Յունաստանի Բուռն Հակազդեցութենէն Եւ Ամերիկեան Մարտանաւերու Շրջան Հասնելէն Ետք. Թուրքիա Կը Վերադարձնէ Իր Կարգ Մը Մարտանաւերը

27 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Թուրքիան վերադարձուց կարգ մը մարտանաւեր եւ շտապեց ջնջել Միացեալ Նահանգներու մէջ իր դեսպանատան կողմէ «Թուիթըր»-ի վրայ քարոզչական բնոյթի գրառում մը, ըստ որուն, թրքական «Օրուչ Ռէյիս» հորատման նաւը սկսած է յունական ջուրերուն մէջ հետազօտման աշխատանքին:

«Կրիքսիթիթայմս» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական նշեալ նաւը կը շարունակէ կանգնած մնալ Անթալիոյ բացերը, հակառակ Թուրքիոյ յայտարարելուն, թէ անցնող երեքշաբթի օրուընէ մինչեւ 2 օգոստոս պիտի ոտնահարէ Յունաստանի ջրային տարածքը:

Թուրքիոյ դեսպանատունը` իր երկրին ախորժակները արդարացնել փորձելով, Յունաստանը ամբաստանեց հետազօտման տարածքը յունական տարածքային ջուրեր նկատելու մէջ: Քանի մը ժամ ետք այդ գրառումը ջնջելով դեսպանատունը գրեց, թէ «Օրուչ Ռէյիս»-ը 21 յուլիսին յայտարարած էր, թէ պիտի սկսի իր հետազօտութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ Յունաստան վերջերս Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի մը ընթացքին պահանջած էր պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ, իսկ Կիպրոս պահանջած էր Անգարայի դէմ եւրոպական միացեալ հակադարձութիւն մը: Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ժողովի ընթացքին յայտնած էր. «Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար լուռ մնալ Թուրքիոյ կողմէ միութեան երկու անդամներու` Յունաստանի եւ Կիպրոսի գերիշխանութեան ոտնահարման նկատմամբ»:

Մինչ այդ, յունական «Նիւուզպամպ» կայքը շաբաթ օր հաղորդեց, որ ամերիկեան ծովուժի հիւլէական ուժով բանող «Տուայթ Տ. Այզընհաուըր» օդանաւակիրը 12 այլ մարտանաւերու ընկերակցութեամբ «շաբաթ օր Սուեզի նեղուցին ճամբով մուտք պիտի գործէ Միջերկրական» եւ պիտի ուղղուի յունական Կրետէ կղզիին հարաւը գտնուող շրջանը, ուր ռազմափորձեր պիտի կատարէ յունական օդուժին հետ:

Կայքը ընդգծեց, որ օդանաւակիրը կանք պիտի առնէ յունական բացառիկ տնտեսական շրջանի սահմանին վրայ` նշելով, որ ասիկա երեքշաբթի օր Թուրքիոյ հետ ծագած տագնապէն ետք ամերիկեան առաջին միջամտութիւնը կը նկատուի:

Յունաստանի Բուռն Հակազդեցութենէն Եւ Ամերիկեան Մարտանաւերու Շրջան Հասնելէն Ետք. Թուրքիա Կը Վերադարձնէ Իր Կարգ Մը Մարտանաւերը

aztagdaily.com/archives/478949

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail