ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969) Հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին տաղանդաւոր երգիչը

Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969) Հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին տաղանդաւոր երգիչը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969) Հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին տաղանդաւոր երգիչը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969).
Հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին տաղանդաւոր երգիչը

01 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Օգոստոս 1ի այս օրը կը նշենք ծնունդը մեծարժէք հայ արձակագիր ու բանաստեղծ Գուրգէն Մահարիի։

Քսաներորդ դարու հայ գրականութեան արժանաւոր դէմքերու փաղանգին մէջ իր ուրոյն պատուանդանը նուաճած գրողն է Մահարի։

Տաղանդաւոր երգիչն է հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին։ Բռնադատուած ձայնը խորհրդահայ առաջին սերունդին, որ ցնորական խանդավառութեամբ լորձնաշուրթն փառաբանեց «Այգաբաց»ը «Կարմիր Արեւ»ին՝ «Մուրճ ու Մանգաղ»ին, բայց որ դատապարտուեցաւ ցմրուր ճաշակելու դառն ու ահաւոր բաժակը նոյնինքն խորհրդային «Չարիքի Կայսրութեան» եւ, այսպէս կոչուած, «ստալինեան մաքրագործումներուն»…

Մահարի կրտսեր գործակիցը, գաղափարակիցը եւ հովանաւորեալ մտերիմն էր Չարենցի ու Բակունցի, որոնք իրենց կարգին եւ իրենց արեա՛մբ վճարեցին ծանրագոյն գինը իրենց գովերգած… խորհրդային «Այգաբաց»ին։

Մահարի ինք եւս հալածուեցաւ ու բռնադատուեցաւ, բայց Չեկայի բանտերուն մէջ ֆիզիքապէս չսպաննուեցաւ, այլ դատապարտուեցաւ ցմահ աքսորի…

Այդուհանդերձ՝ գոյատեւեց եւ վերադարձաւ Հայաստան ու հայ գրականութեան, որպէսզի կարենայ վկայել խորհրդային «դրախտ»ի էութեան՝ հոգեբարոյական արհաւիրքին մասին։

Ինչպէս որ հետագային Մահարի պիտի վկայէր Շահան Շահնուրի ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ, աւելի քան 17 տարի Սիպիրեան աքսորավայրերը «ճաշակած» Մահարիին համար գաղտնիք չէր, թէ ո՛վ էր այդ՝ մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկուն պատասխանատուն.- «… մեծ ոճրագործ, դահիճ եւ սինլքոր վրացի Ստալինի գործերն էին, կատարողները՝ նրա դրածոները, Հայաստանի մէջ հայը, Ռուսաստանի մէջ ռուսը, Բելառուսիոյ մէջ բելառուսը…» («Շ. Շահնուրին», 28 Յունիսի 1962 թ.):

*
* *

Մահարի հաւատացողն էր, որ «Ամէն մէկի կեանքում պէտք է մի փոքր անձրեւային եղանակ լինի, որպէսզի յետոյ լաւ փայլատակի արեւը»:

Մահարիի ամբողջ գրականութիւնը կիզակէտ ունեցաւ այդ հաւատքն ու սպասումը։ Բայց յատկապէս անձնական իր կեանքին ու իր պաշտած ժողովուրդին ու հայրենիքին չար բախտէն, Մահարի ապրեցաւ ու վայելեց միայն կարճատեւ արեւոտ եղանակ, որովհետեւ շարունակ անձրեւ ու մշուշ, արիւն եւ ցաւ «տեղաց» իր ճամբու ընթացքին…

Գուրգէն Գրիգորի Աճէմեան ծնած էր 1903 թուականի Օգոստոս 1ին, Վան՝ Արեւմտահայաստանի պորտը հանդիսացող քաղաքին մէջ:
Արեւմտահայու իր կազմաւորումը եւ մանկութեան ու պատանեկութեան իր յիշողութիւնները վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան Մահարիի հետագայ կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին համար։

Մահարի թէ՛ իր ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը, թէ՛ իր գեղարուեստական գրականութիւնը մշակեց վանեցիի իր իւրայատուկ կազմաւորումով։

Պատահականօրէն չէ, որ Մահարիի արձակին մնայուն նուաճումները եղան իր «Մանկութիւն» (1929) եւ «Պատանեկութիւն» (1930), «Երիտասարդութեան սեմին» (1955), «Ծաղկած փշալարեր» (1950ականներու վերջը) ու «Այրուող Այգեստաններ» (1966) գործերը, որոնց տիրական գիծը եղաւ մէկ կողմէ համով ու հոտով պատումն ու ստեղծագործական թարմ շունչը, իսկ միւս կողմէ՝ դառն եւ թունաւոր տպաւորութիւններն ու համոզումները Մահարիական բուռն յուզաշխարհին։

Թէեւ մինչեւ Առաջին Աշխարահամարտի բռնկումը, ինչպէս որ ինք կը վկայէ, Մահարի ապրեցաւ «քիչ թէ շատ անհոգ» մանկութիւն ու պատանեկութիւն, բայց այդ շրջանին իր ապրած թէ՛ անձնական, թէ՛ ազգային ողբերգական իրադարձութիւնները մինչեւ մահ ծանր մղձաւանջի մէջ պահեցին իր ողջ էութիւնը։

Մանաւանդ որ նախախորհրդային հայ իրականութեան ազգային-քաղաքական խմորումներուն՝ յատկապէս Դաշնակցութեան սերմանած ազատագրական եւ յեղափոխական արժէքներուն ու աւանդներուն հանդէպ անհաշտ հակադրութիւն մը շարունակ կրծեց Մահարիի գաղափարական էութիւնը․․․

(Համոզուած էր եւ միշտ հակադաշնակցական մաղձով կը պատմէր, թէ սեփական մօրեղբօր ձեռքով հօրը սպաննել տուած էին, Վանի մէջ, Արամ Մանուկեանն ու Իշխանը)…

Նոյն այդ էապէս հակակուսակցական մոլուցքով՝ Մահարի անհիմն ու «ինքնասպանական» պաշտամունք մը զարգացուց այսպէս կոչուած «խորհրդային դրախտ»ին նկատմամբ, որուն համար ծանրագոյն գին վճարեց՝ երկար տարիներ հայրենի հողէն ու հայ գրականութենէն զրկուած, հեռաւոր աքսորավայրերու մէջ ապրելով։

*
* *

Մահարի գրչանունով անմահացած Գուրգէն Աճէմեանի գաղափարական աշխարհին անյաղթահարելի վէրքը եղաւ ու մնաց ընտանեկան ողբերգութիւն մը, որ պատահեցաւ իր մանկութեան տարիներուն։

Արմենական կուսակցութեան պատկանող հայրը սպաննուեցաւ իր սեփական մօրեղբօր կողմէ, որ դաշնակցական էր։

Մահարի մինչեւ մահ չկրցաւ հաշտուիլ այդ ողբերգութեան հետ եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի անցած ուղին դիտեց ու արժեւորեց թունաւոր այդ հոգեվիճակով՝ միջ-կուսակցական վէճերով ու սուր հակադրութիւններով արատաւորել փորձելով հայ ազգային-ազատագրական պայքարին ու գաղափարական աւանդին անկորնչելի հարստութիւնը։

Եւ չափազանցութիւն պիտի չըլլայ այն ընդհանրացումը, որ Գուրգէն Մահարի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը եղաւ մինչեւ մեր օրերը հայրենաբնակ հայութեան որոշ շերտերուն մէջ «վերապրող» հակակուսակցական եւ յատկապէս հակադաշնակցական գաղափարական մաղձին։

*
* *

Կենսագիրները իրաւացիօրէն կը նշեն, որ Սիամանթոյով եւ Վարուժանով, Թէքէյեանով ու Մեծարենցով սնած ու գրականութեան փարած Մահարիի կեանքը հիմնովին գլխիվայր շրջուեցաւ, երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը։

Պատանիի զարհուրած աչքերով ան հետեւեցաւ ու սեփական մորթին վրայ զգաց ահաւորութիւնը թրքական հայատեացութեան, եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական կեղծիքին ու շահամոլութեան։

Տեսաւ մանաւանդ հերոսական խոյանքը սեփական ժողովուրդին, որ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրինակով՝ արեւուն տակ յաղթահասակ կանգնելու մեր ազգային արժանաւորութիւնը նուաճեց, բայց որովհետեւ քաղաքական իր ապագան կապած էր Ռուսաստանի հետ՝ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ բիւրաւոր գաղթականներով անցաւ Արեւելահայաստան։

Գուրգէն Աճէմեան մեծ գաղթի ժամանակ կորսնցուց մայրն ու հարազատները. իր սերնդակիցներու մեծ մասին պէս պատսպարուեցաւ որբանոցներու մէջ։

Տարիներ ետք Մահարի վերագտաւ իր մօրը եւ հարազատներուն։
Իր մանկութեան այնքան պաշտելի «տատիկ»ը արդէն մահացած էր գաղթի ճամբուն վրայ։

Թէեւ Թիֆլիս, Ալեքսանդրապոլ թէ Երեւան, որբանոցներու մէջ, նախնական կրթութեան ու կտոր մը հացի եւ պնակ մը կերակուրի հնարաւորութիւնը ունեցաւ, բայց որբի կեանքը շատ ծանր տարաւ Մահարի, ապրեցաւ խոր դառնութիւն եւ անսահման ցասում, որոնք երիտասարդութեան սեմին կանգնած հայ որբին մղեցին դէպի պոլշեւիկեան «արեւածագ»ին ինքնախաբ պաշտամունքը։

Որբանոցի տարիներուն Մահարի ծանօթացաւ Չարենցին եւ ուղղակի իբրեւ ուսուցիչի կապուեցաւ անոր հետ։ 1922ին լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ «Արտամետեան Գիշերներ» խորագրով։ Երկրորդ հատորը բանաստեղծութեանց՝ «Մրգահաս» խորագրով, լոյս տեսաւ 1932ին, «Ձօն՝ Եղիշէ Չարենցին» ներածութեամբ։ Աւելի ուշ, աքսորէ վերադարձին, լոյս տեսան Մահարիի բանաստեղծական միւս ժողովածուները՝ «Ծովի երգեր»ը, «Հնձաններ»ը, «Անդունդն ի վեր»ը, «Անանձնական»ն ու «Պոեմներ»ը:

Բանաստեղծական իր գործերուն մէջ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, մեծապէս զգալի են ոչ միայն արեւմտահայ գեղապաշտ սերունդին, այլեւ Տէրեանի ու Չարենցի ազդեցութիւնները։

Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969) Հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին տաղանդաւոր երգիչը

*
* *

Մահարիի գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-գաղափարական հետագայ ուղիի հունաւորման մէջ մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Ակսէլ Բակունցի։

Մահարի մեծ խանդավառութեամբ նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց իր «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» գործերը, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան եւ մեծ հռչակի արժանացուցին զինք:

Բակունցի ներշնչումով՝ Մահարի իւրովի վերանայման ենթարկեց հայ ժողովուրդի մօտաւոր անցեալին վերաբերեալ իր տեսակէտները եւ սկսաւ վերարժեւորել ազգային-ազատագրական պայքարին գաղափարական աւանդները՝ համապատասխան վերամշակման ենթարկելով իր ստեղծագործութիւնները։

Այդ հասունացումը բաւարար «հիմք» նկատուեցաւ խորհրդային իշխանութեանց համար, որպէսզի նաեւ Մահարիին ենթարկեն 1936ի համատարած հալածանքին ու բռնադատութեանց։ Թէեւ մահապատիժ չստացաւ, բայց մինչեւ Ստալինի մահը աքսորի դատապարտուեցաւ նաեւ Մահարի։ Աքսորի մէջ ալ ամուսնացաւ լիթվացի Անտոնինայի հետ։

1953ին վերադարձաւ Երեւան՝ հիւծած ու քայքայուած առողջութեամբ։ Թափով վերսկսաւ ստեղծագործական աշխատանքի։ 1950ականներու վերջերուն լոյս տեսաւ իր «Ծաղկած փշալարեր» վիպակը, որ աքսորի տարիներուն կը վերաբերի եւ իբրեւ «խորհրդային կուլակ»ի խորհրդանշած մարդկային ողբերգութեան ու գաղափարական արհաւիրքին նուիրուած ցնցիչ գրականութիւն՝ իր տեսակին մէջ միջազգային մեծ արժէք կը ներկայացնէ. այդ պատճառով ալ ոչ միայն շուտով թարգմանուեցաւ ռուսերէնի, այլեւ արժանացաւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութեանց։

Գուրգէն Մահարիի գրական ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն իր նամակները, որոնք երկար տարիներու վրայ գրուած են՝ քսաներորդ դարու մեր գրականութեան մեծարժէք դէմքերուն ուղղուսծ, եւ կը շօշափեն ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ ազգային մեր կեանքին հրատապ խնդիրները։

Գուրգէն Մահարի վախճանեցաւ Յունիս 17ին, 1969 թուին, Պալանգա (Լիթվա) եւ թաղուեցաւ Երեւան։

Ուշագրաւ է, որ Մահարի՝ այդքա՜ն բազմաչարչար կեանք ապրելով հանդերձ, խոր համոզումով տէր կանգնեցաւ իր կտրած ուղիին։

Ինչպէս որ իր ինքնակենսագրականի աւարտին կ՚ընդգծէ.
«… Եթէ այս րոպէին ներս մտնէր ահեղ եւ ամենակարող Եհովան, նստէր իմ դիմաց, մի ծխախոտ վառէր եւ ասէր.- Տալիս եմ քեզ երկրորդ կեանք, գծիր քո երկրորդ կեանքի ուղին օրօրոցից մինչեւ գերեզման, ինչպէս որ ցանկաս, եւ կը կատարուի քո կամքը… ինչպէ՞ս կ՚ուզէիր ապրել։ Ես նրան կը պատասխանէի, առանց վարանելու.- Ճիշտ այնպէս, ինչպէս ապրեցի»։

Միայն 66 տարի ապրած եւ մէկ կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախիլ եղած՝ գաղթ ու աքսոր ճաշակած մեծարժէք հայ գրողի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս սիւնակը կ՚արժէ փակել Մահարիի վերջին պատգամով, որ տեղ գտած է մեծարժէք գրողի այրիին 1972ին լոյս ընծայած «Իմ Ոդիսականը» գործին մէջ.

«Իր մահից քիչ առաջ Գուրգէնն ինձ ասաց.- «Յիշիր, Անտոնինա, իմ խօսքերը: Այս բռնութիւնը երկար չի տեւի, Խ.Ս.Հ.Մ.ը լի է բանտերով եւ ճամբարներով, այն դատապարտուած է կործանման:

Չարութեան կայսրութիւնը վերջապէս կը քանդուի: Իշխանութիւնը, որը պահւում է դաւաճանների միջոցով, գոյութեան իրաւունք չունի: Կը գայ նոր դարաշրջան, եւ հայը նորից կը դառնայ իր երկրի տէրը: Ճշմարտութիւնը կը յաղթի, եւ ինձ վերջապէս կը հասկանան, բայց, ցաւօք, ես արդէն չեմ լինի»:

*
* *

Մեծ գրողին ծնունդը շնորհաւորող ծաղկեփունջ թող ըլլայ հետագայ քաղուածքը Մահարիի բանաստեղծութենէն.

ԹԷ ՈՒՆԷԻ ԵՍ ՄԵՂՔԵՐ…

Թէ ունէի ես մեղքեր, քաւե՜լ եմ վաղուց,
Թէ անմեղ եմ հալածուել, մի՛ նայիր խոժոռ,
Չէի՜ վերջին երգիչը Պառնասեան թաղում,
Բայց անունս աղօտուեց օրերի փոշում…
Ա՜խ, քո կրակը մնաց սրտում իմ անմար
Երկի՛ր, ես քո երգերը պահեցի անգիր…
Լոկ դու եղար պատուանդան մարմար առ մարմար,
Եղար հզօր յենասիւն հանգի ու կեանքի…
Հիմա քեզ մօտ եմ նորից, ի՛մ երգ, ի՛մ գարուն,
Վերադարձե՜լ եմ առոյգ, թէպէտ եւ փոշոտ…
Թէ ունէի ես մեղքեր, քաւե՜լ եմ վաղուց,
Թէ անմեղ եմ հալածուել, մի՛ նայիր խոժոռ…

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Ծիծեռնակներն եկան աշխարհներից հեռու,
Ճամբաներով երկար, ճամբաներով անտես,
Ծիծեռնակներն եկան ճիչով եւ երգերով,
Իմ աշխարհում բացին երգի, գարնան հանդէս:

Եկան ծիձեռնակներն, թեւին տուին, իջան
Կտուրներին ծանօթ ու ծառերին,
Աւերել էր ոմանց բոյները հողմը չար,
Ոմանք էլ չգտան իրենց տները հին:

Ու թռչում են նրանք, կանչում տագնապահար,
Որոնում են յարմար նոր քիւեր ու սարքեր,
Ու կրում են սէզեր ու հիւսում են յամառ
Օթեւաններն իրենց անձեռակերտ:

Ու հնչում է նրանց երգը զուարթ, վառման,
Հիւսում են բոյները մամուռից ու երգից…
– Ծիծեռնակնե՛րն եկան, կարապետնե՛ր գարնան,
Հեռու աշխարհներից վերադարձան երկիր…

Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969) Հայ գրականութեան «խորհրդային մղձաւանջ»ին տաղանդաւոր երգիչը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail