Թուրք-ազրպէյճանական Զօրավարժութիւններուն Նպատակը Հայաստանը Ահաբեկելն է. Թրքական ԶԼՄ-ներ

Թուրք-ազրպէյճանական Զօրավարժութիւններ

Թուրք-ազրպէյճանական Զօրավարժութիւններուն Նպատակը Հայաստանը Ահաբեկելն է. Թրքական ԶԼՄ-ներ

28 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ ցամաքային զօրքերու եւ օդային ուժերու մասնակցութեամբ՝ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնեն համատեղ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով hurriyet.com.tr

Զօրավարժութիւններուն պիտի ներգրաւուին երկու երկիրներու զինանձնակազմը, զրահամեքենաները, հրետանային միջոցներ, ականանետեր, ինչպես նաեւ ռազմական թռիչքներ եւ ՀՕՊ։

Ըստ ծրագիրի՝ զօրավարժութիւնները ցամաքային զօրքերու ներգրաւումով Օգոստոս 1-5 պիտի իրականացուին Պաքուի եւ Նախիջեւանի մէջ, Յուլիս 29-Օգոստոս 10 Պաքուի, Նախիջեւանի, Գեանճայի, Քիւրտամիրի եւ Եւլախի մէջ՝ ռազմական թռիչքներու ներգրաւումով։

Թրքական լրատուամիջոցները, անդրադառնալով նիւթին, գրած են, որ ասիկա կապուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած յուլիսեան մարտերուն հետ եւ յաւելցուցած, որ Թուրքիոյ եւ Ազտրպէյճանի կողմէ իրականացուող նշեալ զօրավարժութիւններուն նպատակն է ահաբեկել Հայաստանը։

Թուրք-ազրպէյճանական Զօրավարժութիւններ

yerakouyn.com/2020/07/28/թուրք-ազրպէյճանական-զօրավարժութիւնն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail