Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Գործարկեցին Արաբական Աշխարհի Մէջ Առաջին Հիւլէական Կայանը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Գործարկեցին Արաբական Աշխարհի Մէջ Առաջին Հիւլէական Կայանը

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վարչապետ եւ Տուպայի կառավարիչ Մուհամետ պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթումը շաբաթ օր յայտարարեց արաբական աշխարհի մէջ առաջին հիւլէական կայանի` «Պարաքա»¬ի գործարկման մասին:

«Այսօր մենք հրապարակաւ կը յայտարարենք արաբական աշխարհի մէջ առաջին խաղաղ հիւլէական հնոցի գործարկման մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յաջողութեան մասին: Մասնագէտները յաջողած են բեռնել հիւլէական վառելանիւթը, իրականացնել համալիր փորձարկումներ եւ յաջողութեամբ աւարտել գործարկման գործողութիւնը», թուիթըրեան իր էջին վրայ գրած է Տուպայի կառավարիչը:

Ան նշած է, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը պատրաստուին «շահագործել չորս հիւլէական ելեկտրակայաններ, որոնք պիտի ապահովեն պետութեան ելեկտրական հոսանքի պահանջարկի քառորդ մասը»:

Տուպայի կառավարիչը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հիւլէական կայաններն ու տիեզերական հետազօտութիւնները կոչած է «աշխարհին ուղղուած հաղորդագրութիւն` առ այն, որ արաբները կրնան վերականգնել գիտութեան մէջ իրենց ճամբան եւ մրցիլ միւս մեծ ազգերուն հետ»:

«Պարաքա» հիւլէական կայանը բաղկացած պիտի ըլլայ 5,6 մեկաուաթ ընդհանուր հզօրութեամբ չորս ուժանիւթի պլոքներէ:

aztagdaily.com/archives/479455

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail