«Ֆրանսան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Ներդրէ` Ղարաբաղեան Տագնապի Քաղաքական Լուծման Համար» Կ՛ըսէ Լը Տըրիան
30 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան երկրի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարած է, թէ Ֆրանսան բոլոր ջանքերը պիտի ներդրէ Ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Էլ.Սէ.Փէ.» թուիթըրեան հաշիւը:
Նախարարը նշած է, որ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ արձանագրուած վերջին լարուածութիւնը մտահոգութիւն կը ստեղծէ, մանաւանդ որ բախումները տեղի ունեցած են ոչ թէ Արցախի, այլ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ:
«Զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ: Պէտք է քաղաքական լուծում գտնել, եւ ես յոյսով եմ, որ կարելի պիտի ըլլայ ատիկա ընել», ըսած է Լը Տըրիան:
Ան նշած է, որ Ֆրանսան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներէն մէկն է, որ կը զբաղի հակամարտութեան լուծմամբ:
aztagdaily.com/archives/479267