Թուրքիա ափսոսանք կը յայտնէ քրտական ուժերու եւ ամերիկեան կազմակերպութեան մը միջեւ կնքուած քարիւղի գործարքին համար

Turkish Ministry of Foreign Affairs

Թուրքիա ափսոսանք կը յայտնէ քրտական ուժերու եւ ամերիկեան կազմակերպութեան մը միջեւ կնքուած քարիւղի գործարքին համար

04 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – Թուրքիայ – Նորութիւններ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ ամերիկեան «Տելթա Քրեսընթ Էնըրճի» ընկերութեան միջեւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քարիւղի միացեալ արդիւնահանման եւ վերամշակման վերաբերեալ կնքուած համաձայնագիրին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Սուրիոյ բնական հարստութիւնները կը պատկանին սուրիացի ժողովուրդին: Մենք ափսոսանք կը յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին այս քայլին, որ կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքները, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը` յօգուտ ահաբեկչութեան: Ասիկա ոչ մէկ օրինական դրդապատճառներով կրնայ արդարացուիլ, ասիկա ամբողջովին անընդունելի է», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշած է. «Քրտական ուժերը նպատակ ունին սուրիացի ժողովուրդի հարստութիւնները օգտագործելու միջոցով անջատողական օրակարգ յառաջ մղել»:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

akunq.net/am/?p=72022

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail