Իսրայէլ Պէտք է Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելը Դադրեցնէ․ ՀՀ ԱԳ Նախարար

Minister of Foreign Affairs of Armenia Zohrab Mnatsakanyan

Իսրայէլ Պէտք է Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելը Դադրեցնէ․ ՀՀ ԱԳ Նախարար

29 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ըսած է, որ Ազրպէյճանին վաճառուած իսրայէլական զէնքը կ՛օգտագործուի հայկական քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելու համար, եւ Իսրայէլը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ այդ երկրին զէնք վաճառելը:

«Մեդիամաքս»-ի փոխանցմամբ՝ The Jerusalem Post-ին տուած հարցազրուցի ժամանկ, որ հրապարակուած է Յուլիս 29-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նկատել տուած է, որ վերջին տարիներուն հայ-իսրայէլական յարաբերութիւնները բարելաւուած են, սակայն Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելը կը շարունակէ մնալ չլուծուած խնդիր երկու երկիրներու միջեւ:

«Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը ճակատագրական է, քանի որ Ազրպէյճան երբեք չի յապաղիր այդ զէնքը օգտագործելու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակչութեան դէմ: Մենք հետեւողականօրէն պիտի զբաղինք այս խնդրով, ան միշտ մեր օրակարգի բաղկացուցիչ մասը պիտի ըլլայ ` ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ հարթակներու վրայ: Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ Ազրպէյճանի հետ այս մահաբեր գործը»,- ըսած է Մնացականեան:

Պատասխանելով Հայաստանի կողմէ յաջողութեամբ խոցուած իսրայէլական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերու մասին հարցին` ան ըսած է, որ Հայաստան գործած է ընդդէմ Ազրպէյճանին` հաշուի չառնելով, թէ որտեղէն են այդ զէնքերը:

«Մեզի համար ատոնք մահաբեր են, քանի որ կը սպաննեն մեր բնակչութիւնը: Մեր զինուած ուժերը չէզոքացուցած են ազրպէյճանական զէնքերը` անկախ անոր ծագումէն: Ազրպէյճանի ստացած զէնքի եւ այդ զէնքը Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն, բնակչութեան դէմ կիրառելու վերաբերեալ բազմաթիւ փաստեր կան, եւ յուլիսեան իրադարձութիւնները եւս լրացուցիչ ապացոյց են»,- ըսած է նախարարը:

Minister of Foreign Affairs of Armenia Zohrab Mnatsakanyan

yerakouyn.com/2020/07/29/իսրայէլ-պէտք-է-ազրպէյճանին-զէնք-վաճառ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail