«Հայրենիք»-ի խմբագրական – Հայ-Թաթարական Սփիւռքեան Բախումներ – Հայ-Թաթարական Սփիւռքեան Բախումներ
31 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
«Հայրենիք»-ի խմբագրական
Հայոց պատմութեան արիւնաթաթախ էջերուն մէջ, բազմիցս արձանագրուած են հայ-թաթարական (այժմ` ազերիական) ճակատումները. զանոնք կարելի է բնութագրել, ըստ օրուան տուեալ պայմաններուն, իբրեւ ընդհարում, բախում, կռիւ եւ մինչեւ իսկ պատերազմ:
Հայ-թաթարական անցեալի մեծ ու յիշատակելի բախումները տեղի ունեցած են երկու փուլով, առաջինը` 1905-1906 տարեշրջանին, իսկ երկրորդը` 1918-1920 տարիներուն, այսինքն Հայաստանի Ա. հանրապետութեան օրերուն: Նշելի է, թէ հայ-թաթարական այս իմաստով բնութագրեալ հակամարտութենէն դուրս կը ձգենք երրորդ ճակատումը, որ ծայր տուաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, սկսելով 1988-ի Սումկայիթի եւ 1990-ի Պաքուի փոկրոմներէն, ու տարածուեցաւ յաջորդող տարիներուն վրայ, մինչեւ Արցախի ազատագրութեան թուականները: Անկախ այն իրողութենէն, որ այս փուլը տակաւին կը շարունակէ մեծ ու փոքր նոր օղակներ աւելցնել շղթային վրայ, եւ որ ճակատումներուն սկզբնաւորութենէն ետք աւելի քան երեսուն տարի անցած է, սակայն Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ այլ աւաններու հայորդիին համար անմոռանալի են ազերիական «կրատ»-ներու սարսափազդու սուլոցներն ու պատճառած աւերումը:
Թող ո՛չ ոք տարօրինակ նկատէ, եթէ հայ-թաթարական բախումներու ծիրին մէջ արձանագրենք նաեւ վերջին օրերու՝ ազերի-թուրք խմբակցութիւններուն կատարած խուլիկանութիւնները սփիւռքահայ զանազան գաղթօճախներու տարածքին մէջ: Իսկապէս, ներկայ պայմանները տարբեր վիճակներ ստեղծած են եւ յատկապէս գործի լծած՝ թուրք եւ ազերի քարոզչական մեքենան:
Չմոռնանք… Դեռ հազիւ ամիս մը առաջ էր, երբ սուլթանամէտ Էրտողանը գործի լծեց միայն ու միայն այս գործով զբաղելու կոչուած մասնագիտական խմբակ մը, որ բնականաբար ձեռք-ձեռքի տալով Ատրպէյճանի գործընկերներուն հետ, արդէն իսկ իջած է «մէյտան»:
Եւրոպայի զանազան քաղաքներու՝ Լոնտոնի, Փարիզի, Սթրազպուրկի, Ամսթերտամի, Պերլինի, Փրակայի եւ դեռ Պոլսոյ մէջ, բացայայտ է, նորաստեղծ եւ արդի պայմաններու մէջ կատարուող՝ հայ -թաթարական բախումներու շարքը, ուր գրեթէ ամէն տեղ ազերիական դրօշին կողքին, ներկայութիւն է նաեւ թրքական դրօշը, ընդդէմ հայկականին: Աւելի՛աղաղակողը՝ մշտական ներկայութիւնն է համաթուրանականութեան խորհրդանիշ՝«գորշ գայլեր»-ու նշանակին: Նոյն բեմադրութիւնը կրկնուեցաւ Ատլանտեանի այս կողմը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու զանազան հայօճախներու մէջ, սկսելով «փոքր Հայաստան» Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ, Պոսթըն, Նիւ Եորք եւ Ուաշինկթըն:
Բնականաբար, կարելի չէ իրարու համեմատել աւելի քան հարիւր տարի առաջ արձանագրուած յիշեալ ճակատումները՝ կովկասեան բարձրաւանդակէն հազարաւոր մղոններ հեռու, այսօր տեղի ունեցող ցոյցերուն ու հակացոյցերուն հետ. ազերի-թուրք ցուցարարներու խուլիկանութիւնը միայն մէկ նշոյլն է դարաւոր ճակատումին:
Անցեալ դարասկիզբին, Երեւանի, Զանգեզուրի, Վրաստանի, Արցախի եւ Նախիջեւանի զանազան շրջաններու մէջ, կենաց-մահու կռիւ կը մղէին Նիկոլ Դուման, Համազասպ, Քեռի, Արմէն Գարօ եւ հազարաւոր ֆետայիներ ու մարտիկներ:
Պատմութիւնը զարմանալիօրէն ինքզինք կը կրկնէ: Աւելի քան հարիւր տարի առաջ, թաթարները, այսինքն ազերիները, շարունակ օգնութիւն կ՛ակնկալէին սուլթանական ու «երիտ-թրքական» Թուրքիայէն եւ անհամբերութեամբ կը սպասէին, որ ան գործի լծէր իր հակահայ քարոզչական եւ ոճրային-քաղաքական փորձառութիւնը, առանց զլանալու զինու աջակցութիւնը: Այսօ՛ր ալ, դար մը ետք, Էրտողանի համաթուրանական մեքենան, կարելի բոլոր միջոցներով՝ քարոզչութեամբ, միացեալ ռազմափորձերով եւ քաղաքական-դիւանագիտական «սարդոստայն»-ով, թիկունք կը կանգնի Ալիեւի Պաքուին:
Յստակ է, թէ ազերի-թուրք ցուցարարը ըստ էութեան վարձկան է եւ կը վարձատրուի նիւթապէս, գումարներ կը ստանայ պաստառ բարձրացնելու, ցոյցի ուղղուելու եւ գաղտնաբար հայկական դպրոց-կեդրոններ մուտք գործելով՝ անճոռնի եւ անվայել «կրաֆիթի»-ներ արձանագրելու համար, մինչդեռ անդին, հայորդին, իր օրավարձքէն իսկ զրկուելու գնով, կը կատարէ իր պարտականութիւնը՝ պաշտպանելու համար իր ազգային թէ պետական կառոյցները, պատրաստ է նաեւ Հայաստանի ու Արցախի սահմանային գօտին փութալու՝ թիկունք կանգնելու համար մեր քաջարի բանակին:
Կասկած պէտք չէ ունենանք, որ Սփիւռքի տարածքին, հայ-թաթարական այս մանր բախումներն ալ, Տաւուշէն եւ Արցախէն մղոններ հեռու, պիտի աւարտին ազերիներու անփառունակ պարտութեամբ:
yerakouyn.com/2020/07/31/հայ-թաթարական-սփիւռքեան-բախումներ-հ/