ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանը մենք ենք ու Հայաստանը մերն է՝ անկախութեան սերնդինը։
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Հայաստանը մենք ենք ու Հայաստանը մերն է՝ անկախութեան սերնդինը»։
01 Օգոստոս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ ողջ Հայաշխարհի տարածքով ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հունաւորելու եւ հարթելու ԶՕՐԱՇԱԺԻՆ լծուած հայ քաղաքական մտքի ԲԱԶՄԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ յառաջապահներուն, որոնք Ազգի ու Հայրենիքի ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ երաշխիքն ու մղիչ ուժը կը նկատեն ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ Ի ԽՆԴԻՐ ԾԱՒԱԼՈՂ ՊԱՅՔԱՐՆԵՐը եւ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐը, եւ որոնք՝ ընդհակառակն, հայ ժողովուրդի ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐՈՒՆ եւ ԸՆԿՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ չարեաց աղբիւրը կը տեսնեն ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔը ներքնապէս կրծող եւ ջլատող ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԵՂԿՈՒԹԵԱՆ ու առաջնորդող ուժերու ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏ ԵՒ ՄԱԿԱԲՈՅԾ ԾԱՌԱՅԱՄՏՈՒԹԵԱՆ մէջ։
Բարի լոյս՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ եւ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ՈԳԻՈՎ հայ կեանքի ԹԱՒԱԼԳԼՈՐ ԱՆԿՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳը դիմագրաւելու ելած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք բոլոր ուժերով ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻՆ հաւասարապէս թէ՛ երէկուան ԳՈՂԱՊԵՏԱԿԱՆ ՑԵՑԵՐՈՒ շարունակուող ՀՈԳԵՎԱՐՔի աջ ու ահեակ հարուածող ՔԱՆԴԻՉ ԹԱՓԱՀԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ, թէ՛ Թաւշեայ Յեղափոխութեան ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ալիքին վրայ իշխանութեան ղեկին հասած որոշ նորելուկներու ձեռամբ անցեալի ԱՊԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ վերարծարծող բախտախնդիրներու դէմ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴի դրօշով հայ քաղաքական մտքի հրապարակը ամէն կարգի ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՏԱՐՐԵՐԷ ՄԱՔՐԵԼՈՒ գաղափարական պայքարին զինուորակոչուած ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որուն ՁԱՅՆը եւ ՈՒՂԻՆ արդէն սկսած են տեղ գտնել համացանցի վրայ՝ տարբեր մօտեցումներու եւ դիրքորոշումներու խմորումով թարմացնելով հայ քաղաքական մտքի բեմահարթակը։ Այդպիսի՛ն է քանի մը օր առաջ ԱՐՏԱԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆի գրառումը։ Ստորեւ՝ արտատպումը․
*
* *
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴ
www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=653103685552087&id=100025573847801
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ