ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908). Հայկեան Տաղանդին մեծարժէք խենթը, որ ինքնասպանութեամբ հեռացաւ մեր աշխարհէն
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908).
Հայկեան Տաղանդին մեծարժէք խենթը,
որ ինքնասպանութեամբ հեռացաւ մեր աշխարհէն
19 ՅՈՒԼԻՍ 2020 –
Ն. Պէրպէրեան
Հայ գրականութիւնը եւս ունի իր կիսախելագար եւ լրիւ խելագար քանի մը մեծութիւնները, որոնց շարքին մեծատաղանդ խենթի փառքն ու ողբերգութիւնը մարմնաւորող ամէնէն ցայտուն դէմքն է Եղիա Տէմիրճիպաշեան։
112 տարի առաջ, Յուլիս 19ի այս օրը, ինքնասպանութեամբ մեր աշխարհէն հեռացաւ արձակագրի եւ բանաստեղծի, մանկավարժի եւ խմբագրի, արուեստագէտի եւ փիլիսոփայի տաղանդաշատ այս համաձուլումը, որ Եղիա Տէմիրճիպաշեան անունը խորհրդանիշ դարձուց արտակարգ գեղեցկութեամբ ու արուեստով գրուած՝ սիրտ ու միտք խռովող խորագոյն, յաճախ դժուար ընկալուող ու հասկցուող ապրումներով, պատկերներով եւ մտածումներով յագեցած գրականութեան։
Մեծն Օշական, իր ընկալեալ անողոքութեամբ, Եղիա Տ.ի «հեքիաթ»ը իր առասպելական զարդերէն եւ արժէքներէն մերկացնելով հանդերձ, իր կարգին չկրցաւ լրիւ թօթափել առինքնող հմայքը Եղիա Տէմիրճիպաշեան Տաղանդին։ Թէեւ գրեց, որ «տեղ մը ըսած եմ, թէ արեւմտահայ գրականութիւնը երկու կէս խենթեր եւ մէկ վաւերական յիմար ունի։
Դժբախտութիւն է, որ այս վերջին որակումը ստիպուած ըլլամ գործածել, տալու համար ամբողջական գաղափար մարդէ մը, որ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն արուեստագէտներուն շնորհը նկատուող բացառիկ խառնուածք մը յայտնաբերեց արուեստի։ Ցաւը այն է, որ այդ խառնուածքը չհասաւ իրեն որակին արժանաւոր աշխարհի մը մէջէն ինքզինքը ընդմիշտ մեր հիացումին եւ յարգանքին պարտադրելու»… այսուհանդերձ՝ Յ. Օշական նաեւ խոստովանեցաւ, որ «սկիզբէն ի վեր հրապարակի պահանջը եղած է հատընտիր Եղիա մը։ Այսպէս կազմուած հատորը պիտի համախմբէր իր մէջ թերեւս ամէնէն lyrique այն քանի մը էջերը, որոնք արեւմտահայ գրականութեան մէջ երբ եւ իցէ գրուած ըլլան։
Այնքան իրաւ բանաստեղծ մը կար այս յիմարին ետին։ Դարձեալ հոն է, որ մեզի պիտի տրուէր երջանկութիւնը՝ կարդալու անհաւասարելի դաշնաւորութեամբ էջեր, ուր կը շփոթես ապրումն ու երազը, իրականութիւնն ու քմայքը, սիրտը եւ միտքը, նիւթն ու հոգին, տարօրէն հաշտ, սրտառուչ խառնուրդի մը մէջ, որուն ըլլար խնայուած տաժանքը փիլիսոփայական դաժան հմտութեան, գրական թեթեւ sophismին»։
Այդ «Հատընտիր»ին դեռ արժանացած չէ հայ գրականութեան մեծատաղանդ այս խենթը։ Իսկ մեր սերունդները, աշակերտական գրասեղաններէն իրենց յիշողութեան եւ ներաշխարհին մէջ յատուկ տեղ մը վերապահելով հանդերձ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, արդէն գեր-նիւթապաշտ մեր կեանքի սպառիչ հեւքին մէջ հազիւ թէ շունչն ու ժամանակը գտնեն ըմբոշխնելու հմայական տիեզերքը իրա՜ւ այս բանաստեղծին։
*
* *
Եղիա Տ. ծնած է Կ. Պոլսոյ Խասգիղ թաղամասը, 1851ի Մայիս 8ին։
Նախնական ուսումը ստացաւ Օհաննէս Պատուելիի դպրոցին, ապա ժամանակի լաւագոյններէն համարուող Խասգիւղի «Ներսէսեան» վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով Թովմաս Թերզեանին եւ Մատաթիա Գարագաշեանին, որոնցմէ մխիթարեան-գրաբարեան հիանալի գիտելիքներ ամբարեց։
Դպրոցական տարիներուն կողք-կողքի նստեցաւ Մինաս Չերազի հետ, որուն ազգային-քաղաքական գաղափարակիցը մնաց մինչեւ վերջ։ Մտերիմ դասընկեր ունեցաւ նաեւ ապագայ մեծանուն մանկավարժ Ռեթէոս Պէրպէրեանը։
Հանրագիտական նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի կեանքին մէջ առաջին գլխաւոր դարձակէտը արձանագրուեցաւ 1866ին, երբ ան ընդունուեցաւ Խասգիւղի նորաբաց՝ Նուպար փաշայի հիմնած «Շահնազարեան» վարժարանը, որ սերնդակերտումի մեծ ներդրում ունեցաւ 19րդ դարավերջի հայ իրականութեան մէջ։
Ուսանելուն զուգահեռ՝ պատանի Եղիան եղաւ նաեւ օգնական ուսուցիչ կրտսեր դասարաններուն մէջ։
Մոլի ընթերցասէր էր։
1870ին Տէմիրճիպաշեանը Օսմանեան պետութեան Բարձր Դրան տպագրութեան դիւանի (գրաքննութեան) պաշտօնեայ էր. կը կարդար հոն ուղարկուող ամբողջ մամուլը։ Երկար չդիմացաւ այդ պաշտօնին վրայ։
Այնուհետեւ ստանձնեց Հանրօգուտ Շինութեանց նախարարութեան վարչական ժողովի քարտուղարի պաշտօնը, որմէ նոյնպէս շուտով հրաժարեցաւ։
Պետական-դիւանական այս պաշտօնները միշտ բաց մնացին Եղիա Տէմիրճիպաշեանի առջեւ, որովհետեւ նախ լաւապէս կը տիրապետէր օսմաներէնի եւ ֆրանսերէնի, ապա՝ լայն ընդհանուր զարգացում ունէր։
1874ին սիրահարուեցաւ օրիորդի մը, որ սակայն նախընտրեց ամուսնանալ հարուստ պաշտօնեայի մը հետ։ Յուսահատութենէն՝ Եղիա առաջին փորձը կատարեց ինքնասպանութեան, նետուելով ծովը։ Սակայն ջուրին պաղութեան չդիմանալով՝ ցամաք դուրս եկաւ…
Նոյն տարին մեկնեցաւ Ֆրանսա՝ Մարսէյլի Առեւտրական Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ ուսանելու համար, բայց փոխարէնը՝ սկսաւ հրատարակել «Le Litteraire et Financier de Marseille» շաբաթաթերթի քանի մը համարներ՝ Արեւմուտքին հայութիւնը ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու ձգտումով։
Այս շրջանին լծուեցաւ նաեւ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրման՝ դրապաշտ (positivist) փիլիսոփաներուն, յատկապես Էմիլ Լիտրէի ուղղութեան յարելով։ Նոյնպէս մօտէն ծանօթացաւ Ֆրանսայի ականաւոր գրող-գործիչներու՝ յատկապէս Վիքթոր Հիւկոյի այցելուներէն դառնալով։
1876ին վերադարձաւ Պոլիս։ Անդամակցեցաւ կրթական նախարարութեան թարգմանութեանց դիւանին։ Մասնակցեցաւ նաեւ աշխարհաբարի ազատ գործածութեան համար մղուող պայքարին, բայց պահպանողական մամուլը փակ գտաւ իր առջեւ։
Մամուլի էջերուն տեղ չգտնելով՝ սկսաւ գրքոյկներ հրատարակել։ Առաջինը «Դամբարան»ն է (1879)։
1880ին «Մասիս» թերթը աշխատակցելու հրաւէր ուղղեց Եղիային։
Հակառակ հանրային գործունէութենէ հեռու մնալու իր որոշումին, նաեւ թաղական ընտրուեցաւ Պէշիկթաշի թաղամասէն, իսկ 1880ին ազգային երեսփոխան ընտրուեցաւ Սթենիա-Նորագիւղ միացեալ թաղերէն։
*
* *
Եղիա Տէմիրճիպաշեանի կեանքը ընթացաւ ընկերային եւ առողջական դժուարին պայմաններու մէջ։
Թերթերէ ստացած չնչին պատուեգինով կը փորձէր պահպանել իր գոյութիւնը։
Ապրուստի վիճակը որոշ չափով բարելաւուեցաւ, երբ դասեր տալու հրաւէրներ ստացաւ. տեսուչ նշանակուեցաւ Բերայի վարժարաններուն եւ փիլիսոփայութեան դասախօս կարգուեցաւ Հայկական Կրթարանին մէջ։ 1882ին բանախօսելու հրաւէրներ ստացաւ կրթական տարեվերջի բոլոր հանդէսներուն։ Արդէն իր ժամանակի բարձրարժէք մտաւորականի համբաւին տիրացած էր։
1883ի Յունուարէն մինչեւ 1889 լոյս ընծայեց «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում» հանդէսը, որուն նիւթերը ի՛նք կը գրէր, բացառութեամբ իր կատարած թարգմանութիւններուն։
1884ին, Գրիգոր Զօհրապի առաջարկով՝ Եղիային յանձնուեցաւ Ասիական Ընկերութեան պաշտօնաթերթ «Երկրագունտ» գրական եւ գիտական հանդէսին պատասխանատուութիւնը։ Հոս եւս լոյս ընծայեց տարբեր մարզերու վերաբերեալ իր մասնագիտական գրուածքները։
1886էն 1887, քանի մը ամիս, Տէմիրճիպաշեան խմբագրեց նաեւ Արեւելեան Տնտեսագիտական Միութեան «Տնտես» հանդէսը, իսկ 1889ին լոյս ընծայեց իր «Դար» անունով հանդէսը (միայն մէկ համար)։
Եղիա ոչ միայն կը խմբագրէր, այլեւ քանի մը անգամ կը սրբագրէր նշեալ հանդէսներու նիւթերը։
Մասնաւորապէս «Շարժում» թերթին ողջ աշխատանքը իր վրայ կեդրոնացած էր. ոչ միայն խմբագիր ու հեղինակ էր, այլեւ մատակարար, բեռնակիր, ցրուիչ։
Այդ շրջանին Տէմիրճիպաշեան աշխատեցաւ նաեւ ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի մը կազմութեան վրայ, որ հրատարակուեցաւ քանի մը անգամ (1886ին, 1894ին, 1896ին եւ, յետ մահու, 1930ին)։
1890ի Յուլիս 31ին կորսնցուց մօրը եւ լրիւ մինակ մնաց։ Տարիներ առաջ արդէն կորսնցուցած էր հօրը։
Մինչեւ 1893 Տէմիրճիպաշեան շարունակեց դասաւանդել փիլիսոփայութիւն, փիլիսոփայութեան պատմութիւն, պատմութեան փիլիսոփայութիւն, հին ու նոր գրականութիւններու պատմութիւն, մանկավարժութիւն, գեղագիտութիւն, հոգեբանութիւն։
*
* *
Կենսագիրները կ՚ընդգծեն, որ 1890ը ճգնաժամային եղաւ Եղիայի կեանքին մէջ։
Ժամանակաւորապէս դադրեցաւ գրելէ։
Իսկ նոյն տարուան Մայիսին, իր ծննդեան տարեդարձին առիթով, Վոսփոր նետուելով ինքնասպանութիւն գործելու երկրորդ անյաջող փորձը կատարեց։
Այս անգամ զինք փրկեց մակոյկավար Պետոն, որ եղբայրն էր ծանօթ գրող Սուրէն Պարթեւեանի։
Եղիա Տ․ թէեւ փրկուեցաւ, բայց այնուհետեւ շարունակ մտմտաց ինքնասպանութեան մասին։
Արդէն 1889էն սկսեալ մտային անհաւասարակշռութեան ու հալածախտի նոպաները սկսած էին սաստկանալ իր մօտ եւ խորանալ յատկապէս մօր մահէն՝ 1890էն ետք։
Այդ շրջանին տեղի ունեցաւ Ե. Տէմիրճիպաշեանի կեանքին կարեւորագոյն հանդիպում-դարձակէտը։
Ռոպէր Հատտէճեան կը յուշէ, որ «Եղիա մօրը մահէն ետք առանձին կը մնայ Խասգիւղի իր տան մէջ եւ կ՚ապրի դժբախտ պայմաններու տակ։ Ուստի՝ ձմրան օր մը կը հեռանայ ամայացած իր տունէն եւ կու գայ Բերա, ուր պատահմամբ կը թակէ դուռը Հելլէն Նիսսըն անունով հունգարացի կնոջ մը բնակարանին։ Նիսսըն կորսնցուցած էր իր ամուսինը ու տեսնելով Եղիայի խղճալի երեւոյթը՝ կը հիւրընկալէ եւ աթոռ մը կը տրամադրէ անոր վառարանին քով։ Եւ, այնուհետեւ, Եղիայի եւ Նիսսընի միջեւ ծնունդ կ՚առնէ բարեկամական անքակտելի կապ մը»։
Ռ. Հատտէճեանի համոզումով՝ Նիսսըն սիրած էր Եղիան, նմանցնելով զայն իր հանգուցեալ ամուսինին։ Հունգարացի այս այրի կինը պէտք ունէր անձի մը, որ իր ներկայութեամբ երջանկութիւն պարգեւէր իրեն։ Հելլէն կը սիրէր Եղիան՝ պարզապէս իբրեւ մարդկային էակի, որուն հանդէպ կը ցուցաբերէր գութ եւ կարեկցութիւն։ Իր կարգին, Եղիա կը սիրէր Հելլէն Նիսսընը յաւիտենական սիրով, ինչպէս ան կը պարզէ առիթով մը Զուիցերիայէն Նիսսընի ուղարկած իր հետեւեալ նամակով. «Իմ սիրելի ու թանկագին տիկին, երկինք ու երկիր կ՚անցնին, բայց իմ սէրը քեզի հանդէպ չի մարիր»։
Այդ սէրը մինչեւ ինքնասպանութեամբ մահուան հասցուց Եղիա Տէմիրճիպաշեանին։
1897ին, Եղիա իր մօրաքրոջ օգնութեամբ հեռացաւ Պոլիսէն եւ քանի մը տարի շրջագայեցաւ եւրոպական ոստաններուն մէջ՝ Ժընեւ, Վիեննա, Պուտափեշտ եւայլն։ Բայց միշտ փնտռեց իր «օրհնաբերութեան յօժար հրեշտակին» եւ ի վերջոյ վերադարձաւ Պոլիս եւ բնակութիւն հաստատեց դարձեալ Հելլէն Նիսսնի մօտ։
1901ին անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ. տարուեցաւ Ազգային Հիւանդանոց՝ ատենի հայ մամուլի էջերուն մեծ աղմուկ բարձրացնելով իր խելագարութեան շուրջ։ 1904ին դուրս կու գայ հիւանդանոցէն եւ կը վերադառնայ Նիսսընի։
Հատտէճեան կ՚եզրափակէ իր պատումը՝ նշելով, թէ Եղիա, գարնանային գեղեցիկ օր մը, օգտուելով Հելլէն Նիսսնի բացակայութենէն, կատարեց անձնասպանութեան վերջին փորձը՝ 19 Յուլիս 1908ին, երբ վերջ տուաւ իր կեանքին, կախելով ինքզինք կաշիէ գօտիով մը՝ տան ձեղունէն։
Եղիայի մահէն ետք, Նիսսըն գոց սենեակի մը մէջ կը պահէ բանաստեղծին գրական անտիպ երկերը, ձեռագիրներն ու այլ թանկարժէք թուղթերը։
Օրմանեան Պատրիարքի արտօնութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի թաղումը կը կատարւի Պէյօղլուի «Ս. Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ մէջ՝ կանոնական արարողութեամբ։ Մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը թաղուի անձնասպաններու յատկացուած բաժնեմասին մէջ։
Հետագային Հելլէն Նիսսըն, Դուրեան Պատրիարքի արտօնութեամբ, տեղափոխել եւ թաղել կու տայ Եղիայի մարմինը՝ Շիշլիի հայոց գերեզմանատան կեդրոնը՝ կանգնեցնելով ուշագրաւ դամբարան մը անոր յիշատակին։
Նման տխուր վախճան ունեցաւ մեծատաղանդ հայ գրողը, որուն գործերը յետ-մահու հրատակուեցան նախ Փարիզի մէջ, 1955ին, «Հայ Գրագէտներու Բարեկամներ» մատենաշարով, ապա՝ 1986ին Երեւան, իսկ երկու տարի առաջ Պոլսոյ մէջ, «Մարմարա» օրաթերթին կողմէ, ձեռնարկուեցաւ անոր ամբողջական գործերու հրատարակութեան։
Հալածախտը մաշեցուց եւ ի վերջոյ անձնասպանութեամբ վերջակէտ դրաւ տառապագին կեանքին Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, որ 1890ականներուն իսկ ամէն կողմ թշնամիներ կը տեսնէր իր շուրջ եւ կը գրէր.- «Ամէն ճշմարիտ հայ, այո՛, տխուր է։ Արձագանգ մ՚է որ կը լսեմ – տրտմութիւն»։
Նոյնիսկ դեռ 1883ին, Հրանտ Ասատուրին ուղղուած նամակի մը մէջ, Եղիա Տէմիրճիպաշեան կը նախազգար իր այսօրինակ վախճանը՝ գրելով.
«Սատանին տիրապետութիւնն անձիս վրայ՝ կ՚ընդարձակի եւս քան դեւս։ Յուսահատութեան իմաստասիրութիւնն ամէն իմաստասիրութիւններէ գերիվեր՝ ինձ համար հրապոյր ունի։
Չգիտեմ ո՛վ կամ ի՛նչ բան զիս այսպէս ըրաւ – բնական տրամադրութի՞ւն մը, բարոյական տառապանքնե՞ր, մարմնի չարչարա՞նք, զոր կը կրեն այս ազգին մէջ գրականութեան հետեւողներն, յոյսե՞ր՝ որք ի դերեւ ելան, երազնե՞ր՝ որոնք երազ պիտի մնան յաւիտեան… Չգիտեմ. այդ ամէնն ալ գուցէ միանալով զիս այսպէ՛ս ըրին. հիւանդ, հիւանդ մարմնապէս, այլ մանաւա՛նդ բարոյապէս։ Ինչպէս Պարոնեանի ծիծաղին տակ արտասուք կայ, նոյնպէս իմ ալ արտասուքիս ներքեւ ծիծաղ կայ»…
*
* *
Բացառիկ խոհականութեամբ ու կեանքի եւ մահուան, բնութեան եւ մարդուն, ընկերային արժէքներու եւ անձնակեդրոն յոյզերու մասին իմաստասիրական խոր ընկալումով օժտուած հայ գրագէտը եղաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որ աշխարհաբար հայերէնը բարձրացուց գեղարուեստական մշակման նախանձելի մակարդակի եւ դարձաւ հարազատ թարգմանը մարդկային տրտմութեան ու թախիծին, յոռետեսութեան եւ անհուն դժգոհութեան խորագոյն, այլեւ ամէնէն իրաւ ապրումներուն։
Եղաւ իր սերունդի ամէնէն աւելի կարդացած եւ կարդացածը իւրացուցած ու իւրովի վերարտադրած գրագէտը։
Կենսագիրները կը պատմեն, թէ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ մօտէն ճանչցած էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, առիթով մը զինք ներկայացուցած է հետեւեալ վկայութեամբ.- «Մեր ազգին մէջ ամէնէն շատ կարդացած մարդն է այս տղան՝ Տէրոյենց պատուելիէն ետք»…
1879ին Ա. Ազատախոհեան գրչանունով Եղիայի կազմած «Փիլիսոփայական Բառարան»ը անվիճելի պատուանդանն է հայ եւ օտար գրականութեանց խոհական հսկաներուն գործերը մարսած եւ իմաստասիրական իր ուրոյն աշխարհայեացքը մշակած Տէմիրճիպաշեան Մտածողին։
Եղիա Տ․ հանդիսացաւ իր ժամանակի գեղեցկագոյն աշխարհաբարի մշակներուն յառաջապահը, որ թէ գրական-գեղարուեստական իր արձակով հորիզոն բացաւ, թէ՛ հայերէնէ ֆրանսերէն իր «Բառարան»ով լեզուագիտական ու քերականագիտական կարեւոր ներդրում ունեցաւ արեւմտահայերէնի կատարելագործման մէջ։
Բայց յատկապէս կեանքի ունայնութիւնը մերկացնելու, Մահը դարպասելու եւ Տրտմութիւնն ու Թախիծը իբրեւ մարդու ներաշխարհին ամէնէն իրաւ էատարրերը ընկալելու եւ վերծանելու իր գրականութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան իրաւամբ խորհրդանշեց հայ գրականութեան մեծատաղանդ, բայց խելագար Անձնասպանի կերպարը։
Հայ գրականութեան առեղծուածային տաղանդին մահուան 112րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական այս էջը կ՚արժէ փակել Հայ Լեզուին նուիրուած եւ Տէմիրճիպաշեանական իւրայատուկ ոճով գրուած հետեւեալ ներբողականով.
«Ո՞ր ազգն ունի այդ լեզուն, ո՞ր լեզուի մէջ կարող է միտքը այնքան ազատ շրջիլ, հոգին այնքան ազատ թռչիլ, որքան հայ լեզուի մէջ. փայլակին բեկեալ, այլ փայլուն գիծն այն արշաւագոյն, որ լեզուն կարող է պատկերացնել. ո՞ր լեզուն Է՝ ոյր պարբերութիւնք կրնան մերթ գետի մը չափ երկարիլ, պարբերութիւնք՝ որք սակաւ գետերու նման սկիզբ ունին եւ վախճան, որք բարձրերէն կը բղխին եւ գունագեղ բուրումնաւէտ դաշտաց ընդմէջէն ադամանդներ հոլովելով կամ ժայռեր գլորելով կ՚անցնին գոռալով ու գալարելով, եւ ուր որ ուրեմն ի խորս անդր ովկեանին անդնդախոր կը հասնին»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ