ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 17 ՅՈՒԼԻՍ․ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Օրը եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐ անուններով

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 17 ՅՈՒԼԻՍ - ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Օրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 17 ՅՈՒԼԻՍ․ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Օրը
եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐ անուններով

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

17 ՅՈՒԼԻՍ․
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Օրը

Ն․

17 ՅՈՒԼԻՍ 2020

17 ՅՈՒԼԻՍի այս տօնը ծանօթ է նաեւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐ եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐ անուններով։

Մ․Ա․Կ․ի պաշտօնական կայքէջին համաձայն՝ Օրը կոչուած է միաւորելու բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին զօրակցիլ արդարութեան, սատարել զոհերու իրաւունքներուն, նաեւ՝ օգնել կանխարգիլմանը ոճիրներու, որոնք կը սպառնան աշխարհի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ բարօրութեան։

17 ՅՈՒԼԻՍը կը տօնուի իբրեւ Միջազգային Արդարադատութեան Համաշխարհային Օր, որովհետեւ այսօր տարեդարձն է 1998ին որդեգրուած ՀՌՈՄԻ ԻՐԱՒԱՎԻՃԱԿԻ ԾԱՆՈՒՑԱԳԻՐին (Rome Statute)։ Այդ պայմանագրին շնորհիւ հաստատուեցաւ Միջազգային Քրէական Դատարանը (ICC – Մ․Ք․Դ․)։ 1998ի այդ օրէն ասդին, 139 երկիրներ ստորագրած են Դատարանի պայմանագիրը, իսկ աշխարհի բոլոր շրջանները ներկայացնող 80 պետութիւններ վաւերացուցած են զայն։

Ի՞նչ է Միջազգային Քրէական Դատարանը (ICC)ը։
Անիկա միջազգային առաջին մնայուն եւ անկախ դատական հաստատութիւնն է, որ ի վիճակի է դատելու այն բոլոր անհատները, որոնք ամբաստանուած են մարդկայնութեան եւ մարդկային իրաւանց դէմ իրենց գործած միջազգային լրջագոյն օրինախախտումներով, որոնց կարգին՝ ցեղասպանութեան ոճիրը, պատերազմական ոճիրները եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները։

Միջազգային Քրէական Դատարանը (ICC) կեանքի կոչուեցաւ, երբ զանազան պետութիւններ Հռոմի մէջ վաւերացուցին իրաւավիճակի յայտարարութիւն մը։ Ատիկա ծանօթ դարձաւ իբրեւ Միջազգային Քրէական Դատարանի Հռոմի Իրաւավիճակի Ծանուցագիրը։

Անմիջապէս պէտք է ճշդել, որ Միջազգային Քրէական Դատարանը ՉԻ ՓՈԽԱՐԻՆԵՐ անդամ երկիրներու Ազգային Դատարանները, բայց հասանելի եւ տրամադրելի է՝ երբ երկիր մը ՉԻ ԿՐՆԱՐ կամ Չ՚ՈՒԶԵՐ դատաքննութիւն բանալ եւ յանցագործները պատժել։

Ինչո՞ւ կը տօնուի Միջազգային Արդարադատութեան Համաշխարհային Օրը։

Այս օրը կը տօնուի, որովհետեւ անհրաժեշտ է մարդոց մղել գիտակցութեան՝ զօրակցելու արդարադատութեան եւ սատարելու զոհերու իրաւունքներուն։ Այս օրը նաեւ կը ներգրաւէ մարդիկ աշխարհի չորս ծագերուն՝ ուշադրութիւն ընծայելու լուրջ խնդիրներու։ Ատիկա նաեւ կը պաշտպանէ մարդոց զանազան ոճիրներու դէմ, նաեւ՝ կը զգուշացնէ այն մարդիկը, որոնք կ՚ազդեն վտանգի ենթակայ ազգին խաղաղութեան, ապահովութեան եւ բարօրութեան վրայ։

Միջազգային Արդարադատութեան Համաշխարհային Օրը յատուկ կարեւորութեամբ կը տօնեն մասնայատուկ օրակարգով պայքարող իրաւապաշտպան շարժումներն ու կազմակերպութիւնները՝ պահանջելու համար, օրինակ, ցեղասպանութեանց պատասխանատուներու պատժումը, կամ՝ կանանց դէմ բռնութեանց արգիլումը եւ մարդոց Թրաֆիքինկի (human trafficking) վերացումը․․․

*
* *

Միջազգային Քրէական Դատարանի կանոնադրութիւնը ընդունուեցաւ 1998 թուականի Յուլիս 17ին, Հռոմի մէջ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան լիազօր ներկայացուցիչներու դիւանագիտական համաժողովի ընթացքին:

Համաժողովին մասնակցած պետութիւններէն 120ը կողմ քուէարկեցին Կանոնադրութեան ընդունման, 7ը` դէմ կանգնեցան (Ա․Մ․Ն․, Չինաստան, Իրաք, Եմէն, Քաթար, Լիպիա եւ Իսրայէլ), 21ը` ձեռնպահ մնացին:

Կանոնադրութիւնը ուժի մէջ մտաւ 2002ի Յուլիս 1էն:
Կանոնադրութեան նպատակն էր՝ իր իսկ նշած ծանրագոյն յանցագործութիւններ կատարած անձերու անպատժելիութիւնը բացառելու եւ, ատով իսկ, այդպիսի յանցագործութեանց կանխարգիլմանը նպաստելու համար ներ-պետական քրէական իրաւազօրութեան մարմինները լրացնելու կոչուած՝ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնումը:

Կանոնադրութեան սահմանումով՝ Դատարանը միջազգային իրաւական գերակայութեամբ օժտուած անկախ միջազգային դատարան է, որ կոչուած է քրէական արդարադատութիւն իրականացնելու միջազգային ողջ հանրութեան մտահոգութիւնը յարուցող աւելի ծանր յանցագործութեանց համար պատասխանատու ֆիզիքական անձերու նկատմամբ:

Կանոնադրութան հիման վրայ՝ 2003ի Փետրուար 7ին կատարուեցաւ Միջազգային Քրէական Դատարանի 18 դատաւորներուն ընտրութիւնը:

Հայաստանը ստորագրեց Կանոնադրութիւնը 1999ի Հոկտեմբեր 1ին, սակայն դեռ չէ վաւերացուցած զայն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Միջազգային Քրէական Դատարանի իրաւազօրութիւնը Հայաստանի կողմէ ճանչցուած չէ:

Իսկ 2004ի Օգոստոս 13ին Հ․Հ․ Սահմանադրական Դատարանը որոշեց, որ Կանոնադրութեան շարք մը դրոյթները չեն համապատասխաներ Հ․Հ․ Սահմանադրութեան:

Միջազգային Արդարադատութեան Համաշխարհային Օրը թէեւ ներառուած չէ Հայաստանի պաշտօնական տօնացոյցին մէջ եւ յատուկ չէ նշուած, սակայն «Հ․Հ․ տօների եւ յիշատակի օրերի մասին» օրէնքին մէջ 2009ի Յունիս 10ին կատարուեցաւ լրացում, ըստ որուն` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կրնան նշուիլ նաեւ միջազգային ճանաչում վայելող օրեր:

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 17 ՅՈՒԼԻՍ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Օրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail