«Ազատ Օր»-ի խմբագրական – Երէկ Լիզպոն, այսօր Տաւուշ, վաղը Սեւր – Երէկ Լիզպոն, այսօր Տաւուշ, վաղը Սեւր
28 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
«Ազատ Օր»-ի խմբագրական
Ծանօթ բանաստեղծութեան ոճով կամ բառախաղ ընելու միտումով չէ գրուած վերի խորագիրը, այլ առաջին երկու կարեւոր իրադարձութիւններուն միջեւ, հակառակ 37 երկար տարիներու տարբերութեան, իրար կապող թելն է, որ կը շեշտաւորուի Փորթուկալի մայրաքաղաքին մէջ Հինգերու սխրանքով եւ Տաւուշի մարզի սահմանագօտիին վրայ հայոց բանակի ամրակուռ եւ յաղթական կեցուածքով։
Առաջինին մէջ, Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը ամօթալի պարտութիւն կը կրէին, թրքական հող իսկ համարուող դեսպանատան սիրտին մէջ, իսկ երկրորդին՝ թուրք-ազերիական խուժումը ցիր ու ցան կ՚ըլլար հայկական բանակին կողմէ եւ իր փոշիացած հետքերը կը թողուր ռազմադաշտին վրայ։
Երկու տարբեր սերունդներ, տարբեր ժամանակներու ապրած, տարբեր ապրումներով, սակայն հայ ազգի մէկ ու միասնական նպատակին, իտէալին ու խորհուրդին հաղորդ։
Եթէ առաջին արարքին մէջ թշնամին պարտութեան մատնելու արդիւնքը անցաւ հինգ տղոց զոհաբերութեան ընդմէջէն, երկրորդն ալ՝ իր յաղթանակը ամրագրելու գնով, հայրենիքի պաշտպանութեան բագինին զոհաբերեց հինգ հայ զինուորականներ, մեր այսօրուան մարտունակ սերունդի հինգ սքանչելի ծառայողներ, որոնց հերոսացումը եւս, առաջիններուն նման, ստացաւ համազգային յարգանքի արժէք ու տարողութիւն։
***
Այս օրերուն, հայաշխարհը, կազմակերպուած հաւաքներով, խոնարհեցաւ Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակին, մինչ դարձեալ հայաշխարհը ցնցուած է թուրք-ազերիական խուլիկանութեան աննկարագրելի բռնի արարքներուն պատճառով։
Ազդանշանը տուած է արդէն մեծ փաթրոնը՝ Թուրքիան, որ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններու ամօթալի արդիւնքէն ետք, փութաց իր անմիջական հովանիին տակ առնել Ատրպէյճանը, համակարգուած քաղաքական ու ռազմական ծրագրումներով եւ խափանարար գործողութիւններով ջլատել հայութեան կորովը, ապա կտրել հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայորդիներու միջեւ ոգեւորութեան ու մարտունակութեան պորտակապը։
Ժամանակ առաջ, թուրք պետութեան կողմէ, Խորհրդատուական բարձրագոյն մարմինի մը պաշտօնական երեւումով, Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու եւ հայկական պահանջները միանգամընդմիշտ թաղելու առաջին յայտարարութիւններէն ետք, ահա այսօր, Սփիւռքը խանգարելու առաջին բռնի փորձերուն ականատես կ՚ըլլանք՝ Փարիզի մէջ հայերու վրայ յարձակումով, Գերմանիոյ մէջ հայկական դեսպանութեան ինքնաշարժի հրկիզումով, Սպանիոյ մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան վրայ սպառնալից շարժումներով, Մոսկուայի եւ Ուքրանիոյ հայութեան հանդէպ բռնութիւններով, Ս. Ֆրանսիսքոյի «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» վարժարանին ու հայ կեդրոնին վրայ թրքաբարոյ խուլիկաններու տգեղութիւններով։
Ատրպէյճանի կողմէ սարքուած եւ Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ կատարուած բռնութիւններուն անմիջականօրէն հակազդեց հայրենի պետութիւնը, որ շեշտակիօրէն մատնացոյց ըրաւ բուն կազմակերպիչը, ազերի պետութիւնը, յայտնելով՝ «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք տարբեր երկիրներու մէջ ազգամիջեան բախումներ հրահրելու գործելակերպը, որ Պաքուի անպատասխանատուութեան հերթական դրսեւորումն է եւ ամբողջովին կը տեղաւորուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան` երկու ժողովուրդներու միջեւ առանց աշխարհագրական սահմանափակման թշնամութեան հրահրման հռետորաբանութեան եւ քաղաքականութեան մէջ»:
***
Կը գտնուինք նոր տեսակի պատերազմի մը սեմին, որ այս անգամ կը փորձէ թիրախաւորել հայկական հաստատութիւնները, միւս կողմէն՝ թուրք-ազերի ռազմական գործակցութեան այլեւս բացայայտ շարժումներով կը միտի ստեղծել ապակայունացման այնպիսի իրականութիւն մը տարածաշրջանէն ներս ու յատկապէս հայկական սահմաններուն վրայ, որպէսզի Արցախեան հիմնահարցի բանակցութիւններուն մէջ ամբողջութեամբ տկարացնէ հայկական կողմը ու անոր նուաճած ռազմաքաղաքական առաւելութիւնները։
Կը մնայ ազգովին ըլլալ զգօն։ Զգօնութիւնը կը պահանջէ նաեւ, շատ խօսուած, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան մէջ հայրենի պետութեան կողմէ մէկ ու միասնական ճակատի ստեղծումը, որ զերծ պիտի մնայ ներքաղաքական խնդիրներու մթնոլորտէն եւ պիտի երաշխաւորէ համահայկական օրակարգի՝ հայոց անժամանցելի իրաւուքներու ձեռքբերման յաջողութիւնը։
Սեւրի դաշնագիրի 100ամեակը համահայկական օրակարգի առաջին եւ կարեւոր արտայայտութիւնն է։ Սեւրը անժամանցելի է, Թուրքիան ծանօթ է այս իրողութեան։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»
yerakouyn.com/2020/07/28/երէկ-լիզպոն-այսօր-տաւուշ-վաղը-սեւր-ա/