Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն Հրաժարելու «Բարձրագոյն Դրան» Մտածելակերպէն
03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ, ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի Լիպիոյ մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «վնասակար արարքներ»-ուն մասին խօսելէն եւ Ապու Տապին «հաշուետուութեան ենթարկելու» սպառնալէն ետք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շաբաթ օր Թուրքիոյ կոչ ուղղեցին` դադրեցնելու արաբական հարցերուն միջամտելէ եւ հրաժարելու «գաղութատիրութեան պատրանքներէն» ու «Բարձրագոյն դրան մտածելակերպէն»:
Աքար յայտնած էր.«Ապու Տապին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ վնասակար արարքներ գործեց»` սպառնալով «յարմար վայրի մէջ եւ ժամանակին զայն հաշուետուութեան ենթարկել»: «Պէտք է Ապու Տապիին հարց տալ, թէ ի՞նչ է այս թշնամութեան, այս վատ մտադրութեանց, այս նախանձին դրդապատճառը», հարց տուած էր ան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ «Թուիթըր»¬ի վրայ գրառում մը կատարելով պատասխանեց Աքարի յայտարարութեան` «Բարձր դրան մտածելակերպին ու հրամանագիրներուն տեղը պատմական արխիւն է, որովհետեւ յարաբերութիւնները սպառնալիքներով չեն կատարուիր, եւ գաղութատիրական պատրանքները հոն տեղ չունին»:
«Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին գրգռիչ յայտարարութիւնը անոր երկրին դիւանագիտութեան նոր սայթաքում մըն է», ըսաւ Քըրքաշ` նշելով.«Աւելի յարմար է, որ Թուրքիան դադրի արաբական հարցերուն միջամտելէ»:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր կարգին դատապարտեց Աքարի` Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հասցէին ուղղուած «թշնամական» յայտարարութիւնը` զայն նկատելով «մերժելի գրգռութիւն մը, որ կը հակասէ դիւանագիտական արժեչափերուն եւ մերժելի սպառնալիք մըն է` ուղղուած արաբական եղբայր պետութեան մը, որ կը յատկանշուի իր հարազատ ազգային կեցուածքներով եւ միջազգային ընտանիքին մէջ իր ազդու եւ շինիչ դերակատարութեամբ»:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն` նշելով, որ անոնց կողքին կը կանգնի ընդդէմ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն թրքական միջամտութիւններուն, որոնք կը հակասեն ՄԱԿ-ի ուխտին եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ուխտերուն սկզբունքներուն»:
«Թրքական միջամտութիւնները արաբական ազգային անվտանգութեան եւ շրջանային ապահովութեան ու խաղաղութեան սպառնալիք են», նշեց Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթ օր սպառնացած էր հաշուետուութեան ենթարկել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ անոնց կատարած «վնասակար արարքներուն համար»: Աքար Ապու Տապին ամբաստանեց «Անգարայի վնաս պատճառելու նպատակով Թուրքիոյ թշնամի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու» աջակցութեան մէջ:
Ան նաեւ Եգիպտոսին կոչ ուղղած էր` հեռու մնալու յայտարարութիւններէ, որոնք «Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան չեն նպաստեր»:
aztagdaily.com/archives/479456