացիութիւն չունէին եւ կը զբաղէին անասնապահութեամբ, երբեմն ալ անցնելով Թուրքիա:

Նոր փուլ մը ազերիներու բնակեցման ծայր տուած էր 1930-ական թուականներուն, երբ խորհրդային բռնատիրութեան պատճառաւ, ի­րա­նահպատակ պարսիկներն ու քիւրտերը տե­ղահանուած էին: Աստիճանաբար, մահմետական միակ տարրը կը կազմէին ազերիները

1960-ին, որոնցմէ զատ հայեր ու ռուսներ կը բնակէին, որպէս խորհրդային քաղաքացիներ: Այս շրջանին, ազերիները արդէն կը կազմէին Նախիջեւանի բնակչութեան 90 տոկոսը, իսկ հայերը մօտաւորապէս 7 տոկոսը (9,,500 բնակիչ), իսկ ռուսերու թիւն ալ բնակչութեան 3 տոկոսն էր:

1989-ի հայաթափումէն ետք, երբ ոեւէ հայ չէր մնացած Նախիջեւանի տարածքին, արդէն ազերիներու թիւը հասած էր 282,000-ի, իսկ մնացող ռուսերն ալ շուրջ 3,800 բնակիչ կը հաշուէին: Նաեւ ի յայտ եկած էր, թէ շուրջ 8,000 խառն ամուսնութիւն կնքած թրքահպատակ եւ իրանահպատակ բնակիչներ հաստատուած են 1990-էն ետք:

Իսկ այսօրուան տուեալներով, 1918-ին Նախիջեւանի 10 տոկոս հաշուող ազերիները, այսօր կը կազմեն 100 տոկոսը:

Որպէս ինքնավար հանրապետութիւն ճարպիկօրէն օգտագործելով խորհրդային իշխանութեանց բռնութեան եւ ահաբեկչութեան օրէնքները, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հասաւ իր նպատակին, միշտ կենսամակարդակը ցած պահելով, առանց զարգացնելու գիւղատնտեսութիւնը, ու կարգ մը գիւղեր եւ աւաններ առանց էլեկտրական հոսանքի պահելով մինջեւ 1969 թուականը :

Վերջին քանի մը տարիներուն երեւան եկած են նոր տեղեկութիւններ, Ատրպէյճանի կազմին մէջ մնացած Նախիջեւանի ինքնավար հանրա­պետութեան շուրջ: Ըստ վերջերս հրատա­րակուած “Նախիջեւան, պատմական եւ արդի շրջանի որոշ հիմնահարցեր” գրքին, խորհրդային իշխանութեանց հեռացումէն ետք (1991), թրքահպատակ ու լաչինաբնակ քիւրտեր սկսած են գաղթել հոն: Իսկ ազերիներու բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը սկսած է գաղթել, կամ նպատակադրած է լքել Նախիջեւանը՝ մեկնելով Ռուսաստան կամ Թուրքիա, բնակչութեան վիճակագրութեան տալով նոր պատկեր մը, որ սկսած է մտահոգել Պաքուն:

Պատմական վանքեր ու կոթողներ.

Նախիջեւանի մարզը հայկական լեռնաշխարհի քրիս­տոնէութեան տարածումին հետ, միշտ ալ պաշտամունքի համար իր եկեղեցիներն ու վան­քերը եղած են վկաները նոյնիսկ իրենց աւերակ վիճակով:

Հայկական կամ այլապէս զանազան շրջաններու ընթացքին, Նախիջեւանը միշտ ալ մաս կազմած է Սիւնիքի առաքելական թեմին:

Ըստ ուսումնասիրութեանց եւ պեղումներու, Նախիջեւանի տարած­քին հարիւրի հասնող եկեղեցիներու եւ վանքերու աւերակներ կան, ո­րոնց­մէ շատեր կառուցուած են Ք.ե. 5-րդ դարուն, որոնք կանգուն վիճակի մէջ էին 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, երբ Նախի­ջեւանի բնակ­չութեան 80 տոկոսը հայեր էին, մինչեւ 1914: Ապրագունիսի Ս. Կարապետ եկեղեցին, որ կառուցուած էր 8-9րդ դարերուն, եղած էր հիմնական ուխտավայր մը:

Ագուլիսի շրջանը ունեցած է երկու յայտնի եկեղեցիներ, որոնք եղած են խօսուն ճարտարապետական կառոյցներ:

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ կառուցուած էր 12-13րդ դարերուն, իսկ աւելի ուշ Ս. Շմաւոն եկեղեցին: Երկուքն ալ 1980-էն ասդին կը գտ­նուին աւերակ վիճակի մէջ:

Նախիջեւան քաղաքի (յետագային Աստապատ) Ս. Ստեփան բերդակառոյց ունեցող եկեղեցին ալ նոյն ճակատագրին արժանացաւ եւ 1988-էն ասդին վերածուած է հսկայ քարակոյտի մը, փճացնելով հոն գտնուած պատմական արձանագրութիւնները։ Նախիջեւանի տարածքին պատմական յուշակոթողներ գոյութիւն ունեցած են, որոնք առհասարակ եղած են խաչքարեր ու մանաւանդ գերեզմանաքարեր:

Խաչքարերուն մեծամասնութիւնը կը գտնուէր պատմական Ջուղա քաղաքի գերեզմանատան մէջ: Ջուղա կամ Ճուլֆա (Culfa) քաղաքը կը գտնուէր Երջնակ գաւառէն ներս՝ հիւսիսային ափը Արաքս գետին, պարսկական եւ Նա­խիջեւանի սահմանագծին վրայ: Պատմա­կանօրէն, առաջին անգամ հայ մատենագրութեան մէջ կը հանդիպինք Ջուղա անունին Խորենացիի պատ­մա­գրութեան մէջ, ուր ան կը յիշուի որպէս ա­ւան:

Հին ժամանակներէ ի վեր Ջուղան եղած է առեւտրական հնագոյն ճանապարհներէն մէկուն վրայ, Արաքս գետի հովիտի տարածքին գտնուե­լով: Ժամանակի ընթացքին զարգաց­ման զանազան հանգրուաններէ անցնելով, աւանը վերա­ծուած է քաղաքի եւ որպէս բարգաւաճ կեդրոն իր մշակոյթով դարձած է գաւառ: Բագրա­տունեանց հարստութեան շրջանին՝ 11-րդ դա­րուն (1019), Վասակ Սիւնեաց իշխանի օրով, ան եղած է Սիւնիք եպիսկոպոսական թեմի որպէս կե­դրոն:

Նախիջեւանի անունը միջին դարերէն սկսեալ առնչուած կը մնայ Ջուղայի անունին հետ, նոյնիսկ Երջնակ գաւառի անունը մոռացութեան կ’ենթարկուի:

Ինչպէս նշեցինք վերեւը, 12-րդ դարէն սկսեալ, երբ Հայկական լեռնաշխարհը կ’ենթար­կուէր սելճուքներու, թիւրքմէններու, թաթարներու, մոնկոլներու եւ այլ մահմետական արշա­ւանքներու, Ջուղան ալ պիտի ենթարկուէր նոյն ճակատագրին: Բացի կարգ մը յիշատա­կարան­ներէն, մշակութային զարթօնքի որեւէ պատ­մական արձանագրութիւն ձեռք չէ բերուած հոն, միայն 14-15րդ դարերուն դէպի Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներուն արձանագրութիոններն են որոնք կանգուն մնացած են Հայ­կական լեռնաշխարհէն:

16-րդ դարուն, երբ Սէֆեան պարսկական իշխանութեան ենթակայ դարձած էր Նախիջեւանը, յարաբերաբար Ջուղայի, բնակչութեան քանակը որոշ աճ մը արձանագրած էր ու անցած շինարար աշխատանքի: Պատմական Հայաստանի տարածքին քաղաքներու բնակչութեան արձա­նա­գրուած թիւը շատ քիչ առիթներով անցած է 50,000-ը, եւ այս շրջանին Ջուղայի քաղաքային բնակչութեան թիւը հասած է այդ թուա­քանակին, ըստ 1581 թուականի որոշ արձա­նա­գրութեանց:

Մշակութային ծաղկման շրջան մը պէտք է նկատել 16-րդ դարու աւարտը, ինչպէս նաեւ17-րդ դարու սկզբնաւորութիւնը:

Կարեւոր կարգ մը աղիւրներու համաձայն, Ջուղան ունեցած է բազմաթիւ եկեղեցիներ ու վանքեր: Եօթը տարբեր եկեղեցիներ կը նշուին Ջուղայի քաղաքամասէն ներս, որոնցմէ կարելի է թուել՝ Ս. Յովհաննու Անապատի (Յովհաննէս Մկրտիչ), Կաթան, Ս. Աստուածածին, Ս. Ամե­նափրկիչ, Ս. Գէորգ եuայլն:

Ջուղան եղած է պատմականօրէն յայտնի իր գերեզմանատան գեղաքանդակ խաչքարերով, որոնք 17-րդ դարու արձանաgրութեանց համաձայն, 10,000-ի շուրջ եղած են:

Աւերակ քաղաքի մը վերածուած էր Ջուղան 18-րդ դարուն: Կարգ մը արուեստասէր անհատներու վկայութեամբ, գոյութիւն ունէին 6,000 խոյաձեւ խաչքարեր, որոնցմէ շատեր իրենց իւրայատուկ ոճով տեղափոխուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ որոշ քանակութեամբ ալ կարգ մը թանգարաններու մէջ զետեղուած են, որոնց կարգին նաեւ տապանաքարեր:

20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, երբ տակաւին Նախիջեւանի 80 տոկոսը հայեր էին, Ջուղայի յայտնի գերեզմանատան խաչքարերը կը հաշուէին շուրջ 5,000:

Խորհրդային իշխանութեանց շրջանին, երբ Նախիջեւան մաս կը կազմէր խորհրդային Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, որպէս ինքնա­վար մարզ, այդ թիւը արդէն նուազած էր 3,000-ի, տեղացի հայաբնակչութեան նուազու­մին հետ միասին:

Մշակութային ցեղասպանութեան այս ա­րար­քը իր գագաթնակէտին հասաւ 1991-ի խորհրդային կայսրութեան փլուզումէն ետք, երբ ոեւէ հայ չէր բնակեր Նախիջեuանի տարածքին: 1998-էն սկսեալ յստակ ծրագրումով հանդէս եկան ազերի իշխանութիւնները, երբ սկսան ոչնչացնել գերեզմանատան մնացած խաչքարերը: Բարեբախտ լրատուութեամբ մը այդ լուրը հաղորդուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, որ հնարաւոր միջամտութեամբ կարելի դարձուց կասեցումը այդ հրէշային ծրագրին:

Դժբախտաբար, 2002-ի աշնան, գերեզմանատան խաչքարերու քանդումը շարունակուեցաւ ու կարելի եղաւ Արաքս գետի պարս­կական ափէն նկարահանել որպէս ոչնչացում հայ մշա­կոյթի ու քանդակակերտութեան պատմական դարաւոր աւանդին:

Բռնագաղթ եւ հայաթափում.

Սէֆեան Պարսկաստանի գերիշխող Շահ Ապպասի օրով, 17-րդ դարու սկիզբը (1604), հայաթափման առաջին պատմական քայլը պիտի առնուէր Ջուղա քաղաքի բռնագաղթին որպէս հետեւանք: Տարի մը առաջ, երբ Շահը եռօրեայ այցելութեամբ մը հիացած էր Ջուղա քաղաքի բարգաւաճումով իր կայսրութեան տարածքին, որոշած էր որ հոն բնակող հայութիւնը տեղափոխէ հիւսիսային Պարսկաստանի՝ Թաւրիզի շրջանը տարածելու զանոնք եւ ձուլելու հոն ապրող մահմետական ցեղերու հետ: Յաջորդ տարին պիտի գործադրուէր այդ ծրագիրը, բազմամարդ եւ վաճառաշահ քաղաքը իր մշակութային կեանքով պիտի կործանէր: Ու ոչ միայն այդ, այլ յաջորդող տարիներուն պիտի հրդե­հուէին անոր գեղակերտ կառոյցները: Այս բո­լորը իրագործուեցաւ Թահմազղուլի բէկին մի­ջոցաւ, որ յաջողեցաւ ցիրուցան ընել ջուղայեցիները Թաւրիզի տարածքին:

Շահ Աբբաս, խորհելով որ բռնագաղթի ենթարկուող հայերը իր կայսրութեան մէջ շինարար աշխատանք մը պիտի կատարեն, խոստացաւ Թաւրիզի շրջանը Նոր Ջուղա անունով քաղաք մը հաստատել, ու բնակեցնել բռնագաղթի ենթարկուած հայութիւնը Նոր Ջուղայի շրջանէն ներս: Դիւանագիտական մօտեցում մը պիտի ըլլար այս մէկը Պարսկաստանի համար, հայերը հեռու պահելով ռուսական կայսրութեան մօտակայ սահմաններէն՝ մանաւանդ Նախիջեւանէն:

Յաջորդ երկու դարերու ընթացքին առհսարակ հայաթափուած պէտք է նկատել Նախիջեւանը, մինչեu Թիւրքմէնչայի դաշնագրին իրագործումը, որմէ ետք կարելի եղաւ մօտակայ հայ գիւղացիներու ապաստանիլը Նախիջեւանի կարգ մը կանգուն մնացած գիւղերէն եւ աւաններէն ներս:

Հետազհետէ 60 տոկոսը Նախիջեւանի հայերէ պիտի բաղկանար, մանաւանդ Երեւանի նահանգի մարզ անուանուելէ ետք:

Վերեւ նշուած Զօր. Անդրանիկի 1918-ի յայտարարութենէն ետք, երբ Նախիջեւանը մաս կը կազմէ Հայաստանի նորաստեղծ առաջին Հանրապետութեան, զանազան զօրամասեր պիտի ստեղծուէին Նախիջեւանի տարածքին: Բայց թուրքերու նահանջը շրջանէն բաւարար պիտի չըլլար, որովհետեu ատրպէյանցի-թաթար ի­րենց կրօնակից եղբայրներուն հետ, անոնք թուրանական իրենց երազը իրականացնելու ծրագրով գործի լծուեցան: Սպանդն ու կոտորածը դարձեալ անխուսափելի դարձան սահմանամերձ գիւղերու մէջ: Թուրանական երազի այդ օրերու հարազատ օրինակը պէտք է նկատել տարի մը առաջ՝ 1918 յունիսին Պաթումի խորհրդաժողովի ընթացքին թուրք բանակի հրամանատար Վեհիպ փաշայի հետեւեալ արտա­յայ­տութիւնը, որ ուղղուած էր հայկական պա­տուիրակութեան. «Մենք հեռացանք Պալքաններէն եւ Ափրիկէէն, բայց պիտի տարածուինք դէպի Արեւելք., հոն է մեր արիւնը, մեր կրօնը եւ լեզուն: Մենք պէտք է ճանապարհ ունենանք դէպի Պարսկաստան, պահանջելով Նախիջեւանն ու Զանգեզուրը, ապա իջնելով Լբիրի հովիտը եւ երթալու Պաքու, որուն համար դուք (հայերը) արգելք կը հանդիսանաք»:

Այս արտայայտութիւնը յստակօրէն կը պարզէր թուրքերուն ծրագիրը եւ թրքական բանակին յառաջխաղացքի նախագիծը: Հիւսիսէն Ախալքալաք ու Կարս պէտք է զիջէին ներկայութիւնը թուրքական բանակին, որպէսզի ճամբայ ունենային հասնելու Ղազախ եւ Գան­ձակ, իսկ հարաւէն՝ Նախիջեւանէն սկսեալ պէտք էր հասնէին Կուր գետ:

Թուրքերը ծրագրած էին երկու տարբեր ճանապարհներով հասնիլ Պաքու, եւ այդ ձեւով անոնք պիտի մեկու­սա­ցնէին հայկական պետութիւնը խորհըրդային կարգերէն, իսկ հարաւէն ալ՝ նուազ բարեա­ցակամ Պարսկաստանէն:

1920-ին Հայկական Հանրապետութեան խորհըրդայնացումով, Երեւանի դեկտեմբեր 2-ի դաշնագրին համաձայն, խորհրդային կառավարութիւնը իր վրայ պիտի առնէր անվիճելիօրէն պաշտպանել Խորհրդային Հայաստանին պատ­կանող հողերը, որպէս սեփականութիւն պահելու Հայաստանի սահմաններուն մէջ:

Սակայն, յաջորդ օրն իսկ (3 դեկտեմբեր), դաշնագրի 13-րդ յօդուածով՝ Շարուրը եւ Նախիջեւանը ժամանակաւորապէս պիտի գտնո­ւէին թրքական ինքնավարութեան տակ: Քանի մը ա­միս ետք, այս որոշումը աւելի ամրապն­դուե­ցաւ եւ Նախիջեւանը ամբողջութեամբ հայ­կա­կան պետականութենէ զրկուեցաւ, երբ 16 մարտ 1921-ին Մոսկուայի մէջ կնքուեցաւ խորհրդա­յին-թուրք դաշինքը:

Այդ դաշինքին հետ առնչուած երեք յօ­դուածներ (յօդ. 3, 5 եu 15) կը վերաբերին Նախիջեւանի հիմնահարցին:

Այդ յօդուածներու մէջ նշուած կէտերով միայն հայկական պետութիւնն է որ տուժած էր եւ Նախիջեւանը այլեւս մեծամասնութեամբ մահմետական տարրերէ բաղկացած էր (52 տո­կոս):

Իսկ աւելի ուշ՝ 1923, յոլիս 23-ին, Ստալինի կամայական բայց ծրագրուած որոշումով, Նախիջեւանը դարձաւ ինքնավար Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւն (Նախջըվան Մուխթար Սովիէթ Սոցիլիստ Ռեսպուպլիկա), ու անոր հետ առնչուող հարցն էր Արաքսի ափով 12 քիլոմեթր երկարութեամբ Թուրքիոյ սահմանը Նախիջեւանի հետ, որ իրագործուեցաւ Մուս­տաֆա Քեմալի օրով՝ Պարսկաստանին զիջելով որոշ հողային լծակ։

Խորհրդային իշխանութեանց վերջին տարիներուն աւելի բացայայտ դարձաւ Թուրքիոյ այդ փոքր սահմանային առաւելութիւնը Նախի­ջեւանի հետ, երբ իրենց ազերի-թաթար եղ­բայրներուն առեւտրական զանազան օգնու­թիւններ հասցուցին: Մանաւանդ ղարա­բաղեան պա­հանջատիրութեան ընթացքին (1988), եւ յատկա­պէս Երասխաւանի շուրջ հայ-ազերի բա­խումներու ընթացքին, նոյնիսկ զինամթերք մու­ծե­լով:

Այսօր հայաթափուած պատմական Նախիջեւանը մեզ կը պարտադրէ ճանչցնել զայն որպէս հայապատկան տարածք հայկական լեռնաշխարհին: Մանաւանդ, անոր հիմնահարց ներկայացուցած կարեւորութիւնը օտարներու մօտ, հեռու պահելով Ռասուլ Զատէի անուա­նումը որպէս «Նախշը-Ջիհան», որ թարգմանի՝ աշ­խար­հի զարդանկար:

Այդ «աշխարհի զարդանկարը» թող ըլլայ Հայ Դատի հետապնդման ու մեր Մեծ Երազի անբաժան պարտաւորութիւնը, որովհետեւ անվիճելի է անոր հայապատկան ըլլալը:

ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

1.Հայկական համառօտ հանրագիտարան, Երեւան, 1999 (փ. հատոր):
2.«Ջուղա», Արգամ Այվազեան, Եrեւան, 1987:
3.Ժողովածու գործող դաշինքներու, Մոսկուա, 1935:
4.Ազգամիջեան կռիւներ, Է. Զոհրաբեան, Ե­րեuան, 2000:
5. ԳալուստԳալոյեան, «Հայաստանը եւ Մեծ Պետութիւնները» (1917-1923), Երեւան, 1999:
6.Բրիտանիա եւ Հայկական Հարցը (1915-1923), Ագապի Նասիպեան- Նիկոսիա, 1994:

Նախիջեւան-Խաչքարեր կանգուն վիճակիմէջ
Նախիջեւան-Խաչքարերու Բնաջնջում
Նախիջեւան-Աքուլիսի Սրբ․ Թոմաս Եկեղեցին

armenakan.info/07/2020/22/naxijeւaneh-hayastanin․-ara-aharvonyean/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail