ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 28 Յուլիս 1904. Ապստամբ Սասունին օգնութեան փութացող «Որսկան» Խումբին սպանդը՝ ռուսեւթուրք սահմանապահներու մեղսակից հարուածներուն տակ

28 Յուլիս 1904. Ապստամբ Սասունին օգնութեան փութացող «Որսկան» Խումբին սպանդը՝ ռուսեւթուրք սահմանապահներու մեղսակից հարուածներուն տակ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 28 Յուլիս 1904. Ապստամբ Սասունին օգնութեան փութացող «Որսկան» Խումբին սպանդը՝ ռուսեւթուրք սահմանապահներու մեղսակից հարուածներուն տակ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

28 Յուլիս 1904.
Ապստամբ Սասունին օգնութեան փութացող
«Որսկան» Խումբին սպանդը՝
ռուսեւթուրք սահմանապահներու մեղսակից հարուածներուն տակ

28 ՅՈՒԼԻՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

29 Յուլիս (հին տոմարով Յուլիս 16ին) 1904ին, Թաւրիզի վրայով Թիֆլիսէն Ժընեւ ուղարկուած հեռագիր մը Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին կը տեղեկացնէր.

«Հայ յեղափոխականների երկու խումբ, բաղկացած 61 հոգուց, որոնց թւում եւ մի հասակաւոր քահանայ, մի բժիշկ, վիրաբոյժ, Մոսկուայի համալսարանի երկու ուսանող եւ բաւականաչափ ուրիշ ինտելիգենտ անձինք, Յուլիս 15/28ի գիշերը կռուի են բռնւում՝ Զարդանիս գիւղի աւերակների մօտ, Էրզրումի վիլայէթում, թուրք սահմանապահ զինուորների եւ քրդերի հետ։ Հայդուկները՝ բաժանուած երկու խմբի, մի վիրաւոր տալով եւ բազմաթիւ զոհեր առնելով թշնամուց՝ կռւում են մինչեւ կէսօր։

«Այդ ժամանակ Օլթիի շրջանի ռուսական սահմանագլխից՝ կոզակներ, պլաստուններ եւ սահմանապահ զինուորներ, թուով աւելի քան 300 հոգի, հրամանատար Բեկովի եւ մի քանի օֆիցէրների առաջնորդութեամբ, մտնում են թիւրքաց հողը, շրջապատում հայկական խումբը եւ տեղում խիստ կրակ։

«Հայերը՝ չնայելով իրենց յաջող դիրքերին, ոչ մի գնդակ չեն արձակում ռուսների վրայ եւ շարունակում են կռիւը թիւրքերի հետ։ Քիչ անցած ուղարկում են մի պատգամաւոր ռուսների մօտ եւ բացատրելով իրենց կռուի նպատակը՝ խնդրում են դադարեցնել հրացանաձգութիւնը։ Պատգամաւորը կալանաւորւում է։

Ուղարկւում է երկրորդը։ Նրա հետ՝ միեւնոյն վարմունքը։
«Ապա քահանան՝ մի ձեռքին խաչ, միւսում սպիտակ դրօշակ, դիմում է դէպի ռուս զօրքերը, բայց դեռ տեղ չհասած՝ ստորաբար գնդակահար է լինում ռուսներից։

«Ի վերջոյ ինքը խմբապետը իր ընկերներով սպիտակ դրօշակը պարզած, իբրեւ վերջին փորձ, շարժւում է դէպի ռուսները, բայց սրանք նրան էլ գնդակահար են անում ընկերների հետ։

«Մնացածները ստիպուած են լինում փախուստ տալ։

«Ռուսաց կոզակները անպատմելի անգթութիւններ են կատարում։

«Մանրամասները՝ նամակով»։

*
* *

Ահա այսպէ՛ս արձանագրուեցաւ, 116 տարիներ առաջ, Յուլիս 1904ի այս օրերուն, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին արիւնալի պատմութեան ամէնէն դառն ու դաժան, այլեւ ողբերգական դասերով ծանրացած էջերէն մէկը։

Ռուս-թրքական սահմանին վրայ, Կարսի մերձակայ Օլթիի շրջանին մէջ, Թիֆլիսէն եւ Երեւանէն հաւաքուած ու Սասունի օգնութեան փութացող հայ յեղափոխականներու 61 հոգինոց «Որսկան» Արշաւախումբը երկու կրակի մէջ յայտնուեցաւ։

Մէկ կողմէ թուրք սահմանապահներն ու անոնց զօրակցող քիւրտերը, իսկ միւս կողմէ ռուս սահմանապահ ուժերը «գործակցութեան» ձեռք երկարեցին իրարու եւ անխնայ կոտորածի ենթարկեցին հայոց քաջերը։

Առաջին անգամը չէր, որ սահմանը հատող դաշնակցական ֆետայիները թրքական եւ քրտական յարձակումի կ՚ենթարկուէին։ Բայց առաջին անգամն էր, որ ռուս սահմանապահները այդ աստիճան մոլուցքով եւ դաւադրական ոգիով կռնակէն կը դաշունահարէին բացառապէս թրքական բռնատիրութեան դէմ զէնք բարձրացուցած հայ յեղափոխականները։

Եւ որքա՜ն իրաւացի է Ռուբէն Տէր-Մինասեան՝ երբ հետագային պատգամեց հայոց սերունդներուն․-

«Այս դէպքը նշանակալից է այնքանով, որ ռուս եւ թուրք զօրքերը միասին կռուեցին հայ ֆետայիներու դէմ, ցոյց տալով, թէ երկու կառավարութիւններն ալ թշնամաբար կը վերաբերուէին հայ ազատագրական շարժման»:

*
* *

Ընդհանրապէս 19րդ դարավերջին ծաւալած հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման համար ծանրակշիռ, այլեւ մահացու հարուածներու ժամանակաշրջան մը եղաւ 1904ի ամառը։

Մայիսի վերջերուն Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը օրհասական դրութեան մէջ էր։ Ֆետայիներու ղեկավար դէմքերէն Հրայր-Դժոխք եւ Վահան զոհուած էին։ Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Սեբաստացի Մուրատ, Սեպուհ եւ Սասնոյ լեռներու անպարտելի միւս բոլոր հերոսները, աւելի քան 20 հազար տեղահան դարձած մեր ժողովուրդին գլուխն անցած, նահանջի դիմած էին թրքական եւ քրտական անհամեմատօրէն գերակշիռ զօրքերու յարձակման ու ճնշման տակ։

Իջած էին Մշոյ դաշտ, ուր եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսական միջամտութիւնները համեմատաբար աւելի ազդու էին եւ որոշ չափով կը սանձէին Համիտի ջարդարար ախորժակները՝ փրկելով տեղահան անզէն հայութիւնը ստոյգ բնաջնջման վտանգէն։

Իսկ ֆետայական ուժերն ու անոնց միացած բազմահարիւր հայ զինեալ երիտասարդները կը շարունակէին կռիւը՝ հայոց յեղափոխական ուժը ի սպառ ջլատելու ելած թրքական զօրքերու եւ քրտական հրոսակախումբերու դէմ։

Որսկան խումբի վիճակուած եղերական վախճանը եկաւ հաստատելու, թէ Սասնոյ դէմ Համիտի նախաձեռնած ընդհանուր յարձակողականը որոշապէս քաջալերուած էր ցարական իշխանութեանց հայահալած քաղաքականութեան սաստկացումէն, որուն բարձրակէտը եղաւ 1903ին հրապարակուած հայոց եկեղեցապատկան կալուածները բռնագրաւելու ցարական հրամանագիրը։

Այն ապահովութեամբ՝ որ ցարական իշխանութիւնը այս անգամ պիտի չուզէ խոչընդոտել հայոց յեղափոխական ողնաշարը փշրելու իր քայլերը, Համիտ շուրջ 20 հազար զօրք եւ քրտական հրոսակներ արձակեց Սասնոյ քաջարի հայորդիներուն եւ ֆետայիներուն վրայ։

Միաժամանակ՝ Համիտ շարժման մէջ դրաւ Վասպուրական աշխարհի տարածքին իր ուժերը, որպէսզի նաեւ կարենայ կանխել Վանի Դաշնակցութեան մարտական ուժին օգնութիւնը պաշարուած Սասունին։

Ահա՛ այս խորապատկերին վրայ՝ «Որսկան» խումբին ողբերգութիւնը, իր ամբողջական տարողութեամբ, տեսանելի եւ հասկնալի կը դառնայ։

28 Յուլիս 1904. Ապստամբ Սասունին օգնութեան փութացող «Որսկան» Խումբին սպանդը՝ ռուսեւթուրք սահմանապահներու մեղսակից հարուածներուն տակ

*
* *

«Որսկան» Արշաւախումբին կազմութիւնը փաստօրէն կ՚արտայայտէր ամբողջ կովկասահայութիւնը համակած յեղափոխական վճռականութեան ալեկոծումը։

Հայոց ազատագրական շարժման միջնաբերդ Սասունը վտանգուած էր եւ անհրաժեշտ էր փութալ դէպի պաշարուած հայոց արծուեբոյնը։

Հայ երիտասարդութիւնը ոտքի ելած էր՝ Անդրանիկին օգնութեան հասնելու…

Արշաւախումբին նախաձեռնողները վստահ էին, որ 61 մարտիկներով պիտի կարենային յաղթահարել սահմանը անցնելու ճամբուն թրքական եւ քրտական խոչընդոտները, որովհետեւ 1903ի վերջերուն, «Որսկան» խումբի երկու ղեկավարներէն Թորգոմը (Թուման Թումեանց) յաջողած էր, իր «Մրրիկ» խումբով, կտրել միեւնոյն ճամբան եւ առանց կորուստի՝ կռիւ մղելով հասնիլ Սասուն, ընդհանուր խանդավառութեան ու ինքնավստահութեան ալիք բարձրացնելով հաւասարապէս թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ ֆետայիներուն մօտ։

«Որսկան»ի հայդուկները ոչ միայն լաւապէս զինուած էին, այլեւ՝ իրենց հետ Սասուն կը տանէին մեծաքանակ փամփուշտ։ Արշաւախումբը բաժնուած էր երկու մեծ խումբի։ Առաջինին հրամանատարն էր Թորգոմ, իսկ երկրորդինը՝ Որսորդ (Գէորգ)։ Երկուքն ալ երիտասարդ, զինուորական պատրաստութեան տէր եւ ֆետայական կռուի մէջ փորձառու մարտիկներ էին։

Արշաւախումբին մաս կը կազմէին նաեւ երկու բժիշկ ու Տէր Ղազար յիսնամեայ քահանան։

Փաստօրէն արշաւախումբը ամբողջապէս պատրաստ էր դիմագրաւելու սահմանին թրքական կողմը իրեն սպասող դժուարութեանց եւ վտանգներուն։

Նախատեսած չէր, սակայն, ռուսական դաւադրութեան եւ մեղսակցութեան գործօնը։

Եւ ճիշդ կռնակէն ստացուած այդ հարուածն էր, որ աւելիով ծանրակշիռ դարձուց «Որսկան»ի հերոսական ֆետայիներուն վիճակուած ողբերգութիւնը։

Թէ՛ Միքայէլ Վարանդեան, թէ՛ Սիմոն Վրացեան եւ թէ Արամ, «Որսկան» Արշաւախումբի ողբերգութեան անդրադարձող իրենց վկայութեանց եւ յուշերուն մէջ, առանձին շեշտով եւ մանրամասնութեամբ կը նկարագրեն ռուս սահմանապահ ուժերու հրանատարին՝ Բեկովի հրահանգով կոզակներու գործած կատաղի յարձակումը հայ ֆետայիներուն վրայ։

Թուրք եւ քիւրտ զօրքին դէմ խիզախօրէն կռուող հայ յեղափոխականները անակնկալօրէն կրակի տակ ինկան նաեւ իրենց թիկունքէն։ Ռուս զօրքին վրայ կրակելու վարանեցան՝ յուսալով եւ սպասելով, որ ռուս սահմանապահ հրամանատարը կ՚անդրադառնայ իր սխալին ու կը դադրեցնէ թուրքերու եւ քիւրտերու դէմ կռուող հայ մարտիկները այդպէս դաւադրաբար կռնակէն դաշունահարելու մեղսակցութիւնը։

Պատահեցաւ ճիշդ հակառակը։ Որքան ֆետայիները իրենց կռիւը կեդրոնացուցին թուրքերուն ուղղութեամբ, այնքան «համարձակ» դարձան ռուս սահմանապահները։

Թորգոմ երեք անգամ բանագնաց, վերջինը՝ Տէր Ղազարը ուղարկեց ռուս հրամանատար Բեկովին, որպէսզի ռուս զօրքին նկատմամբ հայ յեղափոխականներուն ունեցած համակրանքը փոխանցէ եւ ռուսներու չէզոքութիւնը ապահովէ թրքական զօրքի հետ բռնկած կռուի ընթացքին։

Բայց ոչ միայն բանագնացները կալանաւորուեցան (Տէր Ղազար ճերմակ դրօշն ու խաչը ձեռքին ուղղակի սպաննուեցաւ), այլեւ մինչեւ ուշ երեկոյ տեւած կռիւներէն արդէն ուժասպառ դարձած հայ մարտիկները, երբ Թորգոմի առաջնորդութեամբ ճերմակ դրօշ բարձրացնելով սկսան յառաջանալ դէպի ռուս սահմանապահները, Բեկով հրահանգեց անխնայ կրակել անձնատուութեան դրօշ բարձրացուցած հայ մարտիկներուն վրայ։

Այդպէ՛ս, ռուս կոզակներու կրակին տակ զոհուեցան Թորգոմ եւ իր 10-12 ընկերները, որոնք չուզեցին հաւատալ, թէ ռուսը մեղսակից էր թուրքին…

Արշաւախումբին մէջ գտնուեցան նաեւ մարտիկներ, որոնք կռիւ մղելով՝ կրցան ճեղքել թուրք-ռուսական պաշարումը եւ փրկուիլ։
«Որսկան» Արշաւախումբի մնացեալ ֆետայիները, որոնք շարունակեցին թուրքերու դէմ կռիւը, անգութօրէն կոտորուեցան, երբ երեկոյեան ժամը 7ին ռուսեւթուրք զօրքերը միացեալ գրոհով յարձակեցան հայոց դիրքերուն վրայ։

Աւելի՛ն. Բեկով եւ իր զինուորները բարբարոսաբար պղծեցին զէն ի ձեռին ինկած հայ ֆետայիներու դիակները…

*
* *

Հարուածը շատ ծանր էր։

Ցնցուեցաւ ողջ հայութիւնը։

Ամէն կողմէ բարձրացան «վրէ՜ժ» պահանջող ձայներ։

Եւ Հ.Յ.Դ. Կարսի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով, քանի մը շաբաթ ետք, 1904ի Օգոստոս 31ին, Օլթիի մէջ Բեկով իր արդար պատիժը ստացաւ եւ ահաբեկուեցաւ՝ դաշնակցական ահաբեկիչ Համօ Ջամփոլատեանի արձակած ատրճանակի երեք փամփուշտներով։

Անշուշտ մեծ էր ռուս հրամանատարին՝ Բեկովի անձնական պատասխանատուութեան բաժինը, բայց շատ աւելի ծանրակշիռ էր եւ հեռահար հետեւանքներ ունեցաւ Ցարական Ռուսաստանի շրջադարձը դէպի հակահայ քաղաքականութիւն, որ 1909ին յանգեցաւ Դաշնակցութեան «մաքրագործման» փորձին՝ արեւելահայ մտաւորականութեան եւ ազգային-քաղաքական գործիչներու սերուցքը ռուսական բանտերը նետելով…

Իսկ աւելի ահաւորը այն է, որ «Որսկան» Խումբի սպանդին միացեալ ուժերով ձեռնարկած ռուսեւթուրք սահմանապահ զօրքերու «գործակցութիւն»ը նախադէպ ստեղծեց 1920 թուականի Լենին-Քեմալ միացեալ գրոհին համար, որ երկու կրակի մէջ առնելով Հայոց Հաւաքական Ուժը՝ կործանեց Հայաստանի անկախութիւնը։

Մինչեւ մեր օրերը կը թեւածէ ՌուսեւԹուրք հակահայ Մեղսակցութեան ուրուականը եւ հայ քաղաքական միտքը իր մեծագոյն անտեսումներէն մէկը կը գործէ, երբ մտահան կ՚ընէ 1904ի Յուլիսին պաշարուած Սասունին օգնութեան փութացող «Որսկան» Խումբին դէմ սպանդով սկսած եւ, հետագային, պետական քաղաքականութեան վերածուած ԹուրքեւՌուս «Գործակցութեան» արիւնալի դասերը։

28 Յուլիս 1904. Ապստամբ Սասունին օգնութեան փութացող «Որսկան» Խումբին սպանդը՝ ռուսեւթուրք սահմանապահներու մեղսակից հարուածներուն տակ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail