Լիպիոյ Ազգային Բանակը Կը Զգուշացնէ Նաւերն Ու Օդանաւերը Առանց Իրեն Հետ Նախապէս Համակարգելու Լիպիոյ Մօտենալէ
04 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակը զգուշացուց նաւերն ու օդանաւերը առանց իրեն հետ նախապէս համակարգելու լիպիական ծովային եւ օդային տարածքներուն մօտենալէ:
Լիպիոյ ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Միսմարի շաբաթ օր յայտարարեց, որ պետութիւնները պէտք է իրենց բանակին հետ համակարգեն նախքան իրենց օդանաւերուն եւ նաւերուն Լիպիոյ շրջանային ջուրեր ու օդային տարածք մուտք գործելը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի օր յայտնած էր, թէ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ Լիպիոյ եւ այդտեղ ուժերու տեղակայման շուրջ նոր ժողով մը պիտի գումարուի:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայցեւ յայտնեց. «Մօտիկ ապագային Մոսկուայի մէջ պիտի գումարուի թուրք եւ ռուս դիւանագէտներու միջեւ նոր ժողով մը, որուն գլխաւոր նիւթերէն մէկը պիտի ըլլայ զինադադարի յայտարարման ժամանակ պատերազմող զինուորական ուժերու տեղակայման հարցը»:
aztagdaily.com/archives/479563