ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի ՀԱՅԱՑՄԱՆ պատմակերտ նուաճումին անկորնչելի ԱՒԱՆԴը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի ՀԱՅԱՑՄԱՆ պատմակերտ նուաճումին անկորնչելի ԱՒԱՆԴը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի ՀԱՅԱՑՄԱՆ պատմակերտ նուաճումին անկորնչելի ԱՒԱՆԴը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Հայաստանի ՀԱՅԱՑՄԱՆ պատմակերտ
նուաճումին անկորնչելի ԱՒԱՆԴը

02 Օգոստոս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ 1920 թուականին Հայաստանը թուրք-թաթար եւ հայութեան նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած այլազգի տարրերէ ԱԶԱՏԱԳՐԱԾ, ՄԱՔՐԱԾ եւ ՀԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Հայ Քաղաքական Մտքի ՔԱՋԱՐԻ եւ ՀԵՌԱՏԵՍ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՅԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՈՐԾԻՆ իրենց ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՐԻՒՆԸ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ԶՈՀԱԲԵՐԱԾ հայոց Գաղափարի Մարտիկներուն, որոնց ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ կարգին՝ ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ, ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ, ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ եւ ԶՕՐԱՎԱՐ ՍԵՊՈՒՀի հետ, յաղթահասակ կանգնած է ՄՐՐԿԱԾԻՆ ԴՐՕ։

Բարի լոյս՝ հարիւր տարի առաջ ողջ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը ոգեւորած եւ ՍԵՓԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ հանդէպ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ գօտեպնդած Հայկական Բանակին, որ 2 Օգոստոս 1920ի այս օրը, Զօրավար Դրոյի գլխաւորութեամբ՝ յաղթական մուտք գործեց Զանգեզուրի ԱԶԱՏԱԳՐԵԱԼ մայրաքաղաքը՝ Գորիս։

Բարի լոյս՝ Հայ Ժողովուրդի ՀԻՄՆԱԿԱՆ եւ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒՆ մէջ իրենց ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՆՏՌՈՂ եւ, աւելի՛ն, Ազգն ու Հայրենիքը կենսաւորող ԱՐԺԷՔՆԵՐը անցողիկ նախասիրութիւններէ եւ փորձութիւններէ ՎԵՐ ՊԱՀՈՂ Հայոց Սերունդներուն, որոնց ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ վարար աղբիւրը ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԱՆՋՈՒԱԾ ՍԻՐՏՆ Է՝ Հայաստանի ու Հայութեան ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գաղափարական անփոխարինելի հնոցը։

Բարի լոյս՝ Հայաստանի ՀԱՅԱՑՄԱՆ հարիւրամեակին առիթով իր գինու բաժակը բարձրացնող ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒՆ։

*
* *

1920 թուականի այս օրը՝ 2 Օգոստոսը խորհրդանշական թուական մը եղաւ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի համար։

1920ի Յուլիսին, Ղարաբաղէն Երեւան վերադարձի իր ճամբուն վրայ, Զանգեզուրի տարածքին ապստամբութեան դրօշ պարզած թուրք-թաթար եւ պոլշեւիկ խռովարարներու միացեալ ուժերուն դէմ իր յատուկ զօրամասով հերոսական կռիւներ մղելէ եւ Հայաստանի հարաւը թշնամական որջերէն ազատագրելէ ետք, զօրավար Դրօ յաղթական մուտք գործեց Գորիս 2 Օգոստոս 1920ին։

Հայաստանի Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի ընթացքին ձեռք բերուած կարեւորագոյն նուաճումներու շարքին իր առանձնայատուկ արժէքն ու նշանակութիւնը ունեցաւ եւ միշտ պիտի ունենայ նորանկախ մեր երկրին հայացումը՝ Երեւանէն մինչեւ Նախիջեւան ու Զանգեզուր երկարող հարաւային շրջանները թուրք-թաթար խռովարար տարրերէն մաքրելու ռազմավարական ծրագրին յաջողութեամբ պսակումը։

Դեռ գրուած չէ սպառիչ պատմութիւնը Հայաստանի հայացման։

Առաւելաբար յուշագրական էջերու եւ պատմագրական յղումներու ճամբով մեզի հասած են տարրական տեղեկութիւններ Հայաստանի հայացման այդ ծրագրին՝ անոր մտայղացման հեղինակներուն, գործնապէս իրագործողներուն եւ գործադրութեան փուլերուն մասին։ Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած է Նիկոլ Աղբալեանի եւ Ռուբէն Տէր-Մինասեանի դերակատարութիւնը ծրագրի յղացման ու կազմակերպման մէջ։ Իսկ Հայաստանի հայացումը գործնապէս իրագործելու առումով՝ ընդգծուած է վճռորոշ դերակատարութիւնը զօրավարներ Սեպուհի, Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի։

Դրօ հիմնական ներդրում ունեցաւ հայոց ազգային բանակի կազմաւորման մէջ։ Դաշնակցական ահաբեկիչի իր կրակի մկրտութենէն մինչեւ Հայ Կամաւորական Շարժման զինուորական հրամանատարի իր դերակատարութիւնը, Դրօ անցաւ քաղաքական եւ ռազմական գործիչի կարեւոր ուղի։ Դրոյի զինուորական տաղանդին պսակումը եղաւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտը։ Պատահական չէր, հետեւաբար, որ Դրօ հանդիսացաւ գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը, նորակազմ հայկական բանակին։

*
* *

1919ին, երբ Ալեքսանտր Խատիսեանի կառավարութեան օրով ամբողջացաւ հայոց ազգային բանակին կազմութիւնը եւ օրէնսդրականօրէն հաստատուեցաւ անոր կառուցուածքը, մինչ այդ Երեւանի զօրամասի հրամանատարութիւնը ստանձնած Դրօ նշանակուեցաւ Հայկական Բանակի յատուկ զօրամասի հրամանատար։

Միաժամանակ` ան պահեց Խորհրդարանի պատգամաւորի իր հանգամանքը։

Այդ շրջանին քեմալական խլրտումները սաստկացած էին Հանրապետութեան հարաւը, սահմանային գօտիներուն մէջ։ Քեմալականներու եւ Ատրպէյճանի իշխանութեան ղեկին տիրացած մուսաւաթականնրու միջեւ ամրապնդուած գործակցութիւնը նոր փուլ թեւակոխած էր՝ քեմալականներու եւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններու հաստատումով եւ Քեմալ-Լենին մեծ դաւադրութեան քայլ առ քայլ ձեւաւորումով։

Ահա այդ պայմաններուն մէջ, 1919ի վերջերուն, Նժդեհին յանձնարարուեցաւ անցնիլ Կապան, իսկ 1920ի սկիզբը Դրօ իր յատուկ զօրամասով ղրկուեցաւ Զանգեզուր եւ Ղարաբաղ։
Ահա այդ ժամանակաշրջանին է, որ Դրօ իր զօրամասով վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ Հայաստանի հայացման, թէ՛ նորանկախ Հայաստանը ներքին թշնամիներու խռովութեանց եւ արտաքին ուժերու ներխուժման դէմ պաշտպանելու առումներով։

Յատկապէս մուսաւաթական նկրտումներուն դէմ ապստամբութեան դրօշ պարզած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու որոշումով զէնք բարձրացուցած Ղարաբաղի հայութեան օգնութեան հասնելու ճակատին վրայ, Դրօ բախտորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ։

Դրօ Ղարաբաղ կը գտնուէր Ապրիլ 1920ի վերջերուն, երբ ազերիները իրենց իշխանութեան ղեկը մուսաւաթականներէն առին ու յանձնեցին Կարմիր Բանակի համազգեստ հագած իրենց թրքամէտ գործիչներուն։ Ատրպէյճանի խորհրդային իշխանութիւնները նոր թափով եւ այս անգամ Կարմիր Բանակի 11րդ զօրաբաժնի զինակցութեամբ ձեռնարկեցին Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի ուղղութեամբ ընդհանուր յարձակողականի։

Այդ յարձակողականին նպաստելու նպատակով՝ նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, Կարսէն սկսելով եւ մինչեւ երկրի հիւսիսային դարպասը հասնելով, շարժման մէջ դրուեցան հայ եւ թաթար պոլշեւիկ գործիչները, որոնց մայիսեան խռովութիւնները ծառայեցին Հայաստանի վրայ քեմալական արշաւանքի շղթայազերծումին եւ կարմիր Ռուսաստանի ճնշումներու սաստկացումին։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի ՀԱՅԱՑՄԱՆ պատմակերտ նուաճումին անկորնչելի ԱՒԱՆԴը

*
* *

Օրհասական այդ օրերուն Դրօ դարձաւ Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի պահապան հրեշտակը։ Դրոյի զօրամասին օժանդակութեամբ, Ղարաբաղի հայութիւնը երեք ամիս շարունակ անհաւասար կռիւ մղեց թուրք-թաթար եւ կարմիր բանակայիններու միացեալ յարձակումներուն դէմ եւ յաղթականօրէն ետ մղեց զանոնք։

Բայց աշխարհաքաղաքական դասաւորումները այնպիսին էին, որ Ղարաբաղի հայութիւնը ի վերջոյ ընդունեց խորհրդային իշխանութիւնը, եւ Դրօ իր զօրամասով բռնեց Երեւան վերադարձի ճամբան։

1920ի Յուլիս ամսու սկիզբէն մինչեւ Օգոստոսի առաջին օրերը, Դրօ յաղթական կռիւներ մղեց եւ օգնութեան հասաւ Նժդեհի ուժերուն, որոնք կը դիմագրաւէին թուրք-թաթար եւ պոլշեւիկ խռովարարութիւնները։

Այդ յաղթական կռիւներու պսակումը եղաւ Դրոյի մուտքը Գորիս՝ ներքին թշնամիներէ ազատագրուած Զանգեզուրի մայրաքաղաքը, որ պոլշեւիկեան գրգռութեանց հետեւանքով թատերաբեմ դարձած էր եղբայրասպան արիւնահեղութեան։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի ՀԱՅԱՑՄԱՆ պատմակերտ նուաճումին անկորնչելի ԱՒԱՆԴը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail