Կաղնին Երբեւէ Խոնարհուա՞ծ Է․ Լիզպոնի Հնգեակի Յիշատակին ․ Լիզպոնի Հնգեակի Յիշատակին

Կաղնին Երբեւէ Խոնարհուա՞ծ Է․ Լիզպոնի Հնգեակի Յիշատակին ․ Լիզպոնի Հնգեակի Յիշատակին

29 ՅՈՒԼԻՍ 2020 –

Ցեղասպանութենէն մօտ վաթսուն տարի անց` 1970-80-ական թուականներուն, երբ աշխարհը կը շարունակէր մնալ անտարբեր հայերուն նկատմամբ, եւ Հայկական հարցը փոշէծածկ թղթապանակներուն յատակն էր, հասակ կ՝առնէր սերունդ մը, որ պիտի մրրկեղէն քամիի նման փոթորկէր հոգիներ ու յաղթանակած Մայիսներու ոգեշունչ հաւատքով հարթէր ուղին մեր նորօրեայ պատմութեան:

1970-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ` Սփիւռքի մէջ կազմաւորուեցան քանի մը յեղափոխական կազմակերպութիւններ, որոնք յանձն առին հայերու պահանջի ձայնը լսելի դարձնել, «մինչեւ արդարութիւն» պայքարիլ՝ գաղափարականչի շեփորը հնչեցնելով։

Նպատակը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայ Դատին սեւեռելն էր, մոռացութեան մատնուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը փոշածածկ թղթապանակներէն հանելն ու միջազգային օրակարգ բերելը։

Մեր արդար իրաւունքներու պահանջատիրական երթի առաջամարտիկներէն էին «Հայ Յեղափոխական բանակ»-ին զինուորագրուած հինգ` գաղափարի մարտիկներ` Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան, Ցեղասպանութեան սերունդներու որդիներ, որոնք 1983 թուականի Յուլիս 27-ին Լիբանանէն «արշաւեցին» Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոն՝ գրաւելու թրքական դեսպանատունը: Գործողութեան ժամանակ փորթուկալացի ոստիկանի գնդակէն՝ դեսպանատան դրան մօտ զոհուեցաւ Սիմոնը՝ 21 տարեկան լռակեաց եւ համեստ Սիմոնը, որուն անբաժան սրինգը այդ օր չէր ընկերակցեր իրեն։

Տղաքը, սակայն, պատասխան կրակ չբացին, քանզի անոնք «բնական մահով պիտի չմեռնէին. զոհը պիտի չըլլային ճակատագրի խաղերուն»: Անոնք Հայ Դատի զինուորներ էին.…

«Մենք որոշած ենք պայթեցնել այս շէնքը եւ մնալ անոր փլատակներուն տակ։ Ասիկա ո՛չ ինքնասպանութիւն է, ոչ ալ խելագարութեան դրսեւորում մը, այլ ընդհակառակն՝ մեր զոհաբերումն է ազատութեան բագինին»։

Չանցած որոշ ժամանակ` դեսպանատունը քարակոյտ էր, եւ Լիզպոնը դարձած էր թատերաբեմը անձնուիրումի արարի մը, հնար գտած «խենթեր»ու հերոսական ողջակիզման վկան:

Հայ Յեղափոխական բանակի գործունէութիւնը նշեալ սերունդի` անարդարութիւններուն եւ հայրենազրկման ծանր իրականութեան հակազդելու միակ միջոցն էր, քանի որ դիւանագիտական աշխարհը սուսուփուս աչք կը փակէր` մեր ցաւի եւ իրաւազրկման ի տես։ Այլեւս անարդիւնք էին խօսքերը, անհրաժեշտ էր գտնել այլ ճանապարհ, որպէսզի դադրէինք ըլլալէ ուրիշի տիրապետութեան տակ ապրողներ, ուրիշի խամաճիկներ:

«Առանց Հայրենիքի առանց մայր հողին ՝ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ»:

Հայ ժողովուրդի ինքնակողմնորոշման միակ ելքը զինուած պայքարն էր։

«Նախնիներու ազատ եւ անկախ հայրենիքին մէջ ապրելն ու զարգանալը հայ ժողովուրդի իրաւունքնէ»:

Զինեալ պայքարը արդարացի պոռթկում էր, եւ Լիզպոնը` անոր հրաբխային գագաթնակէտը։ Պահանջատիրական շարք մը գործողութիւններէ ետք կոտրուեցաւ լռութեան պատը, եւ մեծ թափով սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը։

Դալար կեանքերով այս երիտասարդները հանգստաւէտ, ապահով եւ վայելուչ կեանքը հեգնեցին, քաջ գիտակցելով իրենց արարքին անհրաժեշտութիւնը, գացին դղպի անձնազոհութիւն` հաւատալով, որ պիտի տիրանանք մեր Հայրենիքին։ Անոնք երբեւէ Հայրենիքը չէին տեսած, միայն լսած էին հերոսական պատմութիւններ, սնուած ֆետայիներու պայքարի վառ էջերով։ Ապրած էին Հայաստանով, եւ ինչպէս որ հայ ֆետային չէ յուսահատած, նպատակին հասնելու համար զոհաբերած է ամենաթանկը, նոյնպէս եւ անոնք, Հայրենիքը դաւանանք դարձուցած, ինկան տառապեալ հայ ազգի իրաւունքներու վերականգնման համար։

Անոնց անձնուիրումի օրինակը հայկական սփիւռքի մէջ հայ պահեց սերունդներ եւ Հայ Դատի պայքարի պատնէշին զգօն երիտասարդներ կերտեց ու յետագային նաեւ Արցախեան շարժման համար խոնարհ հերոսներ պատրաստեց:

Շիրազեան տողերով՝ կը վերահաստատենք, որ քանի ունեցած ենք Լիզպոնի նուիրեալներ, քանի վառ է անոնց գերագոյն նուիրումի յիշատակը մեր սրտերուն մէջ, մեզի անհնար է շեղել մեր ուղիէն, աղաւաղել մեր տեսլականը եւ կամ հեռացնել մեր Հայրենիքէն:

Յիշեք, հայե՛ր, որ վայր ընկան

Անվերադարձ մահով, սակայն,

Սարգիս, Սեդրակ, Արա Սիմոն,

Ինքը՝ Վաչէն՝ յանց երգեհոն,

Մեզ կը կանչեն ու գան պիտի

Ի սէր, գերուած Արարատի,

Ի սէր հայոց մայր հողերին՝

Ընդդէմ հողաց թուրք գողերին:

Ամբողջական արդարութեան հասնելու ճանապարհը բարդ է եւ երկար: Սակայն իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան կը պահանջէ եւ կը պարտադրէ իւրայատուկ մարտավարութիւն։ Երէկ Լիզպոնէն կրակ կը թափուէր թշնամիի գլխուն, այսօր Տաւուշէն կը հրդեհուին թշնամիի դիրքերը: Այսօր աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ բարձր կը հնչէ հայ երիտասարդի բողոքի ձայնը, եւ անիկա պիտի չի լռէ` մինչեւ արդարութեան վերահաստատումը:

Հայ մարտիկի արդար բազուկը միշտ կը հարուածէ անվրէպ՝ զինուած հաւատքով եւ ազատատենչ հայու վեհանձն ոգիով: Իսկ պահանջատէր հայ երիտասարդի ձայնը միշտ կը հնչէ աներեր` համակուած հայրենիքի նկատմամբ ունեցած պատասխանատւութեան բարձր գիտակցումով, բազմապատկելով հայ մարտիկի հասցուցած հարուածին ուժը։ Այսպէս հայ մարտիկն ու պահանջատէր հայ երիտասարդը անշեղօրէն, ուս ուսի կը գործեն ու կը ծառայեն մէկ վեհ նպատակի՝ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի կերտման։

Միջոցները կը փոփոխուին՝ կախուած ժամանակներէն, իսկ նպատակը կաղնիի ծառի պէս է` անկոտրում։

Իսկ ի՞նչ է, կաղնին երբեւէ խոնարհուա՞ծ է։

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւն

yerakouyn.com/2020/07/28/կաղնին-երբեւէ-խոնարհուա՞ծ-է․-լիզպոնի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail