«Թուրքիան Ազրպէյճանի Կողքին Է, Անկախ Անկէ Թէ Որոնք Կը Սպառնան Անոր` Հայաստանը, Թէ Ռուսիան» Կ՛ըսէ Քալըն

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

«Թուրքիան Ազրպէյճանի Կողքին Է, Անկախ Անկէ Թէ Որոնք Կը Սպառնան Անոր` Հայաստանը, Թէ Ռուսիան» Կ՛ըսէ Քալըն

30 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ վերջին հեռաձայնային զրոյցին:

Քալըն նշած է, որ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախագահները քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը:

Հայաստանը բռնագրաւող կոչելով` ան յայտնած է.«Այստեղ բռնագրաւող կողմը Հայաստանն է: Մեր նախագահը մէկ օր առաջ այդ մասին յայտնած է Փութինին: Ան նաեւ ըսած է.«Օգտագործեցէք Հայաստանի հետ ձեր յարաբերութիւնները` այս լարուածութիւնը մեղմացնելու համար»:

Յիշեցնելով, որ Ռուսիան ռազմափորձեր կը կատարէ Հայաստանի հետ` Քալըն նշեց. «Ռուսիան ռազմափորձեր կը կատարէ: Մենք եւս միացեալ ռազմափորձեր պիտի ունենանք Ազրպէյճանի հետ: Դուք պայմանագիր ունիք Ազրպէյճանի հետ` զինուորական անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող:

«Մեր նախագահին մօտեցումը հետեւեալն է. անկախ անկէ, թէ որո՛նք կը սպառնան Ազրպէյճանին, ըլլայ ատիկա Հայաստանը, թէ Ռուսիան, Թուրքիան պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կողքին: Բայց եւ այնպէս, ասիկա չի նշանակեր դիւանագիտական ուղիներու փակում, այլ հակառակը: Եւ հեռաձայնային զրոյցը կը հաստատէ այս փաստը: Կրնամ ըսել, որ Փութինի հետ հեռաձայնային զրոյցը լաւ արդիւնք տուաւ:

«Անոնք եկած են հետեւեալ համաձայնութեան. մենք միասին պիտի աշխատինք` միացեալ քայլերու ձեռնարկելով լարուածութիւնը նուազեցնելու համար, թող Թուրքիան եւ Ռուսիան երկու կողմերուն ներկայացնեն անհրաժեշտ առաջարկներ եւ կարելի եղածին չափ շուտ սկսին բանակցութիւններուն», նշած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

aztagdaily.com/archives/479264

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail