ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆ Է՝ Առաջքը առնել ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԼԻՆ եւ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ միջեւ վերստին ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒ, ՃԶՄՈՒԵԼՈՒ ՕՐՀԱՍին

Հայաստանի ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆ Է՝ Առաջքը առնել ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԼԻՆ եւ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ միջեւ վերստին ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒ, ՃԶՄՈՒԵԼՈՒ ՕՐՀԱՍին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆ Է՝ Առաջքը առնել ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԼԻՆ եւ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ միջեւ վերստին ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒ, ՃԶՄՈՒԵԼՈՒ ՕՐՀԱՍին

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Հայաստանի ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆ Է՝
Առաջքը առնել ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԼԻՆ եւ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ միջեւ վերստին ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒ, ՃԶՄՈՒԵԼՈՒ ՕՐՀԱՍին։

28 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան դաժան դասերէն առաջնորդուելով ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթող Հայ Քաղաքական Մտքի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ դրօշակիրներուն, որոնք կոչուած են ամենայն ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ ոգի ի բռին Հայ Ազատագրական Շարժման ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԵՐԹԸ պահելու ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ իր ՓՐԿԱՐԱՐ ՀՈՒՆին մէջ՝ դիմագրաւելու եւ վնասազերծելու համար ԹՈՒՐՔԵՒՌՈՒՍ ՀԱԿԱՀԱՅ «ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ» որոգայթներու տակաւին յածող ՈՒՐՈՒԱԿԱՆը։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի 28 Յուլիս 2014ի օրատետրէն ՖԵՏԱՅԱԿԱՆ «ՈՐՍԿԱՆ» ԽՈՒՄԲի արշաւանքին ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՎԱԽՃԱՆին վրայ հակող, թուրքեւռուս սահմանապահ զօրքերու ձեռամբ անարգօրէն սպանդի ենթարկուած Հայ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԳԱՄը ներշնչման աղբիւրի վերածած մերօրեայ ՀԱՅ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Հայաստանի ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆ Է՝ Առաջքը առնել ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԼԻՆ եւ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ միջեւ վերստին ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒ, ՃԶՄՈՒԵԼՈՒ ՕՐՀԱՍին

Բարի լոյս՝ որոշապէս եւ առաջնահերթաբար Հայկական Բանակի ՔԱՋԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք արդէն պատրաստ են, ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ գնով, թոյլ չտալու կրկնութիւնը ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔԻՆ՝

– Հայաստանի ազատ ու անկախ պետականութեան ՀԻՄՔին սպառնացող ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԼԻՆ եւ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ միջեւ ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒ, ՃԶՄՈՒԵԼՈՒ վտանգին։

Բարի լոյս՝ 1988էն ի վեր Արցախի ազատագրումին համար պայքարող եւ Հայաստանի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ եւ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄը պետականօրէն ամրապնդող եւ արմատաւորող Հայ Քաղաքական Մտքի բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր ԱՐԹՈՒՆ ԿԸ ՀՍԿԵՆ, որպէսզի ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՑՆՈՐՔԻ ՑԵՂԱՊԱՇՏՆԵՐը չկարենան ՀԱԿԱՌՈՒՍԱԿԱՆ ԽՐԱՄԻ ՄԷՋ ՀՐԵԼ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԱՑՆԵԼ հայոց ԱԶԱՏԱՄԱՐՏի ազգային-քաղաքական ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ թուրքեւռուսական հակահայ «մեղսակցութեան» դառն բաժակը քանիցս ցմրուր ճաշակած Հայ Քաղաքական Մտքի ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք ինչպէս 2016ի Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմի օրերուն, նոյնպէս եւ անցեալ Յուլիս 12ի ՏԱՒՈՒՇԵԱՆ սահմանային ռազմական առճակատման ժամանակ՝ ամէն կողմէ ԱՀԱԶԱՆԳ հնչեցուցին, որպէսզի Հայաստանը կարենայ մէկ կողմէ սեփական ուժերով ետ մղել նախայարձակ թշնամին, իսկ միւս կողմէ կանխել ու ձախողութեան մատնել Ռուսաստանը դարպասելու եւ սիրաշահելու ԱԼԻԵՒ-ԷՐՏՈՂԱՆ քաղաքական-դիւանագիտական տենդոտ «սիրաբանութիւններ»ը․․․

Բարի լոյս՝ Հայաստանի ժողովուրդին եւ պետութեան, հայոց բանակին եւ հասարակական ներուժին ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔը ռազմավարականօրէն բիւրեղացնող վարչապետ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆի կառավարական ՈՒՂԵԳԻԾԻՆ՝ ի պատասխան Ռուսաստանի անունով Հայաստանին սպառնացող եւ ռուսներուն իրենց «ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը առաջարկող ամէն կարգի հայանուն ցեցերուն․-

«Ռուսաստանում պէտք է հասկանան՝ Հայաստանում իրենց դաշնակիցը Փաշինեանը չէ, Տէր-Պետրոսեանը չէ, Սարգսեանը չէ, Քոչարեանը չէ, այլ՝ հա՛յ ժողովուրդն է․ սա շատ կարեւոր նրբութիւն է: Շատ գործիչներ երկար տարիներ դիրքաւորւում էին որպէս միանձնեայ դաշնակից Ռ․Դ․ի հետ: Բայց դաշնակիցը Հայաստա՛նն է եւ հա՛յ ժողովուրդը, ոչ թէ կոնկրետ դէմքեր, ընտանիքներ, գործարարներ, ոչ թէ կոնկրետ քաղաքական գործիչներ եւ ոչ նրա համար, որ ինչ-որ մէկը շատ կամ քիչ է սիրում Ռուսաստանը, այլ որովհետեւ մենք ունենք ընդհանուր ռազմավարական շահեր՝ անկախ Փաշինեանից, Տէր-Պետրոսեանից, Պօղոսեանից, Իվանովից եւ Սիդրովից:

Ի՞նչ անել, որպէսզի դաշնակցային յարաբերութիւններում չլինեն նման հարցեր. ուղղակի Հայաստանի դէպքում պէտք է հաշուի նստել Ռուսաստանի եւ ռուս ժողովրդի զգացմունքների եւ ձգտումների հետ, ռուսներն էլ պէտք է հաշուի նստեն հայ ժողովրդի զգացմունքների եւ ձգտումների հետ»:

Տես՝ //www.aravot.am/2020/07/28/1126308/

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail