Երբ Դիւանագիտական Ճապկումները Կը Շշջանցեն Ցեղասպանական Միտումները. Յ. Պալեան

Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922 – Today the Turkish government

Երբ Դիւանագիտական Ճապկումները Կը Շշջանցեն Ցեղասպանական Միտումները. Յ. Պալեան

31 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Ատելութեան դէմ սակարկութիւն հնարաւոր չէ, մեղսակցութիւն հնարաւոր չէ, չկայ վիճարկում:

Ժագ Շիրաք, Ֆրանսայի նախագահ

Թատերական խաղ եւ երեւակայական հնար չեն Հայաստանի Մեծամօրի հիւլէակայանին ռմբակոծման ազերիական սպառնալիքները: Պարզ. այդ մասին եղած է քաղաքական միտք: Մտածած են:

Մինսքի խմբակի համանախագահները, որոնք կը ներկայացնեն երեք մեծ պետութիւններ, փոխանակ զգաստութեան հրաւիրելու Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը, ճշդելով որ մարդկութեան դէմ գործուելիք ոճիրի մասին մտածելն անգամ ոճիր է, գաղջ եւ վարդաջուր խօսքով կոչ կ’ուղղեն՝ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներու սպառնալէ զերծ մնալ:

Օդին մէջ՝ կոչ, սպառնացողին եւ սպառնալիքի ուղղուած հասցէին: Հաւասարապէս: Այսինքն չքմեղացուած է սպառնացողը:

Իրաւարարութեան ինքնատիպ մօտեցում մը, որ կրնայ թարգմանուիլ որպէս քաջալերանք: ԱՐՄԷՆՓՐԵՍի լրատուութիւնը հարկ է կարդալ այնպէս ինչպէս որ է, եւ ապա զայն բանալ իր շփոթեցնող խորքին վրայ: Լրատուութիւնը կ’ըսէ. «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիք հրապարակեցին յայտարարութիւն մը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերու բախումներուն վերաբերեալ»:

Ինչո՞ւ այսքան մսկոտ են համանախագահները, որոնք մեծ երկիրներու ներկայացուցիչներ են, եւ համարձակութիւն չունին, ֆրանսական պարզ ասութեամբ, կատուին կատու ըսելու: Այսինքն՝ չչարչարել բառերը, չխուսափիլ իրականութիւններէ: Յաճախ գրողները աւելի պայծառատես են, քան դիւանագէտները, որոնք կը կիրարկեն ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու աճպարարութիւնը: Այս մասին դիպուկ է ֆրանսացի իմաստասէր եւ յանձնառու գրող Ժան-Փոլ Սարդրի խօսքը, որ կը վերաբերի գրողներու, եւ զայն կարելի է ընդհանրացնել մեծերու եւ պզտիկներու արտաբերած եւ գրած խօսքին, այինքն՝ քաղաքականութեան, դիւանագիտութեան: Ան կ’ըսէ. «Գրողին պաշտօնն է կատուն կատու կոչել: Եթէ բառերը հիւանդ են, մեր պարտականութիւնն է զանոնք բուժել: Փոխարէն, շատեր կ’ապրին այդ հիւանդութեամբ»:

Ժան-Փոլ Սարթրի խօսքը կը լսե՞ն համանախագահները, որոնք կը թելադրեն «սադրանքներէ խուսափիլ»: Աւելի ճիշդ եւ արդար պիտի ըլլար սադրանքներու հեղինակներու հասցէն բացայայտել, եւ փոխանակ բաւարարուելու մարզադաշտի իրաւարարի սուլիչը փչելով, համանախագահներու պատկանած հզօր երկիրները պէտք է խաղաղութիւն եւ իրաւունք հաստատելու համար իրենց խօսքին ընկերացնեն սադրանքի-սադրիչի դէմ իսկական քաղաքական կամք: Ինչպէ՞ս կարելի չարիքի սպառնալիքի հեղինակին եւ այդ սպառնալիքի թիրախին նկատմամբ նոյն վերաբերումը է ճշդել:

Միջազգային հանրութիւնը միամիտ չէ: Միամիտ չեն նաեւ համանախագահները: Բացայայտ իրողութիւն է, որ արցախեան խնդիրը տեսակ մը խաղաղթուղթ է, զոր ազրպէյճանի ղեկավարները կ’օգտագործեն զանգուածի ներքին դժգոհութիւններու հունը փոխելու համար, ամբոխի մոլեռանդութեան առջեւ պարզելով հայկական վտանգի եւ սպառնալիքի կարմիր լաթը, ներքին միասնութիւն ստեղծելու համար: Այսքան թափանցիկ է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան խաղը, որ ինքնահաստատման համար եւ ժողովրդական դժգոհութիւններուն դիմաց կը շահագործէ թուրք-ազերի ամբոխի հակահայ դասական մոլուցքը, ինչպէս այդ ըրած էր եւ կը շարունակէ ընել իր պաշտպան երէց եղբայրը:

Համանախագահները, եւ անոնց պատկանած երկիրները, հրահրուող կիրքի ստեղծման եւ հետեւանքներուն համար պատասխանատու են, պիտի ըլլան: Այս տրամաբանութեամբ ալ, Հայաստանի, հայերու եւ անոնց բարեկամներու բողոքը պէտք չէ որպէս թիրախ ունենայ միայն Ատրպէյճանը, այլ նաեւ մերօրեայ Պիղատոսները, որոնք անձնատուր կ’ըլլան դիւանագիտական ճապկումներու եւ դասական դարձած մսկոտութեամբ «կատուին կատու» չեն ըսեր: Մինչեւ այն ատեն, որ այս քաղաքական կամքը շարունակէ բացակայիլ, համանախագահները կրնան շարունակել երթեւեկը, բազմապատկել տեսակցութիւնները:

Ատրպէյճանը նաւթային առատ եկամուտներու երկիր է: Յետ-խորհրդային շրջանի ընտանեկան-աւատապետական-վերնախաւային խմբակը այդ հարստութիւնը չ’օգտագործեր ժողովուրդի բարիքին համար, եւ անձնատուր կ’ըլլայ անսանձ կողոպուտի: Ոեւէ տեղէ աւելի, յետ-խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ ծաւալած փտածութիւնը, կոռուպցիան, դարձած է ընտանեկան-ժառանգական համակարգ, եւ նաւթի մանանայէն չօգտուողներու դժգոհութեան պատճառ:

Միջազգային համայնքը, շրջանային խաղաղութիւն կարենալ հաստատելու համար, այլապէս պէտք է հակի Ատրպէյճանի ներքին կացութեան վրայ, եւ դիմէ միջոցառումներու, որպէսզի սանձուի կողոպուտ-փտածութիւնը, կոռուպցիան, corruptionը, դիմելով զանազան բնոյթի ճնշումներու, ինչ որ կ’ընէ այլ պարագաներու, երբ իր շահերը խնդրոյ առարկայ են:

Ճիշդ է Մեծամօրի հիւլէակայանը ռմբակոծելու սպառնալիքին դէմ զանազան ձեւերով հակազդել, բողոքել, ցոյցեր կազմակերպել:

Միթէ՞ երբեմն ալ օգտակար պիտի չըլլար, ոչ թէ թշնամական, այլ լուսաբանական ցոյցեր կազմակերպել թիրախ ունենալով համանախագահները, որպէսզի վերջապէս կատուն կատու կոչեն:

Ժան-Փօլ Սարթրի հետեւութեամբ պէտք է կրկնել, որ քաղաքագէտին, դիւանագէտին, միջազգային պատասխանատուութիւն ստանձնած անձին պաշտօնն է կատուն կատու կոչել: Եթէ բառերը հիւանդ են, մեր պարտականութիւնն է զանոնք բուժել: Փոխարէն, շատեր կ’ապրին այդ հիւանդութեամբ եւ կ’երարաձգեն հիւանդութիւնը, պատճառ դառնալով փտախտի, պատերազմի, աւերածութեան…

Միթէ՞ այս չէ եղած պատմութեան մեծ ողբերգութիւններու ծնունդ տուող պատճառականութիւնը:

Դասական ըմբռնում է, որ քաղաքականութիւնը մտածումները թաքցնելու արուեստ է: Բայց այսօր, երբ մեծեր եւ պզտիկներ կը հակակշռեն աւերման հզօրութիւններ, կարելի չէ օրօրել եւ օրօրուիլ սոփեստութիւններով (sophismes):

Պատասխանատու դերի կոչուածներ, պէտք է իրապէս ստանձնեն իրենց քաղաքական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը, ժողովուրդներու եւ պատմութեան առջեւ, այսօ՛ր:

Վաղը միշտ ուշ է:

Ի՞նչ իմաստ պիտի ունենան անվերջանալի թեր եւ դէմ փաստարկները, այս մէկը կամ այն միւսը դատապարտելու կամ չքմեղացնելու համար, երբ գործուած կ’ըլլան չարիքները, գործուած կ’ըլլայ մարդկութեան դէմ չարիքը, ոճիրը:

yerakouyn.com/2020/07/31/երբ-դիւանագիտական-ճապկումները-կը-շշջ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail