Արցախի Իշխանութիւնները Պատրաստ Են Կանխարգիլելու Ազրպէյճանի` Նոր Արարք Նախաձեռնելու Որեւէ Փորձ. Արցախի ԱԳՆ
28 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ: Կարդալ նաեւ՝ Արեւելահայերէն:
Արցախի ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած է հրադադարը պահպանելու պարտաւորութիւնները վերահաստատելու մասին եռակողմ փաստաթուղթի ստորագրման 26-ամեակին մասին:
Յայտարարութեան մէջ յատկապէս ըսուած է. «26 տարի առաջ`26-27 Յուլիս 1994-ին , Արցախի Հանրապետութիւնը, Ազրպէյճան եւ Հայաստան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ ստորագրած են փաստաթուղթ, որուն մէջ կողմերը ամուր վճռականութեամբ վերահաստատած են յետագային եւս իրականացնելու հրադադարը պահպանելու իրենց պարտաւորութիւնները եւ ամրագրելու 12 Մայիս 1994-ին «Կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցման մասին» համաձայնագրի անժամկէտ բնոյթը:
Տուեալ եռակողմ փաստափուղթը, ինչպէս նաեւ 12 Մայիս 1994 -ի եւ հրադադարի ամրապնդման մասին 6 Փետրուար 1995-ի համաձայնագրերը անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծեցին բանակցութիւններու միջոցով ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու համար եւ մինչ օրս խաղաղ գործընթացի հիմք կը ծառայեն: Իբրեւ ոչ միայն ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, այլեւ` ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման գործընթացի կարեւոր բաղադրիչներ, վերոնշեալ համաձայնագրերը եռակողմ բանակցային ձեւաչափի արդիւնաւէտութեան լաւագոյն ապացոյցն են, որուն ծիրէն ներս ալ հնարաւոր դարձաւ անոնց ձեռքբերումը:
Ցաւօք, մենք ժամանակ առ ժամանակ ականատես կ՝ըլլանք ատրպէյճանական կողմի փորձերուն` հրաժարելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման սեփական պարտաւորութիւններէն եւ իրեն իրաւունք վերապահելու` պատերազմ սանձազերծելու, ինչպէս նաեւ խափանելու նշուած համաձայնագրերու գործողութիւնը, որոնք ինկած են խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հիմքին վրայ: Սակայն, նմանատիպ փորձերը մշտապէս հանդիպած են միջազգային հանրութեան կտրուկ բացասական արձագանգին:
2016 թուականին, ի պատասխան Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ նոր պատերազմի սանձազերծման եւ 12 Մայիս 1994 -ի Կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարելու պաշտօնական Բաքուի փորձերուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները` Ռուսիան, ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը, ԵԱՀԿ գործող նախագահը եւ Եւրոպայի խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրին խստօրէն հետեւելու հրադադարի պահպանման պարտաւորութիւններուն` ատով իսկ ճանչնալով 1994-1995 թթ. վերոնշեալ համաձայնագրերու պարտադիր բնոյթը:
12 Յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի մարզի հատուածինվ վրայ Ազրպէյճանի ուղղակի զինուած յարձակման եւ իրավիճակի յետագայ միտումնաւոր սրման ի տես՝ աւելի արդիական կը դառնայ խաղաղ գործընթացի անդառնալիութիւնը ապահովելու եւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հնարաւորութիւնը բացառելու ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ գործնական միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Արցախի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին համաձայնագրերով ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի իշխանութիւնները այսուհետ եւս պիտի շարունակեն ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները երկրի անվտանգութեան ամրապնդման համար, եւ պատրաստ են կանխարգիլելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ նոր յարձակում նախաձեռնելու ցանկացած փորձէ:
yerakouyn.com/2020/07/28/արցախի-իշխանութիւնները-պատրաստ-են-կա/