ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագրով իրաւական ճանաչում շնորհուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մեղսակից արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեղծիքին

24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագրով իրաւական ճանաչում շնորհուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մեղսակից արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեղծիքին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագրով իրաւական ճանաչում շնորհուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մեղսակից արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեղծիքին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

24 Յուլիս 1923.

Լօզանի Դաշնագրով իրաւական ճանաչում շնորհուեցաւ
Հայոց Ցեղասպանութեան մեղսակից
արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեղծիքին

24 Յուլիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Յուլիս 24ի այս օրը, 97 տարի առաջ, ուրացման եւ մեղսակից լռութեան ծանրանիստ սեւ վարագոյր մը իջաւ Հայկական Հարցի արդար հատուցման ուղղուած միջազգային ճիգերուն ու խմորումներուն վրայ։

24 Յուլիս 1923ին, Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ, ստորագրուեցաւ հաշտութեան դաշնագիր մը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։

Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ թուրքեւյունական խաղաղութեան դաշնագիրի, առաջին ակնարկով կրնայ թուիլ, թէ Հայաստանի, հայ ժողովուրդին եւ Հայկական Հարցին հետ ուղղակի աղերս չունի Լօզանի Դաշնագիրը։

Բայց որովհետեւ իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ Յունաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները միջազգային օրէնքով կարգաւորող պայմանագիրի, Լօզանի դաշնագիրը եկաւ ջնջելու եւ փոխարինելու 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի դաշնագրին իրաւական որոշումները՝ թուրքեւյունական կնճիռի հանգուցալուծման վերաբերեալ, հայ քաղաքական միտքը երկար տասնամեակներ զայն նկատեց եւ դատապարտեց իբրեւ Հայկական Հարցին նկատմամբ մեծապետական ամօթալի լռութեան ու միջազգային խայտառակ ուրացման իրաւական փաստաթուղթ մը։

Փաստօրէն, իրաւաբանական դիտանկիւնէ քննուած, Լօզանի Դաշնագիրը միայն մասնակի ջնջումի եւ փոխարինման ենթարկեց Սեւրի Դաշնագիրը՝ որոշապէս արեւելեան Թրակիոյ եւ յոյնեւթրքական միջ-պետական սահմանագծումներու վերաբերեալ նոր տրամադրութիւններ հաստատագրելով։

Այսուհանդերձ՝ որովհետեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանագծումին վերաբերեալ Սեւրի դաշնագրին ամրագրած Ուիլսընեան իրաւարարութեան վրայէն «լուռ» անցաւ Լօզանի դաշնագիրը, ո՛չ անոր ջնջումը եւ ոչ ալ վերահաստատումը կատարեց, հայ ժողովուրդը իրաւացիօրէն Դաշնակիցներու «Մեծ Ուրացում» մը տեսաւ 24 Յուլիս 1923ին ստորագրուած միջազգային այդ փաստաթուղթին մէջ։

*
* *

Պատմական ծանրագոյն պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը։

Օսմանեան Կայսրութեան անդամահատումը կատարած Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութենէն ետք, Մուսթաֆա Քեմալի թուրք ազգայնամոլական շարժումը բուռն կռիւներ մղեց ի խնդիր փլուզուած կայսրութեան վերականգնումին՝ թէ՛ արեւմուտքէն եւ թէ արեւելքէն…

– Լենինի Ռուսաստանին հետ մեղսակցաբար՝ Քեմալ «յաջողեցաւ» կործանել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

– Ֆրանսացիներու հետ գաղտնի գործարքով՝ Քեմալ «կրցաւ» հայութենէ վերջնականապէս պարպել եւ իր տիրապետութեան ենթարկել առաւելաբար հայերով, յոյներով, արաբներով ու ասորիներով բնակուած Կիլիկիան։

– Քեմալական այդ «նուաճումներուն պսակումը» եղաւ Հոկտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը՝ հարիւր-հազարաւոր յոյն եւ հայ գաղթականներու կոտորածով եւ հայրենի բնօրրանէ անոնց արտաքսումով…

Յաղթական Քեմալի պարտադրած դաշնագիրը հանդիսացաւ Լօզանի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը, որ եթէ պաշտօնապէս չփոխարինեց Սեւրի Դաշնագրին հայանպաստ յօդուածները, քաղաքականօրէն սակայն մեծապետական «Լռութեան Պատ» մը հիւսեց հայ ժողովուրդի արդար դատին շուրջ։

*
* *

Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը պաշտօնապէս բացուեցաւ 20 Նոյեմբեր 1922ին եւ աւելի քան ութ ամիսներ տեւած դժուար բանակցութիւններէ ետք՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Մ. Նահանգներու միջնորդութեամբ ու հովանաւորութեամբ, ի վերջոյ ստորագրուեցաւ 24 Յուլիս 1923ին։

Բանակցութեանց մասնակցող թրքական կողմը կը գլխաւորէր Իսմէթ Ինէօնիւ. յունական կողմի ներկայացուցիչն էր Էլեֆթերի Վենիզելոս. անգլիական պատուիրակութեան նախագահն էր Լորտ Քըրզըն. իսկ ամերիկեան միջնորդութեան ղեկավարն էր Ծովակալ Պրիսթոլ։ Դաշնագիրը ստորագրեցին, վերոյիշեալ 4ի կողքին, Ֆրանսա, Իտալիա, Ռումանիա, Եուկոսլաւիա եւ Ճափոն։

Թէեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը, Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ եւ Աւետիս Ահարոնեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան – արդէն տարագիր – աջակցութեամբ, դիւանագիտական բուռն աշխատանք ծաւալեց, որպէսզի հայեւթուրք հարցի վերաբերեալ Սեւրի Դաշնագրին տրամադրութիւնները վերահաստատուին, բայց թրքական կտրուկ մերժումին բախելով՝ դաշնակից մեծ տէրութիւնները շրջանցեցին հայկական այդ պահանջը եւ բաւարարուեցան Լօզանի դաշնագրին մէջ մտցնելով 16րդ յօդուած մը, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն վերաբերեալ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման:

Յօդուածը յստակօրէն կ՚ամրագրէ, նաեւ, թէ՝ «Ներկայ յօդուածին տրամադրութիւնները չեն կանխեր դրացիական յարաբերութիւններէ բխող որեւէ յատուկ կարգաւորումներ, որոնք կատարուած են կամ կրնան կատարուիլ Թուրքիոյ եւ որեւէ հարեւան երկիր(ներու) միջեւ»:

Բացայայտ է, որ Դաշնակիցները ուրացան Սեւրի Դաշնագրով նուիրագործուած իրենց խոստումներն ու յանձն առած պարտաւորութիւնները Հայ Դատի արդարացի լուծման նկատմամբ։

Բայց նոյն այդ Լօզանի Դաշնագրով ալ՝ անոնք նաեւ ընդդիմացան Հայաստանի ու հայութեան առնչուող Սեւրի Դաշնագրին յօդուածներն ու տրամադրութիւնները ջնջելու եւ նոր՝ թրքանպաստ յօդուածներով փոխարինելու թրքական կողմի պնդումներուն։

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ հայեւթուրք յարաբերութեանց «կարգաւորման» համար 2009ին ստորագրուած տխրահռչակ Փրոթոքոլին առիթով, թրքական դիւանագիտութիւնը տենդագին աշխատանք թափեց Լօզանի դաշնագրին տալու իր նախասիրած մեկնաբանութիւնը եւ պնդելու, որ ժամանակն է վերանայելու Սեւրի Դաշնագրով նախատեսուած ու Մ. Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուած սահմանները…

Բոլորէն առաջ թրքական պետութիւնը ինք շատ լաւ կը գիտակցի, որ նոյնիսկ Լօզանի ուրացումով փաստօրէն չփոխարինուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ուիլսընեան սահմանագծումի միջազգային փաստաթուղթը, որ իրաւական իր այժմէականութիւնը կը շարունակէ պահպանել… մինչեւ իսկ վաւերացուած չըլլալով հանդերձ։

Կը մնայ, որ մեր ժողովուրդը ի՛նք, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ, ամրօրէն կառչած մնայ Լօզանի Դաշնագրի բացայայտ անտեսումները լրացնելու եւ արդար սրբագրումի արժանացնելու ազգային մեր պահանջատիրութեան։

Աւելի՛ն. ժամանակն է եւ նոյնիսկ ուշացած ալ ենք Լօզանի Ղաշնագրին հետ իբրեւ իրաւական պարտամուրհակի տէր կանգնելու, այլեւ անկէ անդին ալ անցնելու ազգային ռազմավարութեան։

Ռազմավարութիւն՝ իրաւատէր ու պահանջատէր կանգնելու Սեւրի Դաշնագրով միջազգային ճանաչումի արժանացած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդար սահմանագծումին։

*
* *

Լօզանի Դաշնագիրը նաեւ այլապէս, Թուրքիոյ Հանրապետութեան վրայ իր պարտք դրած ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու յօդուածներով, այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունի։

Ինչպէս յոյներու եւ քիւրտերու, նոյնպէս եւ հայերու ազգային, կրօնական, մշակութային ու կրթական իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ ամրագրող Միջազգային Իրաւունքի պարտամուրհակ է նաեւ Լօզանի Դաշնագիրը։ Մանաւանդ որ Լօզանէն ետք ալ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շարունակեց ազգային փոքրամասնութեանց դէմ թրքացման իր քաղաքականութիւնը, շարունակ ոտնակոխեց նոյնինքն Լօզանի Դաշնագրով վճռուած ազգային-փոքրամասնական իրաւունքները։

Եւ աւելի քան բնական էր, որ 20րդ դարու երկրորդ կիսուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեան հետեւողականօրէն պահանջատէր ներկայացաւ թրքական իշխանութիւններուն՝ Լօզանի Դաշնագրին հիման վրայ հայոց կրթական հաստատութիւնները, ազգապատկան կալուածները եւ կրօնական-մշակութային կոթողները հալածանքի եւ աւերումի դէմ պաշտպանելու մնայուն օրակարգով։

24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագրով իրաւական ճանաչում շնորհուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մեղսակից արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեղծիքին

*
* *

Լօզանի Դաշնագրին անդրադառնալով եւ անոր քաղաքական ու ռազմավարական նշանակութեան վրայ հակելով՝ կիզակէտի կարեւորութեամբ կ՚արժէ անպայման մտաբերել եւ յիշեցնել գաղափարական կտակը Դաշնակցական Մտքի առաքեալներուն, որոնք օրինակ՝ «Դրօշակ»ի աննկուն խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի գրիչով կը պատգամեն.-

«Լօզանի Դաշնագիրը լուծեց Թրքական Հարցը, Ռուսական Հարցը եւ այլ բազմաթիւ հարցեր, սակայն ոչ մէկ լուծում տուաւ Հայկական Հարցին, որ այնքան անիրաւօրէն անլոյծ հարցերու շարքին դասուեցաւ։ Լօզանի մէջ բացակայ էր հայութիւնը եւ հոն է, որ գերեզմանուեցաւ փոքր ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, մասնաւորաբար Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն իրաւունքը։

«Հայ Դատը, Հայկական Հարցը ընդհանրապէս, լուծում չգտաւ նաեւ Մոսկուայի եւ Կարսի մէջ։ Այդ զոյգ դաշնագիրները, ըստ էութեան, ռուսեւթուրք դաշնագիրներ էին, որոնք նկատի չէին առներ հայութեան գերագոյն շահերը եւ ազգերու ազատ ինքնորոշման անկապտելի իրաւունքը։

«Միայն Սեւրի Ղաշնագիրն է, որ, ըստ էութեան, կը նուիրագործէ, իբրեւ միջազգային անհերքելի փաստաթուղթ, ամբողջական հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանի գաղափարը եւ բնական ու տրամաբանական լուծումը կը կազմէ Հայ Դատի։

«Մինչդեռ Լօզանը ամբողջովին անտեսեց Հայ Դատը եւ հայ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը։ Իսկ Մոսկուայի եւ Կարսի ղաշնագիրները միայն մասնակի եւ յամենայնի անարդար լուծում մը տուին Հայկական Հարցին, Հայաստանի սահմաններէն դուրս ձգելով բովանդակ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արեւելեան Հայաստանի մեծ մասը։ Այո՛, Հայաստանի սահմաններէն դուրս ձգեցին հայապատկան հողերու աւելի քան չորս հինգերորդը եւ հայ ժողովուրդի աւելի քան երկու երրորդը, ստեղծելով մանրանկար Հայաստան մը եւ իրաւազրկելով հայութիւնը իր ամէնէն արդար պահանջներուն մէջ։

«Ահա թէ ինչո՛ւ Սեւրն է միակ հնարաւոր լուծումը Հայ Դատի եւ պսակումը հայ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին։

«Ահա թէ ինչո՛ւ Սեւրը կարեւոր հանգրուան մըն է Հայ Դատի լուծման ճանապարհին։ Հանգրուան մը՝ որ, իբրեւ փաստական իրողութիւն, կը նուիրագործէ Միացեալ Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան համազգային մեր Ուխտը, քաղաքական ու իրաւական պատուանդանը կը կազմէ Հայ Դատի եւ Հայկական Հարցի արդար լուծման»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail