«Միջերկրական Ծովու Արեւելեան Հատուածին Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները Կը Խախտեն Մեր Գերիշխան Իրաւունքները Կ՛ըսէ Եգիպտոս
04 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ հորատման աշխատանքներու ծիրին մէջ ծրագրուած հետազօտութիւններուն:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ Թուրքիոյ այդ գործողութիւնները կը խախտեն Գահիրէի գերիշխան իրաւունքները: Այս մասին կը գրէ թրքական «Կազեթէ Քարընճա» օրաթերթը:
«Թուրքիան իր հետազօտութիւններով կ՛ոտնահարէ Եգիպտոսի բացառիկ տնտեսական գօտին եւ կը խախտէ Գահիրէի գերիշխան իրաւունքները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախորդ ամիս Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած մէկ այլ յայտարարութեան մէջ նշուած էր. «Թուրքիոյ նաւերը խախտած են Եգիպտոսի ջրային սահմանը»: Եգիպտական կողմը Թուրքիոյ քայլերը կը բնորոշէ իբրեւ «յարձակում»:
Հետազօտութիւնները կազի հետախուզման նախապատրաստական աշխատանքներէն մէկն են:
Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի պետութիւններուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները սրած են իր կողմէ այս երկիրներու ջրային տարածքներուն մէջ հորատման աշխատանքներուն սկսելէն ետք:
aztagdaily.com/archives/479554