ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Վախթանգ Անանեան (1905-1980). Հայաստանի կենդանական աշխարհին եւ կանաչ բնութեան մարդապաշտ պատմիչը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Վախթանգ Անանեան (1905-1980).
Հայաստանի կենդանական աշխարհին եւ կանաչ բնութեան մարդապաշտ պատմիչը
26 Յուլիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Յուլիս 26ի այս օրը, 115 տարի առաջ, հայոց հողի գեղեցկագոյն շրջաններէն Դիլիջանի մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ Վախթանգ Անանեան անունով շնորհալի մանուկ մը, որ ի վերուստ կոչուած էր եզակի բարձունք մը նուաճելու արդի հայ գրականութեան մէջ։
Որսորդական արկածախնդրութեանց կախարդանքը, կենդանական աշխարհի վայրի, այլեւ անսպառ կենսունակութիւնը եւ հայրենի կանաչ բնութեան ամբողջ գեղեցկութիւնը, իրենց ամենայն պարզութեամբ ու մարդապաշտական խոր ընկալումով, տաք ու համով հացի պէս ձեռքէ ձեռք խլուող գրական սնունդի վերածուեցան Վախթանգ Անանեանի գրչին տակ։
Հայոց սերունդներու պատանեկան տարիքի ընթերցանութեան անբաժան ընկերակիցը դարձան իր «Յովազաձորի գերիները», «Սեւանի ափին» եւ «Որսորդական պատուածքներ» շարքի բազմահատոր գործերը, ուր Վախտանգ Անանեան ի մի բերաւ պարզ ու վճիտ հայերէնով, կերպարներու եւ պահերու դիպուկ շնչաւորումով, գեղարուեստական պատումի տաղանդով եւ մարդկային ու բնական աշխարհի պաշտամունքով յագեցած գրական հարստութիւն մը։
Մեծն Պարոյր Սեւակ փաստօրէն կ՚արտայայտէր մեր ժողովուրդին անխառն գնահատանքը՝ օրին հաստատելով, որ «Վ. Անանեանի «Սեւանի ափին» վիպակը մի նոր նուաճում է ինչպէս հեղինակի, այնպէս էլ մեր գրականութեան համար։ …Նա գրում է հիւթեղ, պարզ ու հասկանալի, ժողովրդական բառ ու բանով հարուստ, հետաքրքիր լեզուով։ Նրա լեզուամտածողութիւնը գերազանցապէս հայերէն է, զերծ օտարութիւններից»։
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ գրական-ստեղծագործական ժառանգութիւնը Վ. Անանեանի, որու կեանքն ու գործը առաջնորդուեցաւ այն փիլիսոփայութեամբ, թէ «այն՝ ինչ մարդը կարող է սովորել ու հասկանալ դժբախտութեան մէկ օրում, չի կարող հասկանալ բարեկեցիկ կեանքի մի քանի տարում»…
*
* *
Հայ գրականութեան մէջ որսորդական պատմուածքի կախարդական աշխարհը նուաճած մեծանուն գրողը ծնած էր 1905ի Յուլիս 26ին (Նոր Տոմարով՝ Օգոստոս 8ին), Դիլիջանի գաւառի Պողոսքիլիսա (հետագային՝ Շամախեան) գիւղը (այժմ՝ Դիլիջան քաղաքի շրջակայքը)։
Մանկութիւնը անցուց հայրենի գիւղին գիրկը։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ տեղւոյն գիւղական դպրոցին մէջ։ 1915ին ընդունուեցաւ Դիլիջանի ծխական դպրոցը, բայց ուսման վարձը չկարենալով վճարել՝ երկու տարի յետոյ դուրս մնաց դպրոցէն։
Ինչպէս Հայկական Հանրագիտարանը կը վկայէ՝ հետագային, Վ․ Անանեան ցաւով պիտի յիշէր՝ «Աւարտուեց իմ ուսման ժամանակաշրջանը։ Դրանից յետոյ իսկական դպրոց այլեւս չեմ տեսել։ Իմ դպրոցը եղել է մայր բնութիւնը, որի գրկում ես մեծացել եմ»։
1926ին տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր աշխատեցաւ «Մաճկալ» (1930-1931), «Սոցիալիստական Գիւղատնտեսութիւն» (1931¬1935) թերթերու խմբագրութեանց մէջ։ Եղաւ «Կոլխոզնիկ» թերթի պատասխանատու խմբագիր (1935)։
1941ին, հարիւր-հազարաւորներու շարքին, Վ. Անանեան իր կարգին զօրակոչուեցաւ բանակ եւ մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, մասնակցեցաւ Խորհրդային Միութեան մղած այսպէս կոչուած Մեծ Հայրենականին։
Նախախնամութիւնը զինք ողջ պահեց եւ 1945ին, վերադառնալով պատերազմէն, Վ․ Անանեան նոր թափով վերսկսաւ ստեղծագործական իր աշխատանքը։
Այդպէ՛ս, տասնամեակներու վրայ երկարած իր անխոնջ աշխատանքով ու բեղմնաւոր գրիչով, Վ. Անանեան արժանաւորապէս դարձաւ հայ գրականութեան մէջ արկածային պատումի գրական սեռին հիմնադիրը՝ ստեղծելով հայ արձակի մնայուն արժէքներ։ Ընթերցող լայն հասարակութեան առջեւ բացաւ կախարդանքներու նոր աշխարհ մը եւ հրաշքներու ամբողջ նոր գանձարան մը, որոնք գերեցին մանուկ թէ տարեց ընթերցողին։ Իր ստեղծագործութիւնները մեծ ճանաչումի եւ լայն ժողովրդականութեան արժանացուցին Վ. Անանեանին։
Իր առաջին ստեղծագործութիւնը՝ «Չոլախ Թաքոն» հրատարակուեցաւ «Պիոներ» ամսագրի էջերուն, 1927ին։ Իսկ առաջին վիպակը («Կրակէ օղակի մէջ») լոյս տեսաւ 1930ին։ 1934ին հրատարակեց «Որս» անունով պատմուածքներու ժողովածուն, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր բնութեան եւ շուտով ընթերցողը փարեցաւ անոր գրչին՝ իբրեւ հայրենի բնաշխարհը հետաքրքիր ու գեղեցիկ պատկերներով նկարագրող հեղինակի։
Իր մեծարժէք գործերէն համարուող «Սեւանի ափին» վիպակը լոյս տեսաւ 1951ին։ Այդ գործով հեղինակը հաստատագրեց իր մարդասիրական եւ հայրենասիրական շունչը, հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը կեանքով շնչաւորուելու տաղանդը, համոզիչ կերպարներ ստեղծելու արուեստը եւ գրելաձեւի ինքնատպութիւնը։
1947էն 1966 լոյս տեսան Վ. Անանեանի որսորդական պատմուածքներու վեց պրակները։ Այս շարքը նոյնպէս նուիրուած է հայրենի բնաշխարհին՝ սակայն արդէն բնութիւն-մարդ կապի գեղարուեստական իմաստաւորումով։
*
* *
Իր մշակած գրականութեամբ՝ Վ․ Անանեան յատուկ շեշտ դրաւ մայրական սիրոյ զգացումին վրայ։
Մանկութենէն մօրը կորսնցուցած ըլլալով՝ Անանեան բնութեան մէջ փնտռեց ու գտաւ մայրական սէրն ու ջերմութիւնը եւ յաճախ փիլիսոփայօրէն խորհրդածեց, որ «մօր սիրտը մէկ է. կ՚ուզէ մարդ լինի, կ՚ուզէ կենդանի»։
Հայկական պատմավէպի մեծանուն վարպետը՝ Սերօ Խանզադեան իրաւացիօրէն նշեց ատենին, թէ «Անանեանը ունի ի՛նչ ասել ամէն մէկի սրտին։ Ինքը շատ բաներ է տեսել, շատ բաներ գիտի։
Հաւատարիմ լինելով հայ դասական գրականութեան աւանդոյթին՝ ինքը գրում էր ժողովրդի լեզուով, ժողովրդի մասին եւ ժողովրդի համար»։
Իր կեանքի վերջալոյսին Վ. Անանեան լոյս ընծայեց իր «Հին վրանի փոքրիկ բնակիչը» եւ «Ո՞ւր են տանում կածանները» վէպերը, որոնք ինքնակենսագրական բնոյթ ունին եւ պատումներ են՝ նուիրուած հեղինակի մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն պատահած դէպքերու եւ դրուագներու։
Այս բոլորով՝ Վախթանգ Անանեան դարձաւ հայ գրականութեան ամէնէն ժողովրդական դէմքերէն մէկը։ Իսկ գրական վիճակագրական տուեալներով՝ հայ գրողներու շարքին, իր երկերու թարգմանութեամբ, Անանեան կը գրաւէ առաջին դիրքերը։
Իր երկերը հրատարակուած են ռուսերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով, չինարէնով, ճափոներէնով, չեխերէնով, պուլկարերէնով, պենկալերէնով, հնդկերէնով եւ այլ լեզուներով։
Անանեան փաստօրէն կրցաւ գրաւել նաեւ այլ ազգերու ընթերցողները՝ անոնց հոգիին մէջ եւս հետաքրքրութիւն առաջացնելով բնութեան ու կենդանական աշխարհի նկատմամբ։
Հայ գրականութեան եզակի դէմքերէն Վախթանգ Անանեանի ծննդեան 115րդ տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս էջը կ՚արժէ եզրափակել չեխ գրող Ե. Եդլիչկայի խօսուն գնահատականով.-
«Վ. Անանեանի ստեղծածը մի գրականութիւն է, որ հաւասարապէս կարող է հմայել ե՛ւ մեծերին, ե՛ւ փոքրերին։ Չեխ ընթերցողը երախտապարտ է հայ ականաւոր գրողին՝ պատճառած բերկրանքի, հայոց լեռնաշխարհում այդքան հմայիչ հեռակայ ճանապարհորդութիւն տանելու համար»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ