Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Եւ Ֆրանսայի Դեսպաններուն Հետ

Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Եւ Ֆրանսայի Դեսպաններուն Հետ

30 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ Քննարկուած Են Թուրք-Ազրպէյճանական Միացեալ Զօրավարժութիւնները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը 29 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի նորանշանակ դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան զինուորական կցորդ, գնդապետ Մեհտի Ուեճտանին: Այս մասին «Երկիր»-ին կը յայտնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած գործողութիւններու ընթացքին մեծ քանակութեամբ արդիական անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկման փաստին եւ անոնց դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան:

Նկատի ունենալով շրջանային անվտանգութեան խնդիրները` զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակած են թուրք-ազրպէյճանական միացեալ զօրավարժութիւններու բնոյթին վերաբերեալ, գնահատած են անոնց հաւանական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման տեսանկիւնէ:

Հանդիպում Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 29 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան ընթացիկ խնդիրներ:

Ներկայացնելով հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ Արցախ-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին մէջ վերջին օրերուն տիրող իրավիճակը` պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Ֆրանսայի` իբրեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան դերակատարութիւնը լարուածութեան թուլացման եւ բանակցային գործընթացի շարունակութեան մէջ:

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան` անդրադառնալով թուրք-ազրպէյճանական միացեալ զօրավարժութիւններուն` նշած է, որ բուն ռազմական տեսանկիւնէն անոնց մարտավարական բնոյթը մտահոգիչ չէ, սակայն կարեւոր է, որ զօրավարժութիւնները չվերածուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու, պաշտպանական կառոյցներու եւ այլ ենթակառուցուածքներու անմիջական դրացնութեամբ սադրիչ գործողութիւններու:

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շեշտած է, որ հայկական կողմը ուշադիր պիտի հետեւի զօրավարժութիւններու ընթացքին եւ հետագայ զարգացումներուն:

Դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ` վերահաստատելով Ֆրանսայի միջնորդական դերակատարութիւնը տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման գործին մէջ, իր կարգին բարձր գնահատած է այս ամբողջ ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող ազգայնական շեշտադրումներէ եւ դրսեւորումներէ, ինչպէս նաեւ պատերազմական կոչերէ զերծ հաւասարակշիռ մթնոլորտը:

aztagdaily.com/archives/479253

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail