ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնամիի կողմէ զինադադարի իւրաքանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան

«նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնամիի կողմէ զինադադարի իւրաքանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնամիի կողմէ զինադադարի իւրաքանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան՝

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնամիի կողմէ զինադադարի իւրաքանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան՝ ընթացքին բարելաւելով
սահմանի վրայ Հայկական դիրքերը:

29 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական-կուսակցական ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ այն վարակիչ հոսանքին, որ այս օրերուն ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ գօտեպնդող ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ոգեւորած է հայ քաղաքական մտքի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ հատուածները՝ ի Հայաստան, բայց յատկապէս ի սփիւռս ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅՈՑ ՔԱՋԱՐԻ ԲԱՆԱԿին շնորհիւ Հայաստանի ՊԵՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ կողմէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու Յուլիս 12ի ԱՆԱՐԳ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄին տրուած ՀԱՏՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԻՆ, որու զգետնիչ ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ ՈՒԺԳՆՈՒԹԵՆԷՆ դեռ չէ կրցած ՍԹԱՓԻԼ համաթրքութեան հակահայ ցնորքով կուրացած ԱԼԻԵՒԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱՆ հաւասարապէս ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ նկատող եւ Հայաստանի դէմ նիւթուած ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՒը մերկացնող հայ մամուլի դրօշակիրներուն, որոնց շարքին Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան Շրջանի հնչակեան պաշտօնաթերթը՝ «ՄԱՍԻՍ» շաբաթաթերթը, 22 Յուլիս 2020ի իր համարով, ամենայն խորութեամբ եւ ուժգնութեամբ խտացուցած է ՁԱՅՆը աշխարհասփիւռ հայութեան ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՍՈՒՄին։

Հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնամիի կողմէ զինադադարի իւրաքանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան՝

*
* *

Ո՞ւր Եւ Ինչպէ՞ս Սխալեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահը

«ՄԱՍԻՍ», 07/22/2020

Վերջին օրերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին կը տիրէ յարաբերական հանդարտութիւն, որ կը յաջորդէ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած ռազմական բաւական բուռն գործողութիւններուն, որոնց ընթացքին Հայկական բանակը յաջողեցաւ պատժիչ գործողութիւններ իրականացնել հակառակորդին դէմ՝ հասցնելով անոր մարդկային, դիրքային եւ մեծ թիւով զինատեսակներու կորուստներ:

Վերջին օրերուն ամէնէն աւելի բարձրացած հարցերէն մէկը այն է, թէ ինչո՞ւ այս պահուն, եւ ինչո՞ւ Հայաստանի հետ սահմանին, այլ ոչ թէ Արցախեան ճակատին ուղղութեամբ եղաւ Պաքուի այս վերջին արկածախնդրութիւնը, որուն համար ան վճարեց բաւական սուղ գին:

Քննարկուող բացատրութիւններէն մէկը այն է, որ Ատրպէյճանի նախագահը կրնար եւ ազդուած ըլլալ Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններով եւ յատկապէս ընդդիմադրութեան կողմէ տարածուած լուրերով:

Ամիսներ շարունակ նախկին իշխանութիւններուն յարող լրատուամիջոցները տժգոյն գոյներով կը ներկայացնեն Հայաստանի ներքին իրավիճակը: Անոնց քարոզիչները միաբերան կը կրկնեն, թէ՝ երկիրը քայքայման եզրին է, սովը պատած է ժողովուրդի մեծ մասին, ապազգային իշխանութիւնները պատրաստ են յանձնելու Ղարաբաղը, համավարակը անվերահսկելի է, Փաշինեանի վարկանիշը իջած է 10 տոկոսի, եւ ամէնէն գլուխ գործոցը՝ նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանի այն խօսքը, թէ՝ «Եթէ Ալիեւի տեղը ըլլայի, հիմա Հայաստանի վրայ յարձակելու լաւագոյն պահն է»:

Այս բոլորը լսելով՝ հաւանաբար Ալիեւի մօտ եւս յառաջացած էր այն համոզմունքը, որ իսկապէս պահը եկած է ստուգելու Հայաստանի հակազդեցութեան աստիճանը:

Կար ժամանակ, երբ Ազերի բանակի նախայարձակ գործողութիւններուն Հայկական կողմը կը պատասխանէր ինքնապաշտպանական քայլերով: Սակայն, հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնամիի կողմէ զինադադարի իւրաքանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան՝ ընթացքին բարելաւելով սահմանի վրայ Հայկական դիրքերը:

Այս օրերուն տեղեկութիւններ կը շրջին, որ Հայկական զօրքերը մէկ լեռնաշղթայ առաջ շարժած են եւ իրենց տեսադաշտին յայտնուած են տափաստան շրջաններ, ուրկէ կ՚անցնին նաեւ ատրպէյճանական կարեւոր ենթակառուցուածքներ, որոնց շարքին՝ Պաքուի-Թիֆլիս-Ճէյհան կազի խողովակաշարը:

Այս մասին լուռ են Հայաստանի պաշտօնական աղբիւրները, հաւանաբար միջազգային կառոյցներուն կողմէ քննադատութեան չարժանանալու համար:

Միւս կողմէ՝ Ատրպէյճան եւս չ՚ուզեր հաստատել իր դիրքային կորուստները, աւելի չբարոյազրկելու համար իր ներքին հանրային կարծիքը:

Կասկածէ վեր է, որ այս օրերուն Ալիեւ կը գտնուի խարխափումի մէջ եւ մեղաւորներ կը փնտռէ նաեւ իր սահմաններէն ներս: Ան մերթ կը մեղադրէ իր երկրի դիւանագէտները, մերթ՝ իր իսկ ժողովուրդը, որ կը մերժէ զինուորագրուիլ սահման փութալու համար: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ ստեղծուած կացութեան գլխաւոր մեղաւորը կը մնայ անձնապէս ի՛նք՝ շարունակելով յենիլ պատերազմի միջոցաւ հարցեր լուծելու սպառնալիքներուն վրայ եւ, այդպիսով, զիջումներ ակնկալելով Հայկական կողմէն:

Տաւուշի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները եւ անոնց արդիւնքները յստակ բանաձեւելով՝ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց.- «Հայաստանի Զինուած Ուժերը ցոյց տուեցին բացառիկ բարձր մակարդակի մարտունակութիւն՝ ոչ միայն ապահովելով Հայաստանի սահմանների անձեռնմխելիութիւնը, այլեւ ջախջախելով մէկուկէս տասնամեակ Ատրպէյճանի գործող նախագահի կողմից կառուցուած միֆը՝ ատրպէյճանական բանակի մարտունակութեան մասին»:

Իր հասցէին ուղղուած այս վիրաւորանքներուն Ալիեւ չունի պատասխան եւ ստիպուած է որոշ ժամանակ լռութիւն պահելու, մինչեւ որ մոռացութեան մատնէ իր հերթական պարտութիւնը:
Մինչ այդ, Հայութեան կը մնայ պատրաստուիլ յաջորդ ռաունտին, որուն համար անհրաժեշտ է բոլորին համախմբումը՝ հայրենի իշխանութեան եւ ազգային բանակին շուրջ:

Իսկ ընդդիմադիրներէն կ՚ակնկալուի ըլլալ կառուցողական՝ հեռու մնալով, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, հակառակորդին աշխուժանալու առիթներ տալու փորձութենէն:

Տես՝ ://massispost.com/

*
* *

Բարի լոյս՝ հայ մամուլն ու լրատուամիջոցները ընդհանրապէս իրենց ԿՈՉՈՒՄԻՆ ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՆ վրայ պահելու ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որպէսզի հայ հանրային կարծիքը ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՒ առումով՝ մամլոյ սպասարկուները ըլլան ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ, հետամուտ մնան ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը ԻՐԱԶԵԿԵԼՈՒ իրենց ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ եւ գերին չդառնան գաղափարական կամ կուսակցական իրենց ՆԱԽԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐը եւ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐը ամէն գնով՝ սուտով ու կեղծիքով անգամ տարածելու ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ «Կայսրին բաժինը Կայսեր, իսկ Աստուծոյ բաժինը Աստուծոյ» վերապահելու բազմադարեան ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ, որպէսզի Ազգի ու Հայրենիքի ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՊԱՀԵՐՈՒՆ բոլորով ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԲՌՆՑՔՈՒԻՆՔ՝ ընդհանուր թշնամիին ԱՐԺԱՆԻ ՀԱՐՈՒԱԾ հասցնելու համար, իսկ Հայաստանի ու Հայութեան ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔը կերտելու ներքին ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԺԱՄԱՆԱԿ՝ բարոյական իրաւունքը ունենանք ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ, այլեւ Ճիշդին ՃԻ՛ՇԴ, իսկ Սխալին ՍԽԱ՛Լ ըսելու ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ։

– Հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնամիի կողմէ զինադադարի իւրաքանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail