Հաֆթար. «Լիպիացիները Պիտի Չընդունին, Որ Թուրքերը Անգամ Մը Եւս Իրենց Երկիրը Բռնագրաւեն»

Հաֆթար. «Լիպիացիները Պիտի Չընդունին, Որ Թուրքերը Անգամ Մը Եւս Իրենց Երկիրը Բռնագրաւեն»

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ, ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար իր բանակի «Թարեք պըն Զայետ» զօրամասին Ատհայի տօնին առթիւ յղած պատգամին մէջ ըսաւ.«Ձեր ժողովուրդը ձեզ կը տեսնեն փրկիչը նախայարձակներէն, որոնք իսլամական կրօնը այս յիմարին (Էրտողանին- «Ա.») պէս աղաւաղեցին»: Ան նշեց, թէ Էրտողան Լիպիա եկած է «իր նախահայրերուն ժառանգը» փնտռելու:

«Մենք անոր կ՛ըսենք` նախահայրերուդ ժառանգը քեզի փամփուշտով կը հատուցենք», հաստատեց ան` նշելով, որ լիպիացիները պիտի չընդունին, որ թուրքերը անգամ մը եւս իրենց տիրեն ու իրենց երկիրը բռնագրաւեն: «Ոչ մէկ գթութիւն, որովհետեւ գթութեան արժանի չեն», նշեց Հաֆթար` Լիպիա գտնուող թրքական ուժերուն ակնարկելով:

Libyan commander Khalifa Haftar[
aztagdaily.com/archives/479457

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail