ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Համօ Օհանջանեան (1873-1947) Դաշնակցական ՂԵԿԱՎԱՐը՝ որ ապրեցաւ այնպէս, ինչպէս քարոզեց
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Համօ Օհանջանեան (1873-1947).
Դաշնակցական ՂԵԿԱՎԱՐը՝ որ ապրեցաւ այնպէս,
ինչպէս քարոզեց
31 ՅՈՒԼԻՍ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Յուլիս 31ի այս օրը, 73 տարի առաջ, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, 76 տարեկանին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, առյաւէտ փակուեցան աչքերը բժիշկ Համօ Օհանջանեանի։
Հայ ժողովուրդը կորսնցուց միասնական իր յարգանքին եւ համաժողովրդային պաշտամունքին արժանացած մեծ առաքեալ մը, որուն շիրիմին վրայ գրուեցաւ՝ «Ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց»։
Հայրենի հողէն հեռու, տարագիր ու պանդուխտ, աչքը յառած Մասեաց խորհուրդին, այս աշխարհէն հեռացաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտիչներէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ վարչապետը։
Դաշնակցականի փառքով եւ համազգային երախտագիտութեամբ ցուրտ հողին յանձնուեցաւ հայ յեղափոխական շարժման Ճակատաբաց Ասպետը, որ ճշմարտապէս մարմնաւորեց ու շնչաւորեց՝ Խրիմեան Հայրիկի բառերով օրհներգուած՝ «Հայկական Նոր Ասպետութիւն»ը։
Ինչպէս իր կենդանութեան, նոյնպէս եւ մահուան առիթով, մեր ժողովուրդը Համօ Օհանջանեանին արժանացուց համազգային տարողութեամբ եւ միասնութեամբ գնահատանքի ու մեծարանքի։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Համօ Օհանջանեան ամբողջ հայութեան կը պատկանէր։
Իր անձին օրինակով, գաղափարական համոզումներով եւ բարոյական սկզբունքներով՝ Համօ Օհանջանեան եղաւ Դաշնակցական ա՛յն Գործիչը, որ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն արժանաւորապէս բարձր պահեց արիւնոտ դրօշը հայ ժողովուրդի պայքարին՝ յանուն Ազատութեան, Արդարութեան եւ Իրաւունքի նուաճումին։
*
* *
Հայկական Ջաւախքի արժանաւոր զաւակն է Համազասպ Օհանջանեան:
Ծնած է 1873ի Փետրուար 1ին, Ախալքալաք, Խասպաղջայի հանդիպակաց «Օհանջանովենց» թաղը, բազմանդամ ընտանիքի մը յարկին տակ։
Կարնոյ եւ Բարձր Հայքի հայաշունչ դրոշմը, որ ընդհանրապէս տիրական էր 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի Ջաւախքի հայօճախներուն մէջ, յատկապէս զգալի էր Օհանջանեաններու մօտ։
Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, որ Համօ Օհանջանեանի բանաւոր յուշերու պատառիկներէն մէկուն համաձայն՝
«Խրիմեան Հայրիկի Ախալքալաք այցելութեան ժամանակ, Համոյի մեծ մայրը, ընտանիքին 70 անդամները իր շուրջ հաւաքած, կը դիմաւորէ Հայրիկը։ Խրիմեան Հայրիկի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը կառավարէ այդքա՜ն բազմութիւն, մեծ մայրը կը պատասխանէ.
«- Զանոնք հաւասարապէս սիրելով»։
«Ահա՛ պապենական այն մթնոլորտը, ուր շնչեց եւ մեծցաւ Համոն»։
Թէեւ մանկութեան, ծննդավայրի հայկական դպրոցին մէջ, Համօ ընդհանրապէս անհանդարտ եւ դասերուն նկատմամբ անտարբեր աշակերտ մը եղած է, որուն դպրոցի տնօրէնը արժանի չէ գտած ուսումնառութեան եւ յանձնարարած է արհեստի հետեւիլ…
Այսուհանդերձ՝ երբ ծնողքը Համոյին ուղարկած է Թիֆլիս, ռուսական գիշերօթիկ վարժարան, պատանիի վարքուբարքին մէջ հիմնական փոփոխութիւն առաջացած է։ Ան դասարանի բարձրագոյն նիշերով աւարտած է գիմնազիոնի ուսման շրջանը՝ արժանանալով ոսկեայ մետալի եւ բարձրագոյն ուսումը Մոսկուայի մէջ շարունակելու պարգեւի։
*
* *
Մոսկուան իր հերթին, աշխարհայեացքի առումով, լրիւ հոգեփոխութեան առիթ մը կ՚ըլլայ Համօ Օհանջանեանի համար։
Ան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ ուսանողական շրջանակներու յեղափոխական խմորումներուն՝ միաժամանակ կանոնաւորաբար հետեւելով Մոսկուայի Բժշկութեան համալսարանի դասընթացքներուն։
Սերտ յարաբերութիւններ եւ մտերմութիւններ կը հաստատէ ռուս թէ հայ յեղափոխականներու հետ, որոնք Համոյէն ստացած իրենց ջերմ տպաւորութիւնները մինչեւ վերջ կը պահպանեն։
Ուսանողական ըմբոստացումներուն իր գործօն մասնակցութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ Համօ հեռացուի ոչ միայն համալսարանէն, այլեւ՝ Մոսկուայէն։
Կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր 1897ին իրեն կը միանայ ուսանողական տարիներու իր ընկերուհին՝ ռուս յեղափոխական Օլկա Վաւիլեւնան. կ՚ամուսնանան եւ կ՚ունենան երեք զաւակ՝ 2 մանչ (Մոնիկ եւ Արիկ) եւ դուստր մը (Գալիա)։
1899ին, ուսումը շարունակելու նպատակով, Համօ Օհանջանեան կ՚երթայ Լօզան, Զուիցերիա։ Երեք տարի կը հետեւի բժշկութեան մասնագիտացման՝ միաժամանակ բոլոր ուժերով նուիրուելով ուսանողական շրջանակներու մէջ յեղափոխական քարոզչութեան եւ ցուցական գործունէութեան։
Թիֆլիսէն արդէն ծանօթացած էր Քրիստափորի հետ եւ իրենց միջեւ ստեղծուած գաղափարական կապն ու մտերմութիւնը աւելիով կը խորանան, Լօզանի մէջ Համօ Օհանջանեանի ծաւալած աշխոյժ գործունէութեան ընթացքին։
Քրիստափոր մեծ համարում ունէր բժշկութեան ուսանողին գաղափարական ուղղամտութեան, յեղափոխական բարոյականին եւ հանդարտաբարոյ խառնուածքին, բայց միաժամանակ անզիջող սկզբունքայնութեան նկատմամբ։ Այդ մտերմութիւնն ու գործակցութիւնը մեծապէս օգնեցին, որպէսզի Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ուղղակի մաս չկազմած Համօ Օհանջանեանը, 1902ին ուսումը աւարտելով եւ Թիֆլիս վերադառնալով, ամբողջութեամբ նուիրուի յեղափոխական գործունէութեան՝ հանրային եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով։
Իբրեւ այդպիսին, Համօ Օհանջանեան բախտորոշ դեր կատարեց 1900ականներու դաշնակցական երիտասարդութեան եւ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր սերունդին միջեւ գաղափարական ու կազմակերպական կամրջումը ամրապնդելու կենսական գործին մէջ։
*
* *
Որքա՜ն դիպուկ է Համօ Օհանջանեանի վերաբերեալ Սիմոն Վրացեանի այն բնութագրումը, թէ «Նա իր մէջ տարրեր ունէր ե՛ւ Քրիստափորից, ե՛ւ Զաւարեանից, ե՛ւ Ռոստոմից. ուրոյն անհատականութիւն էր – տիպար մտաւորական եւ տիպար դաշնակցական՝ օժտուած մտաւոր ու բարոյական բարձր առաքինութիւններով»։
Մարդկային յարաբերութեանց մէջ դիւրահաղորդ եւ բարեհամբոյր, անձնուիրման մէջ հետեւողական եւ լուռ, բոլորին հասնող եւ ամէնուն կողմէ վստահութեան արժանացող իր խառնուածքով՝ հազիւ երեսնամեայ բժիշկ Համօ Օհանջանեան դարձաւ Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս Կովկասի հայութեան ազգային-հասարակական եւ յեղափոխական կեանքի առաջատար ուժերէն մէկը։
– Հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման 1903ի ցարական որոշումին դէմ համաժողովրդային բողոքին եւ պայքարին դրօշակիրներէն եղաւ։
– Յանուն Երկրի զինման եւ ազատագրական պայքարի ուժեղացման Դաշնակցութեան ձեռնարկած «Փոթորիկ»ի դրամահաւաքին՝ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ Քրիստափորի կողքին։
– Յատկապէս Հ.Յ.Դ. գործունէութիւնը Կովկասի տարածքին եւս ծաւալելու 1905ի շրջադարձին մէջ, Հ.Յ.Դ. Կովկասեան Նախագիծը մշակելու եւ հաստատելու գաղափարական պայքարի ընթացքին, ուղղակի վճռորոշ եղաւ Համօ Օհանջանեանի դերակատարութիւնը։
– Հ.Յ.Դ. Երրորդ եւ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովներուն իր մասնակցութեամբ, նաեւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիրոյի իր անդամակցութեամբ, Համօ պատմական դեր կատարեց՝ Դաշնակցութիւնը փրկելով ներքին պառակտման որոգայթներէն, աննկուն հաստատակամութեամբ դիմագրաւելով եւ ձախողութեան դատապարտելով Դաշնակցութիւնն ու ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժումը աջի եւ ձախի, արեւմտահայու եւ արեւելահայու բաժնելու ցարական սադրանքները եւ անոնց ներ-յեղափոխական եւ ներ-դաշնակցական հետեւորդները։
Պատասխանատուութեան այդ դիրքէն Համօ Օհանջանեան աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց 1905ի համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին՝ թէ՛ ցարական կարգերը ժողովրդավարական արմատական բարեկարգման ենթարկելու պայքարին մասնակցելու, թէ՛ ցարիզմի հրահրած հայեւթաթարական ընդհարումները հակակշռելու առումներով։
Միեւնոյն շրջանին սկսաւ Համոյի գործակցութիւնը հայ յեղափոխական շարժման բոցաշունչ նուիրեալին՝ սուլթան Համիտի ահաբեկման ծրագրի կազմակերպման մէջ Քրիստափորի անմիջական գործակիցին ու հոգեզաւակին Ռուբինա Արէշեանի հետ, որ հետագային՝ Համոյի Սիպիր աքսորման շրջանին ու այնուհետեւ մինչեւ մահ, պիտի դառնար նաեւ Համոյի կեանքի ընկերն ու կողակիցը։
*
* *
Համօ Օհանջանեան արդէն դարձած էր աչքի փուշը ցարական իշխանութեանց, երբ 1908ին ցարիզմը իր տապարի հարուածը ուղղեց հայ յեղափոխականներուն, յատկապէս Դաշնակցութեան դէմ՝ աւելի քան երկու հարիւր հայ – դաշնակցական կամ ոչ՝ ինչպէս Յովհաննէս Թումանեան – ակնառու գործիչներ ձերբակալելով եւ Մետեխի բանտը նետելով։
Որոշապէս Համոյի նկատմամբ դաժան գտնուեցաւ ցարական իշխանութիւնը։ Մինչեւ 1912ի «Դաշնակցութեան Դատը», Համօ ահաւոր չարչարանքներու ենթարկուեցաւ մետեխի մէջ, որպէսզի խոստովանի Դաշնակցութեան «մեղքերը»։
Այդ չարչարանքներն ու անոնց դէմ անտեղիտալի դիմադրականութիւնը արդարօրէն Հայկական Յեղափոխութեան Ճակատաբաց Ասպետի դափնեպսակին արժանացուցին Համօ Օհանջանեանին։ Դատավարութեան ընթացքին իր ունեցած ելոյթներն ու հայոց յեղափոխական շարժման կուռ պաշտպանողականը մեծապէս բարձրացուցին Համոյի վարկն ու հեղինակութիւնը յաչս ոչ միայն ազատատենչ հայութեան, այլեւ արդարամիտ ռուսներուն։
Թէեւ Համօ դատապարտուեցաւ չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի՝ կալանավայրերու մէջ – Խարքով եւ, ապա, հեռաւոր Սիպիր -, թէեւ հիւծեցաւ ֆիզիքապէս, բայց ուր որ գտնուեցաւ՝ յեղափոխական իր շունչը տարածեց բոլորին վրայ, հաստատեց մտերմութիւններ եւ գործակցութիւններ, որոնք ապահովեցին իր անուղղակի մասնակցութիւնը հայ ազատագրական շարժման բուռն խմորումներուն։
Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումէն ետք, երբ ռուս-թրքական պատերազմը թափ առաւ, ցարական քաղաքականութիւնը շրջադարձ կատարեց եւ Հայ Կամաւորական Շարժում առաջացնելու նպատակով Դաշնակցութեան առջեւ ասպարէզ բացաւ։
Համօ Օհանջանեան ազատ արձակուեցաւ եւ սիպիրեան իր կալանավայրէն ուղղակի Թիֆլիս վերադարձաւ եւ, իբրեւ բժիշկ, իր պատասխանատու դերակատարութիւնը ստանձնեց ռազմաճակատներու վրայ Հայ Կամաւորական Գունդերու մղած կռիւներուն ընթացքին։
Յատկապէս հայ զինուորներու խնամատարութեան մէջ օրհնաբեր եղաւ Համոյի գործունէութիւնը։
Նոյնպէս կարեւոր մասնակցութիւն ունեցաւ Վանի մէջ, ուր թրքական լուծէն ժամանակաւորապէս ազատագրուած հայութեան կառավարիչ կարգուեցաւ Արամ Մանուկեան, իսկ Համօ դարձաւ անոր աջ բազուկը։
Իսկ Հայաստանի անկախացման հերոսամարտներու օրերուն, Համօ իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցաւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, որու ընթացքին զոհուեցաւ իր Մոնիկ որդին։
*
* *
Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք, Համօ Օհանջանեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ նորաստեղծ հանրապետութեան պետական կռուաններու ամրապնդումին։
1919ին անկախ երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, իր մեծ օժանդակութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին-դիւանագիտական կապերու ընդլայնումին եւ ամրապնդումին։ Եղաւ Հաշտութեան խորհրդաժողովներուն մասնակցող Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան փոխ-նախագահ։ Իսկ Մայիս 1920ին, երբ պոլշեւիկեան դաւադիր ըմբոստացումը տեղի ունեցաւ, գլխաւորեց Բիւրօ-կառավարութիւնը՝ անոր վարչապետութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնելով։
Համօ Օհանջանեանի յեղափոխական կենսագրութեան երկրորդ ծանրակշիռ պահը ներկայացաւ 1920ի Դեկտեմբերին, երբ նորահաստատ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը դէպի թիֆլիս ճամբուն վրայ ձերբակալեց Համօ Օհանջանեանին եւ Երեւանի մէջ բանտարկեց։
Կենսագիրներու վկայութեամբ՝ պէտք էր տեսնել 1921ի Փետրուար 18ին Երեւանի բանտը մտած եւ դաշնակցական ղեկավար գործիչները ազատագրած մեր ժողովուրդին խանդավառ ցոյցերը.
– Համօն իրենց ուսերուն բարձրացուցած՝ ժողովրդային բազմութիւնները թաղէ թաղ շրջեցան Երեւանը, բոլորին վստահեցնելու համար, որ աննկուն յեղափոխականը փրկուած էր Երեւանի բանտին մէջ անարգօրէն հայու արիւն թափող պոլշեւիկեան մոլուցքէն…
Արդարեւ, համառուսաստանեան յեղափոխական շարժման բովին մէջ թրծուած հաւատաւոր ընկերվարականը աչքի փուշ դարձած էր «սոցիալիզմ»է ճառող, բայց աշխատանքի ազատագրութեան սուրբ դատին մէջ միայն սեփական իշխանատենչութիւնը գոհացնելու ասպարէզ փնտռող նորելուկ պոլշեւիկներուն։
*
* *
1921ի Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան վախճանէն ետք Համօ Օհանջանեան իր հերթին Զանգեզուրի վրայով անցաւ Թաւրիզ, ուրկէ 1923ին գնաց Գահիրէ եւ հոն ապրեցաւ մինչեւ մահ։
1928ին Համօ Օհանջանեան հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան կազմութեան աշխատանքներուն։ Ընտրուեցաւ նորակազմ միութեան նախագահը եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ մահ՝ իր կեանքի վերջին քսանամեակին կարեւոր ներդրում ունենալով Ճեմարանի հիմնադրութեան եւ ուժեղացման աշխատանքներուն մէջ։
Տարագրութեան այդ ամբողջ շրջանին եւս Համօ Օհանջանեան մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Բիրոներուն, Դաշնակցութեան ներքին միութիւնն ու գաղափարական հետեւողականութիւնը պահպանող հիմնական ուժերէն մէկը մնալով։
Յուլիս 31ին կ՚ոգեկոչենք մահուան 73րդ տարելիցը գաղափարապաշտութեան, անձնազոհութեան եւ բարութեան խորհրդանիշ դարձած մեծ դաշնակցականին՝ Հայկական Յեղափոխութեան յառաջապահ ու դրօշակիր Համօ Օհանջանեանի, որուն նուիրուած յուշատետրի այս էջը եզրափակելու թող ծառայէ բժիշկ Երուանդ Խաթանասեանի արտասանած դամբանական խօսքին հետեւեալ վկայութիւնը՝ Համօ Օհանջանեանի մեծագոյն առաքինութիւններէն մէկը կազմող անսահման, այլեւ մարտունակ բարութեան մասին.-
«Նրա բարութիւնը ո՛չ բնազանցական սկզբունք էր, ո՛չ ճգնաւորի համակերպութիւն եւ ոչ ալ թուլամտութիւն ու անտարբեր մեղկութիւն, այլ շինիչ, կենարար եւ գիտակից մի ստեղծագործութիւն, որ անընդհատ պայքարում է՝ չարիքը խափանելով, եւ վսեմն է կերտում՝ հինը տապալելով։ Բարիքը՝ նրա համար հանրային կարծիքին տրուած տուրքը չէր, այլ սրտի ինքնաբուխ զեղում եւ իր մէջ հանրային անհատը լիացնող ներունակ պարտադրանք»։
Այդպէ՛ս, Համօ Օհանջանեան արժանաւորապէս մարմնաւորեց կերպարը Դաշնակցական վսեմ Ասպետականութեան, որ հետեւողականօրէն տէր կանգնեցաւ եւ զարկ տուաւ մարդկային ամէնէն ազնիւ գաղափարներուն եւ արժէքներուն։
Մարմնաւորեց այն Դաշնակցական Ղեկավարը, որ իր անձին օրինակով ներդաշնակեց հայ յեղափոխականի Գործն ու Խօսքը՝ ապրելով այնպէ՛ս, ինչպէս քարոզեց։
Մարդկային եւ հասարակական իր այդ վսեմ արժանիքներուն շնորհիւ, Համօ Օհանջանեան արժանացաւ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, մինչեւ իսկ գաղափարականօրէն հակադիր հոսանքներուն համընդհանուր, անկեղծ ու ջերմ յարգանքին՝ բարոյական հեղինակութեան վրայ խարսխուած ազգային-պետական ղեկավարի աւանդը մարմնաւորելով։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ