ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Կանգուն ազգային պետականութիւնն է միակ իմունիտետը բոլոր տեսակի քաղաքական ու բարոյական «կարմրուկների» ու «ջրծաղիկների» դէմ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Կանգուն ազգային պետականութիւնն է միակ իմունիտետը բոլոր տեսակի քաղաքական ու բարոյական «կարմրուկների» ու «ջրծաղիկների» դէմ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Կանգուն ազգային պետականութիւնն է միակ իմունիտետը բոլոր տեսակի քաղաքական ու բարոյական «կարմրուկների» ու «ջրծաղիկների» դէմ։

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Կանգուն ազգային պետականութիւնն է
միակ իմունիտետը բոլոր տեսակի քաղաքական ու բարոյական «կարմրուկների» ու «ջրծաղիկների» դէմ»։

27 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հայրենի հողին պաշտպանութիւնն ու ամբողջացումը, մեր ժողովուրդի ազատութեան ու բարօրութեան արմատաւորումը եւ հայոց պետականութեան լիիրաւ հզօրացումը ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ դաւանող ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻԻՆ։

Բարի լոյս՝ հայոց ՓՈՔՐ ԱԾՈՒԻՆ նկատմամբ թշնամաբար կողմնորոշուած երկու հարեւաններու ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԱՔՑԱՆԻՆ դէմ Հայաստանի եւ Հայութեան ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ազգային-քաղաքական ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ, որուն ԿՈՉՆ ու ԱՀԱԶԱՆԳԸ համացանցով կը հնչեցնէ փրոֆ․ ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ Տաւուշի դէմ գործուած ատրպէյճանական զօրքի նախայարձակումը ետ շպրտած հայկական բանակի ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾԻՆ լոյսին տակ։

facebook.com/vladimir.harutyunyan.3/posts/3360204184031676

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ոչ միայն վերջին մէկուկէս դարու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑի դառն ու դաժան կենսափորձով, այլեւ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՄԱՔԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒՆ գնով սորված են, այլեւ ՄԷԿԱՆԳԱՄԸՆԴՄԻՇՏ ՓԱՐԱԾ ԵՆ արդէն ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ վերածուած ԱՅԲՈՒԲԵՆին՝ ՄԻՇՏ ԿԱԶՄ ՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԹՇՆԱՄԻՆ։

Բարի լոյս՝ Հայաստանի դէմ համաթրքական նախայարձակումը իբրեւ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՎՏԱՆԳ տեսնող եւ անոր դէմ ՀԱՅՈՑ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐԸ ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾ ՊԱՀԵԼՈՒ հրամայականը շեշտող հայ քաղաքական մտքի յառաջամարտիկներուն, որոնք ո՛չ յաղթանակներով կը գինովնան, ոչ ալ պարտութիւններով կը բարոյալքուին, որովհետեւ գիտեն, թէ հայ ժողովուրդին գլխուն եկած ՕՐՀԱՍՆԵՐը «կարմրուկ»ի կամ «ջրծաղիկ»ի նման անգամ մը պատահող եւ այլեւս․․․ չնորոգուող փորձանքներ չեն, ընդհակառակն՝ ԿԵՆԱՑ-ՄԱՀՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՆ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔը միշտ սանձելու եւ, ի հարկին, ետ շպրտելու ԸՆԴՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ՝ աշխարհասփիւռ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺին բոլոր ճակատներու վրայ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾՈՒՄԻՆ։

– Կանգուն ազգային պետականութիւնն է միակ իմունիտետը բոլոր տեսակի քաղաքական ու բարոյական «կարմրուկների» ու «ջրծաղիկների» դէմ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail