ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Թուրքիոյ Ուղղուած Ռուսական Զգուշացում, Յորդոր Եւ Յիշեցում
30 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
12 յուլիսին կատարուած ազրպէյճանական յարձակումին պատճառով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուած մթնոլորտէն ու ազրպէյճանական կողմին ստացած ծանր հակահարուածէն ետք, Թուրքիոյ նախագահը, արտաքին գործոց նախարարն ու պաշտպանութեան նախարարը ամբողջական աջակցութիւն յայտնեցին Ազրպէյճանին ու սպառնացին Հայաստանին` յայտարարելով. «Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանին տալու այն դասը, որուն արժանի է»: Ռուսիա թրքական կողմի սպառնալիքներուն տուաւ զգուշացման բնոյթի` զինուորական եւ յորդորական բնոյթի ու յիշեցման կարգով` դիւանագիտական պատասխաններ:
Զինուորական գետնի վրայ, 17 յուլիսին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայած է Հարաւային եւ Արեւմտեան զինուորական շրջաններու, անկարգելաւորներու, Հիւսիսային եւ Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմիղներու ծովային հետեւակի անակնկալ ստուգում կատարել: Շոյկու մանրամասնեց, թէ ստուգման ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան 56 մարտավարական ռազմափորձեր, որոնց պիտի մասնակցին շուրջ 150 հազար զինուորներ, աւելի քան 26 հազար սպառազինութիւն, 414 թռչող սարքեր, 106 նաւեր: Մոսկուա այդպիսով զգուշացման գործնական եւ խօսուն պատգամ մը յղեց թրքական կողմին, թէ Հայաստանին «դաս տալ»-ը արգիլուած է:
Ինչ կը վերաբերի դիւանագիտական ոլորտին` 13 յուլիսին հաղորդուեցաւ, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է. «Ռուսական կողմը կարեւոր կը նկատէ, որ Մինսքի խմբակի բոլոր անդամները զերծ մնան այնպիսի յայտարարութիւններէ, որոնք յաւելեալ սրացման կրնան յանգեցնել հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ առանց այդ ալ լարուած իրավիճակը»: Անոր հետեւեցան այլ նոյնիմաստ յայտարարութիւններ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ իր կարգին 16 յուլիսին նշեց. «Այժմ միջազգային ընտանիքի առաջնահերթ խնդիրը վերջին օրերուն տեղի ունեցողին ըստ կարելւոյն արագ դադրեցումն է: Այս առումով շատ կարեւոր է Մինսքի խմբակի անդամ հանդիսացող պետութիւններու հաւասարակշռուած դիրքորոշումը, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով զբաղող Մինսքի խմբակին մէջ աւելի շատ պետութիւններ կան, քան միայն երեք համանախագահները: Այդ երկիրները, որոնք սահմանակից են շրջանին, պէտք է առաւելագոյն հաւասարակշռութիւն, պատասխանատուութիւն եւ զսպուածութիւն դրսեւորեն, ներառեալ` հանրային հռետորաբանութեան մէջ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը 23 յուլիսին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցած յարձակումներուն վերաբերող հարցեր, եւ ռուսական կողմը անհրաժեշտ նկատած է գործադրել հաւասարակշռուած մօտեցումներ եւ զսպող ազդեցութիւն ունենալ տագնապին մէջ ներքաշուած կողմերուն վրայ` իրավիճակի հետագայ սրումը կանխարգիլելու, հայ-ազրպէյճանական սահմանին անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող ջանքերը աշխուժացնելու համար:
Յստակ է, որ Լաւրով «Մինսքի խմբակի բոլոր անդամները» ըսելով նկատի ունի Թուրքիան: Ռուտենքօ ատիկա աւելի յստակ դարձնելու համար կը մատնանշէ, թէ խօսքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ եւ տագնապի շրջանին սահմանակից երկիրներուն մասին է: Մոսկուան այդ ձեւով եթէ մէկ կողմէ Անգարան կը յորդորէ Հայաստանին չսպառնալու, միւս կողմէ` անոր կը յիշեցնէ, թէ ան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար ստեղծուած Մինսքի խմբակին անդամ պետութիւն է, ուստի եւ պէտք է յարգէ այդ կարգավիճակէն բխող վարմունքի պարտադիր արժեչափերն ու սահմանափակումները, ըստ որոնց, ան չի կրնար կողմնակալ ըլլալ, հաւասարակշռուած դիրքորոշում չունենալ եւ կատարել այնպիսի անպատասխանատու յայտարարութիւններ, որոնք կացութիւնը առաւել եւս կը սրեն եւ ուղղակիօրէն կը հակասեն խմբակի ստեղծման ու անդամակցութեան նպատակին:
Թուրքիոյ ղեկավարներուն հնչեցուցած սպառնալից յայտարարութիւնները, սակայն, ճիշդ այդ բոլորը կը կատարեն, ուստի եւ հարցականի տակ կը դնեն Թուրքիոյ` Մինսքի խմբակին անդամակցութիւնը, այդ անդամակցութեան նպատակայարմարութիւնն ու անկեղծութիւնը:
aztagdaily.com/archives/479089