ԱՄՆ-ն Թուրքիային Կոչ Կ՝ընէ Ազատ Արձակելու Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թուրք Գործարարը
29 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները Թուրքիային կոչ ըրած են ազատ արձակելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք գործարար, Օսման Քաւալան։ Ան արդեն 1001-րդ օրն է բանտարկուած է։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
«Կը յորդորենք Թուրքիոյ յարգել իր յանձնառութիւններն ու արդարացի, թափանցիկ եւ արագ հանգուցալուծում տալ գործին», – նշուած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ։
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Պոլիս քաղաքի ծանր յանցագործութիւններու դատարանի որոշումով` սոյն տարուան Փետրուար 18-ին ազատ արձակուած էր «Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը տապալելու փորձ ընելու» մէջ մեղադրուող հասարակական գործիչ, գործարար Օսման Քաւալան։
Սակայն, ժամեր անց, Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը Օսման Քաւալային վերաբերեալ կայացուցած է ձերբակալման որոշում:
Քաւալան այս անգամ կը մեղադրուի 2016 Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու մէջ՝ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 309-րդ յօդուած յատկանիշներով, այն է՝ «Սահմանադրական կարգը խաթարելու փորձ»։
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Facebook-ի միջոցով իր դժգոհութիւնը յատնած է Օսման Քաւալայի ձերբակալման առիթով՝ այդ որոշումը անամօթութիւն որակելով։
Յիշեցնենք, որ Քաւալան յայտնի հասարակական գործիչ է: Հիմնադրած եւ երկար տարիներ ղեկավարած է «Anadolu Kultur» հիմնադրամը՝ տարիներ շարունակ իրականացնելով նաեւ հայկական մշակոյթը ներկայացնող քայլեր։ Քաւալան ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ խստիւ դատապարտած զայն։
yerakouyn.com/2020/07/29/ամն-ն-թուրքիային-կոչ-կ՝ընէ-ազատ-արձակե/